Իր առաքեալները կ’ընտրէ
Գլուխ 34
Իր առաքեալները կ’ընտրէ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մկրտիչ՝ Յիսուսը որպէս Աստուծոյ Գառը ներկայացնելէն, եւ Յիսուս իր հանրային ծառայութիւնը սկսելէն ի վեր գրեթէ մէկուկէս տարի անցած է։ Այդ ժամանակ Անդրէաս, Սիմոն Պետրոս, Յովհաննէս եւ թերեւս Յակոբոս (Յովհաննէսի եղբայրը), ինչպէս նաեւ Փիլիպպոս եւ Նաթանայէլ (որ նաեւ կը կոչուի Բարթողիմէոս), իր առաջին աշակերտները եղած էին։ Ժամանակի ընթացքին, շատ ուրիշներ ալ միացան անոնց, Քրիստոսի հետեւելու համար։
Այժմ, Յիսուս պատրաստ է իր առաքեալները ընտրելու։ Ասոնք իր մտերիմ ընկերակիցները պիտի ըլլան եւ մասնաւոր մարզում պիտի ստանան իրմէ։ Սակայն զանոնք ընտրելէ առաջ, Յիսուս լերան մը վրայ կ’երթայ եւ ամբողջ գիշերը աղօթելով կ’անցընէ, հաւանաբար Աստուծմէ իմաստութիւն եւ իր օրհնութիւնը խնդրելով։ Երբ ցերեկ կ’ըլլայ, կը կանչէ իր աշակերտները եւ անոնց մէջէն 12 հոգի կ’ընտրէ։ Սակայն, քանի որ անոնք կը շարունակեն Յիսուսի կողմէ ուսուցուիլ, աշակերտներ ալ կը կոչուին։
Յիսուս կ’ընտրէ վերոյիշեալ վեց անհատները, որոնք իր առաջին աշակերտները եղած էին։ Մատթէոս ալ կ’ընտրուի, զոր Յիսուս կանչած էր մաքսատունէն։ Միւս հինգ ընտրուած անհատներն են՝ Յուդա (որ նաեւ կը կոչուի Թադէոս), Յուդա Իսկարիովտացի, Սիմոն Կանանացի, Թովմաս եւ Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոսը։ Այս Յակոբոսը նաեւ ‘Պզտիկ’ կը կոչուի, թերեւս մանրակազմ՝ կամ տարիքով միւս Յակոբոսէն աւելի պզտիկ ըլլալուն համար։
Մինչեւ այս ժամանակ, այս 12–ը Յիսուսի հետ եղած են որոշ ժամանակ եւ ան զանոնք լաւ կը ճանչնայ։ Իրականութեան մէջ, անոնցմէ ոմանք իր ազգականներն են։ Յակոբոս եւ իր եղբայրը՝ Յովհաննէս, ակներեւաբար իր զարմիկներն են։ Հաւանական է նաեւ, որ Ալփէոսը, Յովսէփի՝ Յիսուսի որդեգիր հօրը՝ եղբայրն էր։ Ուստի, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոսն ալ, Յիսուսի զարմիկը պէտք է ըլլայ։
Անշուշտ Յիսուս դիւրութեամբ կը յիշէ իր առաքեալներուն անունները։ Սակայն դուք կրնա՞ք յիշել զանոնք։ Լաւ, պարզապէս յիշեցէք որ անոնցմէ երկուքը Սիմոն, երկուքը Յակոբոս եւ երկուքը Յուդա կը կոչուին։ Նաեւ՝ թէ Սիմոն եղբայր մը ունի, որ Անդրէաս կը կոչուի, իսկ Յակոբոսի եղբայրը՝ Յովհաննէսն է։ Ասիկա ութ առաքեալները յիշելու բանալին է։ Մնացեալ չորսն են. մաքսահաւաք մը (Մատթէոս), ան որ հետագային կասկածեցաւ (Թովմաս), ան որ ծառին տակէն կանչուեցաւ (Նաթանայէլ), եւ անոր բարեկամը՝ Փիլիպպոս։
Առաքեալներուն տասնըմէկը Գալիլիայէն՝ Յիսուսի բնակավայրէն են։ Նաթանայէլ Կանայէն է։ Փիլիպպոս, Պետրոս եւ Անդրէաս Բեթսայիդայէն են, սակայն հետագային, Պետրոս եւ Անդրէաս Կափառնայում փոխադրուեցան, ուր այնպէս կը թուի թէ Մատթէոս կը բնակէր։ Յակոբոս եւ Յովհաննէս ձկնորսութեամբ կը զբաղէին եւ հաւանաբար Կափառնայումի մէջ կամ մօտերը կը բնակէին։ Այնպէս կ’երեւնայ թէ Իսկարիովտացի Յուդան՝ որ հետագային Յիսուսը մատնեց՝ միակ առաքեալն էր որ Հրէաստանէն էր։ Մարկոս 3։13-19. Ղուկաս 6։12-16
▪ Ո՞ր առաքեալները հաւանաբար Յիսուսի ազգականներն էին։
▪ Որո՞նք են Յիսուսի առաքեալները, եւ ի՞նչպէս կրնաք յիշել անոնց անունները։
▪ Առաքեալները ո՞ր շրջաններէն էին։