Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութիւններ

Դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութիւններ

Գլուխ 10

Դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութիւններ

ԳԱՐՈՒՆ է, եւ ժամանակն է որ Յովսէփ իր ընտանիքով, բարեկամներով եւ ազգականներով իրենց տարեկան գարնանային այցելութիւնը կատարեն Երուսաղէմ՝ Պասեքը տօնելու։ Մինչ ճամբայ կ’իյնան, մօտաւորապէս 100 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունեցող ճամբորդութիւնը կատարելու, ըստ սովորութեան, ցնծալի մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Յիսուս այժմ 12 տարեկան է արդէն, եւ մասնայատուկ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ այս տօնախմբութիւնը։

Յիսուսի եւ իր ընտանիքին համար, Պասեքը մէկ օրուան հարց չէ։ Անոնք յաջորդ եօթնօրեայ Բաղարջակերաց Տօնին համար ալ հոն կը մնան, զայն Պասեքի եղանակին մէկ մասը նկատելով։ Հետեւաբար, ընդհանուր ճամբորդութիւնը, իրենց տունէն՝ Նազարէթէն՝ մինչեւ Երուսաղէմ, եւ հոն կեցութիւնը, ընդամէնը երկու շաբաթ կը տեւէ։ Սակայն այս տարի, Յիսուսի հետ կապ ունեցող պատճառով մը, ան շատ աւելի երկար կը տեւէ։

Երուսաղէմէն վերադարձին, հարց մը կը ծագի։ Յովսէփ եւ Մարիամ կ’ենթադրեն որ Յիսուս միասնաբար վերադարձող ազգականներու եւ բարեկամներու խումբին մէջ է։ Բայց երբ գիշերուան համար կանգ կ’առնեն, ան մէջտեղ չ’ելլեր. բարեկամներուն եւ ազգականներուն մէջ կը փնտռեն զինք ու չեն գտներ։ Ուստի, Յովսէփ եւ Մարիամ ետ կը դառնան մինչեւ Երուսաղէմ, զինք փնտռելու։

Ամբողջ օր մը կը փնտռեն, բայց՝ ապարդիւն։ Յաջորդ օրն ալ չեն գտներ զինք։ Վերջապէս երրորդ օրը տաճար կ’երթան։ Հոն, սրահներէն մէկուն մէջ, անոնք կը տեսնեն որ Յիսուս Հրեայ վարդապետներուն կամ ուսուցիչներուն մէջ նստած է եւ անոնց մտիկ կ’ընէ ու հարցումներ կը հարցնէ։

«Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։

Յիսուս կը զարմանայ որ անոնք չեն գիտեր թէ զինք ուր կրնան գտնել։ Ան կ’ըսէ. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։

Յիսուս չի հասկնար թէ իր ծնողքը ի՛նչպէս ասկէ տեղեակ չեն։ Անկէ ետք, ան իր ծնողքին հետ տուն կը վերադառնայ եւ կը շարունակէ անոնց հնազանդ ըլլալ։ Ան կը շարունակէ իմաստութեամբ եւ մարմնով զարգանալ, Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ շնորհք գտնելով։ Այո, իր մանկութենէն իսկ, Յիսուս լաւ օրինակ մը հանդիսացած է, ո՛չ միայն հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելու՝ այլ նաեւ, իր ծնողքին հանդէպ յարգանք ցոյց տալու մէջ։ Ղուկաս 2։40-52. 22։7

Յիսուս իր ընտանիքին հետ գարնան կանոնաւորաբար ի՞նչ ճամբորդութիւն կ’ընէ, եւ ան ո՞րչափ կը տեւէ։

Ի՞նչ կը պատահի իրենց ճամբորդութեան ընթացքին, երբ Յիսուս 12 տարեկան է։

Յիսուս ի՞նչպիսի օրինակ մը կը հանդիսանայ այսօրուան պատանիներուն։