Դեռ չամուսնացած՝ յղի
Գլուխ 4
Դեռ չամուսնացած՝ յղի
ՄԱՐԻԱՄ իր յղութեան երրորդ ամսուն մէջն է։ Կը յիշէք անշուշտ, որ ան իր յղութեան առաջին ամիսները Եղիսաբէթի քով անցուց, բայց հիմա Նազարէթ՝ իր տունը վերադարձած է։ Շուտով, իր վիճակը յայտնի պիտի ըլլայ իր ծննդավայրին մէջ։ Արդարեւ, ան շատ նեղացուցիչ կացութեան մը մատնուած է։
Պարագան աւելի վատթարացնողը այն է, թէ Մարիամ ատաղձագործ Յովսէփին հետ նշանուած է։ Ան գիտէ թէ ըստ Մովսիսական Օրէնքին, եթէ կին մը մարդու մը նշանուած ըլլայ եւ ուրիշի մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ՝ կը քարկոծուի։ Արդ, իր յղութիւնը ի՞նչպէս պիտի կարենայ բացատրել Յովսէփի։
Քանի որ Մարիամի երթալուն երեք ամիս եղած է, վստահօրէն Յովսէփ անհամբեր է զինք տեսնելու։ Երբ իրարու կը հանդիպին, հաւանաբար Մարիամ իրողութիւնը կը յայտնէ։ Ան իր կարելին կ’ընէ, բացատրելով որ իր յղութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիին միջոցաւ է։ Բայց կրնաք երեւակայել որ Յովսէփի համար շատ դժուար է հաւատալ ասոր։
Յովսէփ գիտէ թէ Մարիամ լաւ վարկ մը ունի եւ ակներեւաբար զինք շատ կը սիրէ։ Սակայն, հակառակ անոր բացատրութեան, Յովսէփի այնպէս կը թուի թէ ան ուրիշ մարդէ մը յղի մնացած է։ Հակառակ ասոր, Յովսէփ չ’ուզեր որ ան քարկոծուի կամ հանրապէս խայտառակուի։ Ուստի, կ’որոշէ գաղտուկ արձակել զինք։ Այդ օրերուն, նշանուած զոյգերը որպէս ամուսնացեալներ կը նկատուէին, հետեւաբար, նշանտուքին վերջ դնելու համար ամուսնալուծում կը պահանջուէր։
Հետագային, երբ Յովսէփ տակաւին այս խնդիրներուն շուրջ կը մտածէ, քունի կ’անցնի։ Եհովայի հրեշտակը անոր կ’երեւնայ երազի մը մէջ եւ կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։
Երբ Յովսէփ կ’արթննայ, ի՜նչ երախտապարտ կը զգայ։ Անյապաղ, հրեշտակին ցուցմունքին հետեւելով, Մարիամը իր տունը կը տանի։ Այս հանրային արարքը որպէս ամուսնական արարողութիւն կը ծառայէ, վկայելով որ Յովսէփ եւ Մարիամ պաշտօնապէս ամուսնացած են։ Սակայն Յովսէփ Մարիամի հետ սեռային յարաբերութիւն չ’ունենար, այնքան ատեն որ Մարիամ յղի է Յիսուսով։
Տեսէ՛ք, հոս Մարիամ բաւական ծանրացած է եւ սակայն Յովսէփ զինք իշուն վրայ կը նստեցնէ։ Ո՞ւր կ’երթան անոնք, եւ ինչո՞ւ այս ճամբորդութիւնը կ’ընեն երբ Մարիամի ծննդաբերութեան օրերը մօտեցած են։ Ղուկաս 1։39-41, 56. Մատթէոս 1։18-25. Բ. Օրինաց 22։23, 24
▪ Յովսէփ ի՞նչ կը մտածէ երբ կ’իմանայ թէ Մարիամ յղի է, եւ ինչո՞ւ։
▪ Յովսէփ ի՞նչպէս կրնայ արձակել Մարիամը, երբ տակաւին ամուսնացած չեն։
▪ Ո՞ր հանրային արարքը որպէս ամուսնական արարողութիւն կը ծառայէ Յովսէփի եւ Մարիամի համար։