Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եսայիի մարգարէութիւնը կը կատարէ

Եսայիի մարգարէութիւնը կը կատարէ

Գլուխ 33

Եսայիի մարգարէութիւնը կը կատարէ

ԵՐԲ Յիսուս կը տեղեկանայ որ Փարիսեցիները եւ Հերովդէսեանները կը ծրագրեն սպաննել զինք, իր աշակերտներուն հետ Գալիլիոյ Ծովուն շրջանը կը քաշուի։ Հոն ամբողջ Պաղեստինէն, եւ նոյնիսկ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող շրջաններէն մարդիկ կը խուժեն իր քով։ Ան շատե՜ր կը բժշկէ. որպէս հետեւանք, ծանր հիւանդութիւններէ տառապողներէն շատեր ջանք կը թափեն որ իրեն դպչին։

Քանի որ ամբոխը շատ մեծ է, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ որ միշտ իր տրամադրութեան տակ նաւակ մը ունենան։ Ծովափէն հեռանալով, ան արգելք կ’ըլլայ որ ժողովուրդը իր վրայ խուժէ։ Ան նաւակէն կրնայ իրենց սորվեցնել, կամ ծովափի երկայնքին ուրիշ շրջան մը երթալ ու հոն գտնուող մարդոց ալ օգնել։

Մատթէոս աշակերտը կը նշէ թէ Յիսուսի գործունէութիւնը «Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը» կը կատարէ։ Ապա Մատթէոս կը մէջբերէ Յիսուսի կատարած մարգարէութիւնը, ըսելով.

«Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։ Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։ Եւ հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։

Անշուշտ Յիսուսն է Աստուծոյ հաւնած ծառան։ Իսկ Յիսուս յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ է ճշմարիտ արդարութիւնը որ կրօնական կեղծ աւանդութիւններով աղօտուած է։ Աստուծոյ օրէնքը սխալ կերպով կիրարկելով, Փարիսեցիները Շաբաթ օրը օգնութեան չէին հասներ նոյնիսկ հիւանդի մը։ Ուստի, Աստուծոյ արդարութիւնը երեւան հանելով, Յիսուս մարդոց վրայէն կը հանէ անարդար աւանդութիւններու բեռը, որու համար կրօնական առաջնորդները կը փորձեն սպաննել զինք։

Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ‘ան պիտի չվիճի եւ անոր ձայնը պիտի չլսուի հրապարակներուն մէջ’։ Երբ բուժումներ կը կատարէ, Յիսուս ‘սաստիկ կը պատուիրէ անոնց, որ զինք չյայտնեն’։ Ան չ’ուզեր որ իր մասին աղմկոտ ծանուցումներ ըլլան փողոցներու մէջ, կամ բերնէ–բերան փոխանցուած տեղեկութիւնները խեղաթիւրուին։

Նաեւ, Յիսուս իր մխիթարիչ պատգամը կը տանի այն անհատներուն, որոնք այլաբանօրէն՝ ջախջախուած եղէգի մը նման ծռած եւ կոխկռտուած են։ Անոնք պլպլացող պատրոյգի մը պէս են, որոնց կեանքին վերջին ցոլքը գրեթէ մարելու վրայ է։ Յիսուս ջախջախուած եղէգը չի փշրեր եւ պլպլացող, ծխացող պատրոյգը չի մարեր։ Այլ, փափկութեամբ եւ սիրով, խոհեմօրէն կը բարձրացնէ խոնարհը։ Իրապէս, Յիսուս մէկն է որու ազգերը կրնան յուսալ։ Մատթէոս 12։15-21. Մարկոս 3։7-12. Եսայեայ 42։1-4

Յիսուս ի՞նչպէս արդարութիւնը երեւան կը հանէ, հրապարակներուն մէջ չվիճելով եւ իր ձայնը չբարձրացնելով։

Որո՞նք ջախջախուած եղէգի եւ պլպլացող պատրոյգի մը պէս են, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը վարուի անոնց հետ։