Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խոստացեալ մանուկը

Խոստացեալ մանուկը

Գլուխ 6

Խոստացեալ մանուկը

ՓՈԽԱՆԱԿ Նազարէթ վերադառնալու, Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթլէհէմ կը մնան։ Երբ Յիսուս ութ օրուան է, Մովսիսական Օրէնքին համեմատ, զայն թլփատել կու տան։ Այնպէս կ’երեւնայ թէ սովորութիւն է մանչ երախայի մը անունը ութերորդ օրը դնել։ Ուստի, անոնք իրենց երախան Յիսուս կը կոչեն, ինչպէս Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս ըսած էր։

Ամիսէ մը աւելի կ’անցնի, եւ արդ՝ Յիսուս 40 օրուան կ’ըլլայ։ Իր ծնողքը ո՞ւր կը տանին զինք։ Երուսաղէմի տաճարը, որ իրենց եղած տեղէն քանի մը մղոն հեռու է։ Մովսէսի տուած Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն, մանչ զաւկի մը ծնունդ տալէն 40 օր ետք, կը պահանջուի որ մայրը իր մաքրուելու ընծան մատուցանէ տաճարին մէջ։

Մարիամ այս է որ կ’ընէ։ Ան երկու պզտիկ թռչուններ կը բերէ, որպէս ընծայ։ Ասիկա Յովսէփի եւ Մարիամի տնտեսական վիճակը ցոյց կու տայ։ Մովսէսի Օրէնքը կ’ըսէ որ խոյ մը պէտք է մատուցանեն այս առթիւ, որ շատ աւելի արժէքաւոր է քան թռչունները։ Բայց եթէ մայրը ի վիճակի չէ ասիկա ընելու, անոր փոխարէն երկու տատրակ, կամ երկու աղաւնի կրնայ մատուցանել։

Երբ տաճար կ’երթան, Սիմէոն անունով տարեց մարդ մը, Յիսուսը իր թեւերուն մէջ կ’առնէ։ Աստուած յայտնած է իրեն որ իր մահուընէ առաջ պիտի կարենայ տեսնել Եհովայի խոստացած Քրիստոսը, կամ Մեսիան։ Երբ այդ օրը Սիմէոն տաճար կու գայ, սուրբ հոգին զինք կ’առաջնորդէ Յովսէփի եւ Մարիամի կրած մանուկին։

Երբ Սիմէոն իր գիրկը կ’առնէ մանուկը, Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, ըսելով. «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։

Յովսէփ եւ Մարիամ կ’ապշին երբ կը լսեն այս խօսքերը։ Յետոյ, Սիմէոն կ’օրհնէ Մարիամը եւ կ’ըսէ թէ իր զաւակը «Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն» պատճառ պիտի ըլլայ, եւ թէ վիշտը, թուրի մը պէս պիտի խոցէ իր սիրտը։

Այս առիթով ներկայ է նաեւ 84 տարեկան Աննա մարգարէուհին։ Ան բնաւ չի բացակայիր տաճարէն։ Ճիշդ այդ պահուն, ան կը մօտենայ եւ կը սկսի Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանել եւ Յիսուսի մասին խօսիլ բոլոր իր շուրջը գտնուողներուն։

Տաճարին մէջի անցուդարձերը որքա՜ն կ’ուրախացնեն Յովսէփն ու Մարիամը։ Վստահաբար, այս բոլորը կը հաստատեն որ մանուկը Աստուծոյ Խոստացեալն է։ Ղուկաս 2։21-38. Ղեւտացւոց 12։1-8

Սովորաբար, Իսրայելացի մանուկի մը անունը ե՞րբ կը դրուէր։

Իսրայելացի մօրմէ մը ի՞նչ կը պահանջուէր, երբ իր մանչ զաւակը 40 օրուան ըլլար։ Այս պատուէրին կատարումը ի՞նչ ցոյց կու տայ Մարիամի տնտեսական վիճակին մասին։

Այս առիթով որո՞նք Յիսուսի ինքնութիւնը կը գիտնան, եւ ասիկա ի՛նչպէս ցոյց կու տան։