Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ որդին մարդոյ կը յայտնուի

Երբ որդին մարդոյ կը յայտնուի

Գլուխ 93

Երբ որդին մարդոյ կը յայտնուի

ՄԻՆՉ Յիսուս տակաւին հիւսիս կը գտնուի (Սամարիայի կամ Գալիլիոյ մէջ), Փարիսեցիները իրեն կը հարցնեն Թագաւորութեան գալուն մասին։ Անոնք կը հաւատան թէ անիկա մեծ շուքով եւ արարողութեամբ պիտի գայ, սակայն Յիսուս կ’ըսէ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է»։

Յիսուսի «ձեր մէջ» արտայայտութիւնը երբեմն «ձեր ներսիդին» թարգմանուած է։ Ուստի ոմանք խորհած են թէ, ըստ Յիսուսի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր ծառաներուն սրտերուն մէջ կ’իշխէ։ Սակայն, բացայայտօրէն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս անհաւատ Փարիսեցիներուն ներսիդին չէ, որոնց Յիսուս կը խօսի։ Բայց անիկա իրենց մէջ է, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, ճիշդ իրենց մէջ կը գտնուի։

Հաւանաբար Փարիսեցիներուն մեկնելէն ետքն է որ Յիսուս կը շարունակէ իր աշակերտներուն հետ խօսիլ Թագաւորութեան գալուն մասին։ Ան մասնաւորաբար ի մտի ունի ապագային թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութիւնը, երբ զանոնք կը զգուշացնէ. «Եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց [այս սուտ Մեսիաներուն] մի՛ հետեւիք։ Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը»։ Հետեւաբար, Յիսուս կը մատնանշէ թէ ճիշդ ինչպէս փայլակը հեռաւոր տեղերէ կը տեսնուի, նոյնպէս ալ իր թագաւորական զօրութեամբ ներկայութեան ապացոյցը յստակօրէն տեսանելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին զայն տեսնել։

Ապա Յիսուս բաղդատութիւն մը կ’ընէ անցեալ դէպքերու հետ, ցոյց տալով թէ մարդոց վարմունքին ի՛նչ պիտի պատահի իր ապագայ ներկայութեան ընթացքին, ըսելով. «Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ . . . Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի»։

Յիսուս չ’ըսեր թէ Նոյի եւ Ղովտի օրերուն մարդիկ կործանեցան, պարզապէս քանի որ կեանքի սովորական գործունէութիւնները կը հետապնդէին, ինչպէս՝ ուտել, խմել, գնել, ծախել, տնկել եւ շինել։ Նոյնիսկ Նոյ, Ղովտ, եւ իրենց ընտանիքները այս բաները ըրին։ Սակայն միւսները այս առօրեայ գործունէութիւններէն անդին Աստուծոյ կամքին ուշադրութիւն չըրին, եւ ճիշդ այս պատճառաւ կործանեցան։ Նոյն պատճառաւ է որ մարդիկ պիտի կործանին, երբ Քրիստոս յայտնուի այս իրերու դրութեան վրայ գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։

Իր ապագայ թագաւորական զօրութեամբ ներկայութեան ապացոյցին շուտով ընդառաջելու կարեւորութիւնը շեշտելով, Յիսուս կ’աւելցնէ. «Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը»։

Երբ Քրիստոսի ներկայութեան ապացոյցը տեսնուի, մարդիկ պէտք չէ թոյլատրեն որ իրենց նիւթական ստացուածքներուն կառչած ըլլալը արգելք հանդիսանայ շուտով գործի անցնելու։ Սոդոմէն դուրս ելած ատեն, Ղովտին կինը ակներեւաբար ցանկութեամբ ետեւ նայեցաւ իր ետին ձգած բաներուն, եւ աղէ արձան դարձաւ։

Իր ապագայ ներկայութեան ընթացքի վիճակներուն նկարագրութիւնը շարունակելով, Յիսուս կ’ըսէ իր աշակերտներուն. «Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի»։

Առնուիլ արտայայտութիւնը կը համապատասխանէ Նոյի եւ իր ընտանիքին տապանը մտնելուն եւ Ղովտն ու իր ընտանիքը հրեշտակին կողմէ Սոդոմէն դուրս հանուելուն։ Անիկա փրկութիւն կը նշանակէ։ Միւս կողմէ, ձգուիլ արտայայտութիւնը՝ կործանում կը նշանակէ։

Այս պահուն, աշակերտները կը հարցնեն. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը»։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։ Անոնք որոնք փրկութեան համար ‘կ’առնուին’, հեռատես արծիւներու պէս են, որոնք մարմնին վրայ կը ժողվուին։ «Մարմին»ը կ’ակնարկէ ճշմարիտ Քրիստոսին՝ թագաւորական զօրութեամբ իր անտեսանելի ներկայութեան ատեն, եւ հոգեւոր ճաշկերոյթին՝ զոր Եհովա կը հայթայթէ։ Ղուկաս 17։20-37. Ծննդոց 19։26

Ի՞նչ իմաստով Թագաւորութիւնը Փարիսեցիներուն մէջ կը գտնուէր։

Քրիստոսի ներկայութիւնը ի՞նչ կերպով փայլակի նման է։

Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին մարդիկ ինչո՞ւ պիտի կործանին իրենց գործերուն պատճառաւ։

Ի՞նչ կը նշանակէ առնուիլ եւ՝ ձգուիլ։