Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծոմապահութեան մասին հարցումներ

Ծոմապահութեան մասին հարցումներ

Գլուխ 28

Ծոմապահութեան մասին հարցումներ

ԳՐԵԹԷ տարի մը անցած է Հ.Դ. 30–ի Պասեքէն, եւ Յովհաննէս Մկրտիչ քանի մը ամիսէ բանտարկուած է։ Թէեւ ինք կ’ուզէ որ իր աշակերտները Քրիստոսի հետեւորդները ըլլան, բայց անոնց բոլորն ալ տակաւին չեն հետեւիր անոր։

Արդ, բանտարկուած Յովհաննէսի կարգ մը աշակերտները կու գան եւ Յիսուսի կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ մենք ու Փարիսեցիները շատ անգամ ծոմ կը պահենք իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։ Փարիսեցիները շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեն, որպէս կրօնական արարողութիւն մը։ Իսկ Յովհաննէսի աշակերտները հաւանաբար նոյն սովորութեան կը հետեւին։ Նաեւ, կրնայ ըլլալ որ անոնք ծոմ կը պահէին Յովհաննէսի բանտարկութեան պատճառաւ սուգ բռնելու համար եւ հարց կու տային որ Յիսուսի աշակերտները ինչո՛ւ իրենց վշտին ցաւակից չէին ըլլար։

Առ ի պատասխան, Յիսուս կը բացատրէ. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը սուգ պահեն, քանի որ փեսան իրենց հետ է. բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն»։

Յովհաննէսի աշակերտները պէտք էր յիշէին որ ան իրենց խօսած էր Յիսուսի մասին՝ որպէս Փեսան։ Ուստի, այնքան ատեն որ Յիսուս ներկայ էր, Յովհաննէս յարմար պիտի չտեսնէր ծոմ պահել, Յիսուսի աշակերտներն ալ նոյնպէս կը մտածեն։ Հետագային, երբ Յիսուս կը մեռնի, իր աշակերտները սուգ կը բռնեն եւ ծոմ կը պահեն։ Բայց երբ կը յարուցանուի եւ երկինք կը համբառնայ, այլեւս սուգի ծոմապահութեան պատճառ մը չեն ունենար։

Ապա Յիսուս հետեւեալ օրինակները կու տայ. «Մէկը կարկտան չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ, ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է»։ Այս օրինակները ի՞նչ կապ ունին ծոմապահութեան հետ։

Յիսուս կ’ուզէ որ Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտները ըմբռնեն թէ ոեւէ մէկը պէտք չէ ակնկալէ որ իր հետեւորդները Հրէականութեան հին սովորութիւններուն հետեւին, ինչպիսին էր ծիսական ծոմապահութիւնը։ Ինք պաշտամունքի հինցած, մաշած եւ նետուելու պատրաստ դրութիւնները կարկտնելու կամ շարունակելու համար չէր եկած։ Քրիստոնէութիւնը պիտի չհամակերպէր այդ ժամանակուան Հրէականութեան, որ մարդկային աւանդութիւններով լեցուն էր։ Ո՛չ, անիկա հին հանդերձի վրայ նոր կարկտանի մը, կամ հին տիկի մէջ դրուած նոր գինիի մը նման պիտի չըլլար։ Մատթէոս 9։14-17. Մարկոս 2։18-22. Ղուկաս 5։33-39. Յովհաննու 3։27-29

Որո՞նք ծոմ կը պահեն, եւ ի՞նչ նպատակով։

Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ ծոմ չեն պահեր երբ ինք իրենց հետ է, եւ հետագային ծոմապահութեան պատճառը ի՞նչպէս շուտով մէջտեղէն պիտի վերցուէր։

Յիսուս ի՞նչ օրինակներ կու տայ, եւ անոնք ի՞նչ կը նշանակեն։