Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ժառանգութեան հարցը

Ժառանգութեան հարցը

Գլուխ 77

Ժառանգութեան հարցը

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ բացայայտօրէն գիտէ թէ Յիսուս Փարիսեցիին տան մէջ կը ճաշէ։ Ուստի հազարաւորներ դրան առջեւ խռնուած են եւ Յիսուսի դուրս գալը կը սպասեն։ Յիսուսի հակառակող եւ անոր խօսքին մէջ սխալ մը գտնել ջանացող Փարիսեցիներուն հակառակը, ժողովուրդը անձկագին եւ գնահատութեամբ կ’ունկնդրէ իրեն։

Նախ իր աշակերտներուն դառնալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն»։ Ինչպէս ճաշի ընթացքին յայտնի եղած էր, Փարիսեցիներուն ամբողջ կրօնական դրութիւնը կեղծաւորութեամբ լեցուն է։ Սակայն, հակառակ անոր որ Փարիսեցիներուն ամբարշտութիւնը երեւութական բարեպաշտութեամբ ծածկուած է, վերջապէս պիտի քօղազերծուի։ «Բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի», կ’ըսէ Յիսուս։

Յիսուս կը շարունակէ, կրկնելով այն յորդորը զոր 12–ին տուած էր, երբ Գալիլիոյ մէջ քարոզչութեան ղրկած էր զանոնք, ըսելով. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին»։ Քանի որ Աստուած ճնճղուկ մը իսկ չի մոռնար, Յիսուս իր հետեւորդները կը վստահեցնէ, թէ Աստուած զիրենք ալ պիտի չմոռնայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան . . . Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։

Ամբոխէն մէկը իրմէ կը խնդրէ ըսելով. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Մովսիսական Օրէնքը կը պայմանաւորէր, որ անդրանիկ որդին երկու բաժին առնէր ժառանգութենէն, հետեւաբար վիճաբանութեան պատճառ մը պէտք չէր ըլլար։ Բայց այս մարդը երեւութապէս իր օրինաւոր բաժինէն աւելին կ’ուզէ։

Տեղին ըլլալով, Յիսուս կը մերժէ միջամտել։ «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ», կը հարցնէ ան։ Ապա, ամբոխին կու տայ հետեւեալ կենսական խրատը. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Այո, մարդ որքան շատ ունենայ, բնական է որ պիտի մեռնի եւ ամէն բան իր ետին ձգէ։ Այս իրողութիւնը եւ Աստուծոյ քով լաւ համբաւ մը շահելու մէջ թերանալու անմտութիւնը շեշտելու համար, Յիսուս առակ մը կը գործածէ։ Ան կը բացատրէ.

«Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’. եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’»։

Յիսուս եզրափակելով կ’ըսէ. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։ Թէեւ աշակերտները հարստութիւն դիզելու յիմարութեան որոգայթին մէջ կրնային չիյնալ, սակայն անոնք կեանքի առօրեայ հոգերով կրնային դիւրութեամբ Եհովայի ամբողջ սրտով ծառայելէ ետ կենալ։ Ուստի Յիսուս առիթը կ’օգտագործէ, մէկուկէս տարի առաջ Լերան Քարոզին մէջ իր տուած լաւ խրատը կրկնելու։ Իր աշակերտներուն դառնալով, ան կ’ըսէ.

«Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք . . . Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ . . . Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ . . .

«Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։

Մանաւանդ տնտեսական դժուարութիւններու ընթացքին, Յիսուսի խօսքերը պէտք է ուշադրութեամբ նկատի առնենք։ Այն անհատը որ իր նիւթական պէտքերուն համար չափազանց կը մտահոգուի եւ կը սկսի դանդաղիլ իր հոգեւորականութեան մէջ, իրապէս, Իր ծառաներուն հոգ տանելու Աստուծոյ կարողութեան նկատմամբ հաւատքի պակաս ցոյց կու տայ։ Ղուկաս 12։1-31. Բ. Օրինաց 21։17

Հաւանաբար մարդը ինչո՞ւ ժառանգութեան մասին հարցում կը հարցնէ, եւ Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ։

Յիսուս ի՞նչ առակ կը գործածէ, եւ անով ի՞նչ կ’ուզէ սորվեցնել։

Յիսուս ի՞նչ խրատ կը կրկնէ, եւ անիկա ինչո՞ւ տեղին է։