Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծնունդէն առաջ պատիւ կը ստանայ

Ծնունդէն առաջ պատիւ կը ստանայ

Գլուխ 2

Ծնունդէն առաջ պատիւ կը ստանայ

ԳԱԲՐԻԷԼ հրեշտակը երիտասարդուհի Մարիամի ըսելէ ետք թէ մանչ զաւակ մը պիտի ունենայ, որ յաւիտենական թագաւոր պիտի ըլլայ, Մարիամ կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։

Գաբրիէլ կը բացատրէ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»։

Որպէսզի Մարիամ հաւատայ Գաբրիէլի տուած պատգամին, ան կը շարունակէ. «Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։

Մարիամ կ’ընդունի Գաբրիէլի ըսածը։ Իսկ ի՞նչ կը պատասխանէ։ Ան կ’ըսէ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։

Գաբրիէլի հեռանալէն անմիջապէս ետք, Մարիամ կը պատրաստուի եւ այցելութիւն մը կու տայ Եղիսաբէթի, որ իր ամուսնոյն՝ Զաքարիայի՝ հետ Հրէաստանի լեռնային շրջանին մէջ կը բնակի։ Մարիամի բնակարանէն՝ Նազարէթէն, մինչեւ այդ տեղը երկար ճամբորդութիւն մըն է, որ թերեւս երեք կամ չորս օր կը տեւէ։

Երբ Մարիամ վերջապէս կը հասնի Զաքարիայի տունը, ներս կը մտնէ եւ կը բարեւէ։ Այդ պահուն, Եղիսաբէթ սուրբ հոգիով կը լեցուի ու կ’ըսէ Մարիամի. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։ Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։ Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն»։

Զայս լսելով, Մարիամ կը պատասխանէ սրտագին երախտագիտութեամբ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։ Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ»։ Հակառակ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած շնորհքին, Մարիամ ամբողջ պատիւը Աստուծոյ կու տայ։ Ան կ’ըսէ. «Անոր անունը սուրբ է։ Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ»։

Մարիամ կը շարունակէ Աստուած փառաբանել ներշնչուած մարգարէական երգով ու կ’ըսէ. «Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։ Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։ Անօթիները բարիքներով լեցուց ու հարուստները պարապ ճամբեց։ Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով, ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։

Մարիամ Եղիսաբէթի քով կը մնայ շուրջ երեք ամիս եւ ասիկա անկասկած մեծ օգնութիւն մը կ’ըլլայ Եղիսաբէթի, իր յղութեան վերջին շաբաթներու ընթացքին։ Ի՜նչ լաւ է որ այս երկու հաւատարիմ կիները, որոնք երկուքն ալ Աստուծոյ օգնութեամբ զաւակ մը կը կրեն, իրարու հետ ըլլան իրենց կեանքի այս օրհնեալ շրջանին։

Նկատեցի՞ք Յիսուսի տրուած պատիւը նոյնիսկ իր ծնունդէն առաջ։ Եղիսաբէթ զինք կոչեց «իմ Տէրս» եւ իր անծին մանուկը ուրախութեամբ ցատկեց, երբ Մարիամ առաջին անգամ ներս մտաւ։ Այսուհանդերձ, հետագային ուրիշներ նուազ յարգանք ցոյց տուին Մարիամի եւ իր ծնելիք զաւկին հանդէպ, ինչպէս պիտի տեսնենք։ Ղուկաս 1։26-56

Գաբրիէլ ի՞նչ կ’ըսէ Մարիամի, օգնելու համար որ ան հասկնայ թէ ի՛նչպէս պիտի յղանայ։

Յիսուս ի՞նչպէս պատիւ ստացաւ նոյնիսկ ծնելէն առաջ։

Մարիամ ի՞նչ կ’ըսէ Աստուած փառաբանող մարգարէական երգով մը։

Մարիամ որքա՞ն ատեն կը մնայ Եղիսաբէթի քով, եւ ինչո՞ւ պատշաճ է որ Մարիամ Եղիսաբէթի հետ մնայ այս ժամանակամիջոցին։