Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կափառնայում կը վերադառնայ

Կափառնայում կը վերադառնայ

Գլուխ 26

Կափառնայում կը վերադառնայ

ՅԻՍՈՒՍԻ համբաւը արդէն ամէն տեղ տարածուած է եւ շատեր կու գան այդ ամայի տեղերը ուր ինք կը մնայ։ Սակայն, քանի մը օր վերջ, ան Կափառնայում կը վերադառնայ, Գալիլիոյ Ծովուն վրայով։ Անմիջապէս քաղաքին մէջ լուրը կը տարածուի թէ Յիսուս վերադարձած է եւ շատեր կու գան այն տունը՝ ուր ինք կը գտնուի։ Մինչեւ Երուսաղէմէն Փարիսեցիներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ կու գան։

Այնքան մեծ բազմութիւն մը կայ որ դրան մուտքը խճողուած է եւ տեղ չկայ որ մէկը կարենայ ներս մտնել։ Բեմը պատրաստուած է իրապէս արտակարգ դէպքի մը համար։ Այս առիթով ինչ որ տեղի կ’ունենայ կենսական կարեւորութիւն ունի, քանի որ անիկա մեզի կ’օգնէ գնահատելու թէ Յիսուս զօրութիւնը ունի մարդկային տառապանքին պատճառը մէջտեղէն վերցնելու եւ իր ընտրած անհատներուն առողջութիւն տալու։

Մինչ Յիսուս ամբոխին կը սորվեցնէ, չորս մարդիկ մահիճի մէջ պառկած անդամալոյծ մը կը բերեն Յիսուսի գտնուած տունը։ Անոնք կ’ուզեն որ Յիսուս բուժէ իրենց բարեկամը։ Սակայն, այնքան բազմութիւն կայ որ անոնք չեն կրնար ներս մտնել։ Շա՜տ յուսահատեցուցիչ է, բայց ձեռնթափ չեն ըլլար։ Անոնք տանիք կը բարձրանան, ծակ մը կը բանան եւ անդամալոյծը մահիճով ճիշդ Յիսուսի առջեւ կ’իջեցնեն։

Արդեօք Յիսուս կը բարկանա՞յ այս միջամտութեան համար։ Ընդհակառակը, անոնց ունեցած հաւատքը տեսնելով, ան խորապէս կը տպաւորուի ու կ’ըսէ անդամալոյծին. «Քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Բայց Յիսուս իրապէս կրնա՞յ մեղքեր ներել։ Դպիրները եւ Փարիսեցիները չեն խորհիր որ ան կրնայ, ուստի իրենց սրտերուն մէջ կը խորհին. «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։

Յիսուս գիտնալով անոնց խորհուրդը, կ’ըսէ. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը»։

Ապա Յիսուս առիթը կու տայ բազմութեան ու զինք քննադատողներուն որ արտակարգ ցուցադրութիւն մը տեսնեն, յայտնելու համար թէ ինք իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքեր ներելու, եւ թէ իրապէս ինք երկրի վրայ ապրած մեծագոյն մարդն է։ Ուստի, դառնալով անդամալոյծին կ’ըսէ. «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Ան ալ անմիջապէս իր մահիճը կ’առնէ եւ ամենուն առջեւէն քալելով կ’երթայ։ Ժողովուրդը ապշահար Աստուած կը փառաբանէ բացագանչելով. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։

Նկատի առի՞ք որ Յիսուս մեղքերը կը կապէ հիւանդութեան հետ, իսկ մեղքերու թողութիւնը՝ ֆիզիքական առողջութեան հետ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ մեր առաջին ծնողը՝ Ադամ, մեղանչեց եւ թէ բոլորս ալ այդ մեղքին հետեւանքները ժառանգեցինք, այսինքն, հիւանդութիւն եւ մահ։ Սակայն, Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Աստուած սիրողներուն եւ անոր ծառայողներուն մեղքերը պիտի ներէ Յիսուս, որմէ ետք անոնց բոլոր հիւանդութիւնները պիտի վերցուին։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ։ Մարկոս 2։1-12. Ղուկաս 5։17-26. Մատթէոս 9։1-8. Հռովմայեցիս 5։12, 17-19

Իսկապէս արտակարգ դէպքի մը համար, ի՞նչ յարմար իրավիճակ մը կար։

Անդամալոյծը ի՞նչպէս հասաւ Յիսուսի քով։

Ինչո՞ւ բոլորս ալ մեղաւոր ենք, բայց Յիսուս մեր մեղքերուն թողութիւն եւ կատարեալ առողջութիւն ունենալու մասին ի՞նչ յոյս տուաւ։