Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խոնարհութեան դաս մը՝ վերջին Պասեքին

Խոնարհութեան դաս մը՝ վերջին Պասեքին

Գլուխ 113

Խոնարհութեան դաս մը՝ վերջին Պասեքին

ՊԵՏՐՈՍ եւ Յովհաննէս, Յիսուսի ցուցմունքներուն հետեւելով, արդէն հասած են Երուսաղէմ Պասեքի պատրաստութիւնները տեսնելու համար։ Աւելի ուշ, յետմիջօրէին, Յիսուս հոն կը հասնի ակներեւաբար միւս տասը առաքեալներուն հետ։ Արեւը հորիզոնին ետեւ կը ծածկուի, մինչ Յիսուս իր ընկերակիցներուն հետ Ձիթենեաց Լեռնէն վար կ’իջնէ։ Վերջին անգամն է որ Յիսուս ցերեկ աչքով այս լեռնէն կը տեսնէ քաղաքը, իր յարութենէն առաջ։

Շուտով Յիսուս եւ իր ընկերակիցները քաղաք կը հասնին եւ կ’ուղղուին դէպի այն տունը ուր Պասեքը պիտի տօնեն։ Անոնք աստիճաններէն կը բարձրանան դէպի մեծ վերնատունը, ուր ամէն բան պատրաստ կը գտնեն առանձնաբար կատարուելիք Պասեքի տօնակատարութեան համար։ Յիսուս ակնկառոյց սպասած է այս առիթին, քանի որ կ’ըսէ. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ»։

Աւանդականօրէն, Պասեքի մասնակցողները չորս գաւաթ գինի կը խմեն։ Ակներեւաբար երրորդ գաւաթը առնելէ ետք, Յիսուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ աղօթքով եւ կ’ըսէ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ»։

Ճաշի ընթացքին, Յիսուս ոտքի կ’ելլէ, պատմուճանը կը հանէ, անձեռոց մը կ’առնէ եւ տաշտը ջուրով կը լեցնէ։ Սովորաբար, հիւրընկալը հոգ կը տանի որ հիւրերուն ոտքերը լուացուին։ Սակայն, այս պարագային, քանի որ մասնաւոր հիւրընկալ մը չկայ, Յիսուս ի՛նք յանձն կ’առնէ այս պարտականութիւնը։ Առաքեալներէն մէկը կրնար առիթը օգտագործել այս ծառայութիւնը մատուցանելու համար, սակայն, ակներեւաբար քանի որ տակաւին քիչ մը մրցակցութիւն կայ իրենց մէջ, ոչ մէկը նախաձեռնութիւնը կ’առնէ։ Այժմ, ամօթով կը մնան, մինչ Յիսուս կը սկսի իրենց ոտքերը լուալ։

Երբ Յիսուս իրեն կու գայ, Պետրոս կը բողոքէ ըսելով. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։

«Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս», կ’ըսէ Յիսուս։

«Տէ՛ր, ոչ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս», կը պատասխանէ Պետրոս։

«Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ»։ Ան այսպէս կ’ըսէ, քանի որ գիտէ թէ Իսկարիովտացի Յուդա կը ծրագրէ զինք մատնել։

Բոլոր 12–ին, մէջը ըլլալով իր մատնիչին՝ Յուդայի, ոտքերը լուալէ ետք, Յիսուս իր պատմուճանը ետ կը հագուի եւ դարձեալ կ’ընկողմանի սեղանին շուրջ։ Ապա կը հարցնէ. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։

Խոնարհ ծառայութեան ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը։ Առաքեալները առաջին ըլլալ պէտք չէ փնտռեն, խորհելով թէ իրենք այնքան կարեւոր են, որ ուրիշները պէտք է ծառայեն իրենց։ Անոնք Յիսուսի օրինակին պէտք է հետեւին։ Ասիկա ոտք լուալու արարողութիւն մը չէ։ Այլ, անաչառօրէն ծառայելու պատրաստակամութիւն կը ցուցնէ, կատարուած գործը որքան ալ անարգ կամ անհաճոյ ըլլայ։ Մատթէոս 26։20, 21. Մարկոս 14։17, 18. Ղուկաս 22։14-18. 7։44. Յովհաննու 13։1-17

Պասեքը տօնելու համար երբ Յիսուս քաղաք կը մտնէ, Երուսաղէմի տեսարանը ի՞նչ կերպով բացառիկ է։

Պասեքի ընթացքին, ակներեւաբար ո՞ր գաւաթը Յիսուս կ’անցընէ 12 առաքեալներուն՝ աղօթք մը ընելէ ետք։

Յիսուսի երկրի վրայ եղած ժամանակ, հիւրերուն սովորաբար ի՞նչ ծառայութիւն կը մատուցուէր, եւ ինչո՞ւ այդպիսի ծառայութիւն մը հայթայթուած չէր երբ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Պասեքը կը տօնէր։

Յիսուսի նպատակը ի՞նչ էր, երբ իր առաքեալներուն ոտքերը լուալու անարգ ծառայութիւնը ստանձնեց։