Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի ծնէ կոյր մարդու մը բուժումը

Ի ծնէ կոյր մարդու մը բուժումը

Գլուխ 70

Ի ծնէ կոյր մարդու մը բուժումը

ԵՐԲ Հրեաները կը փորձեն քարկոծել Յիսուսը, ան Երուսաղէմէ չի մեկնիր։ Ապա Շաբաթ օրը, իր աշակերտներուն հետ քաղաքին մէջ պտըտելու ատեն, կոյր ծնած մարդ մը կը տեսնեն։ Անոնք կը հարցնեն Յիսուսի. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։

Թերեւս աշակերտները կարգ մը ռաբբիներու նման կը հաւատան, թէ անհատ մը կրնայ մեղանչել իր մօրը արգանդին մէջ։ Բայց Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան»։ Մարդուն կուրութիւնը իր՝ կամ ծնողքին, գործած մասնայատուկ յանցանքի մը կամ մեղքի մը հետեւանքը չէ։ Առաջին մարդուն՝ Ադամի՝ մեղքը պատճառ եղաւ որ ամբողջ մարդկութիւնը անկատար ըլլայ, հետեւաբար թերութիւններու՝ ինչպէս կուրութեան՝ ենթակայ։ Արդ, մարդուն ունեցած այս թերութիւնը Յիսուսի պատեհութիւն կու տայ որ Աստուծոյ գործերը յայտնի ընէ։

Յիսուս այս գործերը կատարելու ստիպողականութիւնը ցոյց կու տայ, ըսելով. «Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել, քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։ Շուտով Յիսուսի մահը զինք գերեզմանի մթութեան մէջ պիտի իջեցնէ, ուր այլեւս բան մը չի կրնար ընել։ Մինչ այդ, ան աշխարհին համար լոյսի աղբիւր մըն է։

Այս բաները ըսելէ ետք, Յիսուս կը թքնէ գետինը եւ թուքով կաւ կը շինէ. զայն կը դնէ կոյր մարդուն աչքերուն եւ կ’ըսէ. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ Մարդը կը հնազանդի եւ կը սկսի տեսնել։ Որքա՜ն ուրախութեամբ կը վերադառնայ, կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեսնելով։

Զինք ճանչցող դրացիները եւ ուրիշներ կ’ապշին։ «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար», կը հարցնեն անոնք։ «Անիկա է», կ’ըսեն ոմանք։ Բայց ուրիշներ չեն հաւատար եւ կ’ըսեն. «Անոր նման մէկն է»։ Բայց մարդը կ’ըսէ. «Ես եմ»։

«Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ», կ’ուզեն գիտնալ մարդիկ։

«Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։

«Ո՞ւր է անիկա», կը հարցնեն անոնք։

«Չեմ գիտեր», կը պատասխանէ ան։

Այժմ մարդիկը այս երբեմնի կոյրը կը տանին իրենց կրօնական առաջնորդներուն՝ Փարիսեցիներուն։ Անոնք ալ կը սկսին հարցուփորձել զինք թէ ի՛նչպէս կը տեսնէ։ «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ», կը բացատրէ մարդը։

Անշուշտ, Փարիսեցիները պէտք էր ուրախանային բուժուած մուրացկանին հետ։ Բայց ընդհակառակը, անոնք կ’ուրանան Յիսուսը։ «Այն մարդը Աստուծմէ չէ», կ’ըսեն անոնք։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսեն։ «Վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Սակայն ուրիշ Փարիսեցիներ հարց կու տան, ըսելով. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Ուստի անոնց մէջ երկպառակութիւն կը ծագի։

Արդ, կը հարցնեն մարդուն. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։

«Մարգարէ մըն է», կը պատասխանէ ան։

Փարիսեցիները կը մերժեն հաւատալ ասոր։ Անոնք համոզուած են որ Յիսուսի եւ այս մարդուն միջեւ գաղտնի համաձայնութիւն մը կայ ժողովուրդը խաբելու համար։ Ուստի հարցը լուծելու համար, անոնք կը կանչեն մուրացկանին ծնողքը, որպէսզի հարցուփորձեն։ Յովհաննու 8։59. 9։1-18

Ի՞նչ բան պատասխանատու է մարդուն կուրութեան, եւ ի՞նչ բան պատասխանատու չէ։

Ի՞նչ է գիշերը երբ մէկը չի կրնար գործել։

Երբ մարդը կը բուժուի, զինք ճանչցողներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։

Մարդուն բժշկութեան վրայ Փարիսեցիներուն մէջ ի՞նչպէս երկպառակութիւն կը ծագի։