Երկնքէն պատգամներ
Գլուխ 1
Երկնքէն պատգամներ
ԱՄԲՈՂՋ Աստուածաշունչը իրապէս երկնքէն պատգամ մըն է, որ մեր դաստիարակութեան համար հայթայթուած է, մեր երկնաւոր Հօր կողմէ։ Սակայն, մօտ 2,000 տարիներ առաջ, երկու մասնայատուկ պատգամներ տրուեցան հրեշտակի մը կողմէ, որ «Աստուծոյ առջեւ կը կայնի»։ Անոր անունը Գաբրիէլ է։ Հիմա քննենք դէպի երկիր կատարուած այս երկու կարեւոր այցելութիւններուն պարագաները։
Հ.Դ.Ա. 3 թուականն է։ Հրէաստանի բլուրներուն վրայ, հաւանաբար Երուսաղէմէ ոչ շատ հեռու, Զաքարիա անունով Եհովայի քահանաներէն մէկը կ’ապրի։ Ան, ինչպէս նաեւ իր կինը՝ Եղիսաբէթը, յառաջացած տարիք մը ունին, ու զաւակ չունին։ Զաքարիայի կարգն է որ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Աստուծոյ տաճարին մէջ քահանայական պաշտօն կատարէ։ Յանկարծ խունկի սեղանին աջ կողմը կ’երեւնայ Գաբրիէլ։
Զաքարիա շատ կը վախնայ։ Բայց Գաբրիէլ անոր վախը կը փարատէ ու կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, Զա՛քարիա, վասն զի քու աղօթքդ լսուեցաւ։ Քու կինդ Եղիսաբէթ քեզի որդի մը պիտի ծնանի ու Անոր անունը Յովհաննէս պիտի դնես»։ Գաբրիէլ կը շարունակէ ծանուցանել թէ Յովհաննէս «Տէրոջը առջեւ մեծ պիտի ըլլայ» եւ թէ «Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը [պիտի] պատրաստէ»։
Բայց Զաքարիա չի կրնար հաւատալ։ Երեւութապէս անկարելի է որ ինք ու Եղիսաբէթ զաւակ մը ունենան իրենց յառաջացած տարիքին մէջ։ Ուստի Գաբրիէլ կ’ըսէ. «Ահա համր պիտի ըլլաս դուն ու պիտի չկրնաս խօսիլ մինչեւ այն օրը՝ երբ այս բաները ըլլան, քանզի չհաւատացիր իմ խօսքերուս»։
Մինչ այդ, դուրսը՝ ժողովուրդը կը զարմանայ թէ ինչո՛ւ Զաքարիա երկար կը մնայ տաճարին մէջ։ Վերջապէս, երբ ան դուրս կու գայ, չի կրնար խօսիլ, այլ միայն ձեռքերով նշաններ կ’ընէ, ուստի կը հասկնան որ գերբնական բան մը տեսած է։
Տաճարին մէջ իր ծառայութեան ժամանակաշրջանը աւարտելէ ետք, Զաքարիա տուն կը վերադառնայ, որմէ անմիջապէս ետք, ըսուածը կը պատահի. Եղիսաբէթ կը յղանայ։ Մինչ կը սպասէ իր որդւոյն ծնունդը, Եղիսաբէթ տունը կը մնայ հինգ ամիս՝ մարդոցմէ հեռու։
Հետագային, դարձեալ Գաբրիէլ կ’երեւնայ։ Որո՞ւ հետ կը խօսի։ Նազարէթ քաղաքէն Մարիամ անունով ամուրի աղջկայ մը հետ։ Այս անգամ ի՞նչ պատգամ կու տայ։ Մտիկ ըրէք։ Գաբրիէլ կ’ըսէ Մարիամին. «Աստուծմէ շնորհք գտար։ Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես»։ Գաբրիէլ կ’աւելցնէ, ըսելով. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ . . . Ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։
Անկասկած, Գաբրիէլ ինքզինք առանձնաշնորհեալ կը սեպէ այս պատգամները հաղորդելուն համար։ Մինչ աւելի կը կարդանք Յովհաննէսի եւ Յիսուսի մասին, աւելի յստակօրէն պիտի տեսնենք թէ երկնքէն եկած այս պատգամները ինչո՛ւ այսքան կարեւոր են։ Բ. Տիմոթէոս 3։16. Ղուկաս 1։5-33
▪ Ի՞նչ կարեւոր երկու պատգամներ կը հաղորդուին երկնքէն։
▪ Ո՞վ կը հաղորդէ պատգամները, եւ անոնք որո՞նց կը հաղորդուին։
▪ Ինչո՞ւ դժուար է պատգամներուն հաւատալ։