Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի Պաշտամունքին Հանդէպ Նախանձախնդիր

Եհովայի Պաշտամունքին Հանդէպ Նախանձախնդիր

Գլուխ 16

Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդիր

ՅԻՍՈՒՍԻ կէս–եղբայրները՝ Մարիամի միւս զաւակները, Յակոբոս, Յովսէս, Սիմոն եւ Յուդա են։ Այս բոլորը Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ Կափառնայում՝ Գալիլիոյ Ծովուն մերձակայ քաղաք մը ուղղուելէ առաջ, թերեւս իրենց տունը՝ Նազարէթ կը հանդիպին, որպէսզի ընտանիքը կարողանայ իրեն պէտք եղած բաները առնել։

Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ Կափառնայում կ’երթայ, փոխանակ իր ծառայութիւնը շարունակելու Կանայի, Նազարէթի եւ կամ Գալիլիոյ բլուրներուն վրայ գտնուած ուրիշ քաղաքի մը մէջ։ Նախ՝ Կափառնայումի դիրքը աւելի ուշագրաւ է, եւ ակներեւաբար մեծ քաղաք մըն է։ Նաեւ, Յիսուսի նոր հաւաքած աշակերտներէն շատեր Կափառնայումի մէջ կամ անոր մօտակայքը կը բնակին. ուստի՝ հարկ չկար որ անոնք իրենց տուները ձգէին իրմէ մարզում ստանալու համար։

Կափառնայումի մէջ եղած միջոցին, Յիսուս բազմաթիւ հրաշալի գործեր կ’ընէ, ինչպէս ի՛նք կը վկայէ, քանի մը ամիս ետք։ Բայց շատ չանցած, Յիսուս եւ իր ընկերակիցները դարձեալ ճամբայ կ’իյնան։ Գարուն է եւ անոնք դարձեալ Երուսաղէմ կ’երթան Պասեքը տօնելու Հ.Դ. 30–ին։ Մինչ հոն են, իր աշակերտները բան մը կը տեսնեն Յիսուսի առնչութեամբ, որ նախապէս բնաւ տեսած չէին։

Ըստ Աստուծոյ Օրէնքին, Իսրայելացիներէն պահանջուած է անասնական զոհեր մատուցանել։ Ուստի, անոնց գործը դիւրացնելու համար, Երուսաղէմի վաճառականները անասուններ եւ թռչուններ կը ծախեն այս նպատակի համար։ Բայց անոնք ուղղակի տաճարին մէջ կը ծախեն եւ ժողովուրդը կը խաբեն, անոնցմէ շատ բարձր գիներ պահանջելով։

Բարկութեամբ լեցուած, Յիսուս չուանէ խարազան մը շինելով, ծախողները դուրս կը քշէ։ Ան դրամ փոխողներուն սեղանները կը շրջէ։ «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք», կը պոռայ ան աղաւնի ծախողներուն։

Երբ Յիսուսի աշակերտները ասիկա կը տեսնեն, կը յիշեն այն մարգարէութիւնը որ Աստուծոյ Որդւոյն համար ըսուած է. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։ Բայց Հրեաները կը հարցնեն. «Ի՞նչ նշան կը ցուցնես մեզի՝ որ այդ բաները ընելու իրաւունք ունիս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնեմ»։

Հրեաները կը կարծեն թէ Յիսուս բառացի տաճարին մասին կը խօսի, ուստի կը հարցնեն. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։ Բայց Յիսուս իր մարմնի տաճարին մասին կը խօսէր։ Իսկ երեք տարի ետք, աշակերտները կը յիշեն իր այս խօսքերը, երբ ան մեռելներէն կը յարուցանուի։ Յովհաննու 2։12-22. Մատթէոս 13։55. Ղուկաս 4։23

Կանայի հարսանիքէն ետք, Յիսուս ո՞ր վայրերը կը ճամբորդէ։

Յիսուս ինչո՞ւ կը բարկանայ, եւ ի՞նչ կ’ընէ։

Յիսուսի ըրածը տեսնելով, աշակերտները ի՞նչ կը յիշեն։

Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ «այս տաճար»ին մասին, եւ ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։