Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս

Գլուխ 59

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս

ԵՐԲ Յիսուսը եւ իր աշակերտները կրող նաւը Բեթսայիդա կը հասնի, մարդիկ իրեն կոյր մարդ մը կը բերեն եւ իրմէ կը խնդրեն որ անոր դպչի ու բժշկէ զինք։ Յիսուս մարդուն ձեռքէն բռնելով զինք գիւղէն դուրս կը հանէ եւ աչքերուն թքնելէ ետք կը հարցնէ անոր թէ՝ «բան մը կը տեսնէ՞»։

«Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին», կը պատասխանէ մարդը։ Ձեռքերը մարդուն աչքին դնելով՝ Յիսուս անոր տեսողութիւնը կը վերահաստատէ, այնպէս որ ան յստակ կը տեսնէ։ Ապա Յիսուս մարդը տուն կը ղրկէ, անոր պատուիրելով որ քաղաք չմտնէ։

Այժմ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Պաղեստինի հեռաւոր հիւսիսը գտնուող Փիլիպպոսի Կեսարիոյ գիւղերը կ’երթայ։ Ասիկա Փիլիպպոսի Կեսարիոյ գեղեցիկ շրջանը տանող շուրջ 50 քմ. հեռաւորութեամբ վերելք մըն է, ծովու մակերեսէն 350 մեթր բարձր։ Հաւանաբար այս ճամբորդութիւնը քանի մը օր կը տեւէ։

Ճամբու ընթացքին, Յիսուս կ’առանձնանայ աղօթելու համար։ Իր մահուան միայն ինը կամ տասը ամիս մնացած է, եւ ան իր աշակերտներուն վրայով մտահոգ է։ Շատեր արդէն իրեն հետեւելէ դադրած են։ Ուրիշներ՝ ակներեւաբար շփոթած եւ յուսախաբ են, քանի որ զինք թագաւոր ընելու ժողովուրդին ջանքը մերժած էր, եւ իր թշնամիներուն պահանջին համաձայն, իր թագաւորութիւնը փաստելու համար երկնքէն նշան մը չէր հայթայթած։ Իր առաքեալները ի՞նչ կը մտածեն իր ինքնութեան մասին։ Երբ անոնք իր աղօթած տեղը կու գան, Յիսուս կը հարցնէ. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։

«Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը», կը պատասխանեն անոնք։ Այո, մարդիկ կը խորհին որ Յիսուս այս մարդոցմէ մէկն է, որ յարութիւն առած է։

«Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ», կը հարցնէ Յիսուս։

Պետրոս հապճեպով կը պատասխանէ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։

Պետրոսի պատասխանին հանդէպ գնահատութիւն յայտնելէ ետք, Յիսուս կ’ըսէ. «Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն»։ Հոս, Յիսուս նախ կը ծանուցանէ որ ժողովք մը պիտի հիմնէ, եւ թէ նոյնիսկ մահը պիտի չկարենայ անոր անդամները իր ճիրաններուն մէջ պահել, երկրի վրայ իրենց հաւատարիմ ընթացքը աւարտելէն ետք։ Ապա Պետրոսի կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ»։

Այսպէս, Յիսուս կը յայտնէ որ Պետրոս մասնաւոր առանձնաշնորհումներ պիտի ստանայ։ Ո՛չ, Պետրոսի առաջնակարգ տեղը չի տրուիր առաքեալներուն մէջ, ո՛չ ալ ան ժողովքին հիմը կ’ըլլայ։ Յիսուս ի՛նքն է Վէմը, որու վրայ պիտի շինուի իր ժողովքը։ Սակայն Պետրոսի երեք բանալի պիտի տրուի, տարբեր խումբերու դիմաց երկնքի Թագաւորութիւնը մտնելու առիթը բանալու համար։

Պետրոս առաջին բանալին պիտի գործածէր Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, զղջացող Հրեաներուն ցոյց տալով թէ ի՛նչ պէտք է ընեն փրկուելու համար։ Անկէ քիչ ետք, ան պիտի գործածէր երկրորդ բանալին, հաւատացող Սամարացիներուն դիմաց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնելու պատեհութիւնը բանալու համար։ Ապա, Հ.Դ. 36–ին, ան պիտի գործածէր երրորդ բանալին, անթլփատ Հեթանոսներուն՝ Կոռնելիոսի եւ իր բարեկամներուն դիմաց, նոյն պատեհութիւնը բանալու համար։

Յիսուս կը շարունակէ խօսակցութիւնը իր առաքեալներուն հետ։ Զանոնք յուսախաբ կ’ընէ, Երուսաղէմի մէջ շուտով իր դիմագրաւելիք տառապանքներուն եւ մահուան մասին խօսելով։ Չըմբռնելով թէ Յիսուս երկնային կեանքի պիտի յարուցուի, Պետրոս Յիսուսը մէկ կողմ կը քաշէ ու կ’ըսէ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Իր կռնակը դարձնելով Յիսուս կը պատասխանէ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։

Այնպէս կը թուի թէ առաքեալներէն զատ ուրիշներ ալ Յիսուսի հետ կը ճամբորդեն, ուստի զանոնք իր քով կանչելով, անոնց կը բացատրէ թէ իր հետեւորդը ըլլալը դիւրին չէ։ «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա»։

Այո, իր հաճութեան արժանի ըլլալու համար, Յիսուսի հետեւորդները պէտք է քաջ եւ անձնազոհ ըլլան։ Ան կ’ըսէ. «Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը»։ Մարկոս 8։22-38. Մատթէոս 16։13-28. Ղուկաս 9։18-27

Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն համար մտահոգ է։

Յիսուսի ինքնութեան մասին մարդիկ ի՞նչ տեսակէտներ ունին։

Պետրոսին ի՞նչ բանալիներ կը տրուին, եւ անոնք ի՞նչ կերպով կը գործածուին։

Պետրոս ի՞նչ յանդիմանութիւն կը ստանայ եւ ինչո՛ւ։