Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ բան կը պղծէ անհատ մը

Ի՞նչ բան կը պղծէ անհատ մը

Գլուխ 56

Ի՞նչ բան կը պղծէ անհատ մը

ՅԻՍՈՒՍԻ դէմ հակառակութիւնը երթալով կը սաստկանայ։ Իր աշակերտներէն շատերը ոչ միայն կը թողուն Յիսուսը, այլ Հրէաստանի Հրեաները կը փորձեն զինք սպաննել, ինչպէս նախապէս փորձած էին Հ.Դ. 31–ի Պասեքին, երբ ինք Երուսաղէմ կը գտնուէր։

Այժմ, Հ.Դ. 32–ի Պասեքն է։ Հաւանաբար, Աստուծոյ պահանջին համաձայն, Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթայ, Պասեքը տօնելու։ Սակայն, ասիկա զգուշութեամբ կ’ընէ, քանի որ իր կեանքը վտանգի տակ է։ Ապա, Գալիլիա կը վերադառնայ։

Հաւանաբար Յիսուս Կափառնայում կը գտնուի, երբ Երուսաղէմէն Փարիսեցիներ եւ դպիրներ իրեն կու գան։ Անոնք՝ զինք որպէս կրօնական օրինազանց ամբաստանելու համար, պատճառ կը փնտռեն։ «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն», կը հարցնեն անոնք։ Ասիկա աստուածային պահանջ մը չէ, սակայն Փարիսեցիներուն աչքին, մինչեւ արմուկը լուացուելու աւանդական արարողութիւնը չկատարելը լուրջ յանցանք մըն էր։

Փոխանակ ուղղակիօրէն պատասխանելու իրենց ամբաստանութեան, Յիսուս իրենց՝ չարամտութեամբ եւ գիտակցաբար Աստուծոյ Օրէնքը բեկանելուն կը մատնանշէ։ «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ», կը հարցնէ ան։ «Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է’»։

Արդարեւ, Փարիսեցիները կը սորվեցնեն թէ դրամ, ստացուածք կամ որեւէ բան որ Աստուծոյ նուիրուած է որպէս ընծայ, տաճարին կը պատկանի, եւ չի կրնար ուրիշ նպատակներու համար գործածուիլ։ Սակայն, իրականութեան մէջ, անհատը կը շարունակէ պահել նուիրուած ընծան։ Այս կերպով, երբ զաւակ մը պարզապէս ըսէ որ իր դրամը կամ ստացուածքը «գորպան», այսինքն՝ Աստուծոյ կամ տաճարին նուիրուած ընծայ մըն է, կը խուսափի իր տարեց ծնողքին օգնելու պատասխանատուութենէն, որոնք թերեւս շատ մեծ կարիքի մէջ են։

Աստուծոյ Օրէնքը չարամտօրէն խեղաթիւրելնուն համար արդարացիօրէն զայրանալով, Յիսուս Փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։

Հաւանաբար ամբոխը ետ քաշուած էր, թոյլ տալով որ Փարիսեցիները հարցուփորձեն Յիսուսը։ Արդ, երբ Փարիսեցիները պատասխան մը չեն կրնար տալ Յիսուսի զօրաւոր մեղադրանքին, ան ժողովուրդը իրեն կանչելով կ’ըսէ. «Լսեցէք ու միտք առէք. ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։

Ապա երբ տուն մը կը մտնեն, աշակերտները կը հարցնեն. «Գիտե՞ս թէ Փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։

«Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։

Յիսուս զարմացած կը թուի ըլլալ, երբ աշակերտներուն կողմէ խօսելով, Պետրոս լուսաբանութիւն կը խնդրէ թէ ի՛նչ բան կը պղծէ մարդը։ Յիսուս կը հարցնէ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։

Հոս Յիսուս սովորական առողջապահութեան դէմ չի խօսիր։ Ան չ’առարկեր որ անհատ մը ճաշ պատրաստելէ կամ կերակուր ուտելէ առաջ իր ձեռքերը պէտք է լուայ։ Այլ, ան կը դատապարտէ կրօնական առաջնորդներուն կեղծաւորութիւնը, որոնք Աստուծոյ արդար օրէնքներուն հանդէպ նենգութեամբ կը վարուէին, սուրբ գրային չեղող աւանդութիւններու վրայ պնդելով։ Այո, չար արարքնե՛րն են որ կը պղծեն անհատ մը, եւ Յիսուս ցոյց կու տայ որ անոնք անհատի մը սրտէն ծագում կ’առնեն։ Յովհաննու 7։1. Բ. Օրինաց 16։16. Մատթէոս 15։1-20. Մարկոս 7։1-23. Ելից 20։12. 21։17. Եսայեայ 29։13

Արդ, Յիսուս ի՞նչ հակառակութիւն կը դիմագրաւէ։

Փարիսեցիները ի՞նչ ամբաստանութիւն կ’ընեն, բայց ըստ Յիսուսի, Փարիսեցիները ի՞նչպէս կամակոր կերպով կը բեկանեն Աստուծոյ Օրէնքը։

Ըստ Յիսուսի, ի՞նչ բաներ կը պղծեն անհատ մը։