Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զինք ամբաստանողներուն կը պատասխանէ

Զինք ամբաստանողներուն կը պատասխանէ

Գլուխ 30

Զինք ամբաստանողներուն կը պատասխանէ

ԵՐԲ Հրեայ կրօնական առաջնորդները կ’ամբաստանեն Յիսուսը որպէս Շաբաթը չպահող մը, Յիսուս կը պատասխանէ, ըսելով. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։

Հակառակ Փարիսեցիներուն դաւանութեան, Յիսուսի ըրած գործը արգիլուած չէ Շաբաթի օրէնքով։ Քարոզելու եւ բժշկելու իր գործը Աստուծոյ կողմէ նշանակում մըն է, եւ Աստուած ընդօրինակելով, ան կը շարունակէ կատարել զայն ամէն օր։ Բայց իր պատասխանը ա՛լ աւելի կը բարկացնէ Հրեաները եւ անոնք զինք սպաննելու առիթ կը փնտռեն։ Ինչո՞ւ։

Քանի որ այժմ, ըստ իրենց, Յիսուս ոչ միայն Շաբաթը չէր պահեր, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Որդին ըլլալու իր դաւանութիւնը հայհոյութիւն կը սեպեն։ Սակայն, Յիսուս չի վախնար եւ կը շարունակէ անոնց խօսիլ Աստուծոյ հետ իր ունեցած առանձնաշնորհեալ յարաբերութեան մասին։ Ան կ’ըսէ. «Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ»։

«Ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ», կը շարունակէ Յիսուս, «այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ»։ Արդարեւ, Որդին արդէն հոգեւոր առումով սկսած է մեռելները յարուցանել։ «Ան որ իմ Խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց», կ’ըսէ Յիսուս, «մահուանէ դէպի կեանք անցած է»։ Ան կը շարունակէ. «Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին»։

Թէպէտ մինչ այդ ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ թէ Յիսուս բառացիօրէն մեռել մը յարուցանած էր, սակայն զինք ամբաստանողներուն կ’ըսէ թէ մեռելները բառացիօրէն պիտի յարուցանուին։ «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք», կ’ըսէ ան, «վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։

Ցարդ, Յիսուս այսքան յստակ եւ շեշտակի կերպով, հանրապէս բնաւ չէր արտայայտուած Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունեցած կենսական դերին մասին։ Բայց Յիսուսը ամբաստանողները այս բաներուն մասին միայն իր վկայութիւնը չունին։ «Դուք Յովհաննէսին [մարդիկ] ղրկեցիք», կ’ըսէ Յիսուս, «եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ»։

Ճիշդ երկու տարի առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ խօսած էր այդ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն, իրմէ վերջ Եկողին մասին։ Անոնց վերյիշեցնելով ներկայիս բանտարկուած Յովհաննէսին հանդէպ ժամանակին իրենց ունեցած բարձր նկատողութիւնը, Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ»։ Յիսուս այս բաները կ’ուզէ յիշեցնել իրենց օգնելու, այո, զանոնք փրկելու յոյսով։ Բայց ինք Յովհաննէսի վկայութենէն կախեալ չէ։

«Այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ [մէջը ըլլալով տակաւին նոր կատարած հրաշքը], ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’»։ Ասկէ զատ, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար»։ Աստուած վկայեց Յիսուսի մասին, զոր օրինակ, իր մկրտութեան ատեն, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս»։

Իրապէս, Յիսուսը ամբաստանողները զինք մերժելու համար արդարացում մը չունին։ Իրենց կարդալ դաւանած Սուրբ Գրութիւնները կը վկայեն իր մասին։ «Եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք», կ’եզրակացնէ Յիսուս, «քանզի անիկա ինծի համար գրեց։ Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք»։ Յովհաննու 5։17-47. 1։19-27. Մատթէոս 3։17

Յիսուսի գործը ինչո՞ւ Շաբաթի օրէնքին դէմ չէ։

Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունեցած կենսական դերը Յիսուս ի՞նչպէս կը նկարագրէ։

Աստուծոյ Որդին ըլլալը փաստելու համար, Յիսուս որո՞ւ վկայութեան կը մատնանշէ։