Կը յանձնուի ու կը տարուի
Գլուխ 124
Կը յանձնուի ու կը տարուի
ՏԱՆՋՈՒԱԾ Յիսուսի լուռ վեհանձնութենէն խորապէս ազդուած, երբ Պիղատոս դարձեալ կը փորձէ արձակել զայն, քահանայապետները աւելի եւս կը զայրանան։ Անոնք վճռած են որ ո՛չ մէկ բան արգելք հանդիսանայ իրենց ամբարիշտ նպատակին։ Ուստի, անոնք դարձեալ կ’աղաղակեն. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ»։
«Դո՛ւք առէք ատիկա ու խաչը հանեցէք», կը պատասխանէ Պիղատոս։ (Նախապէս իրենց ըրած դաւանութեան հակառակը, Հրեաները իշխանութիւն ունին կրօնական գետնի վրայ լուրջ յանցանք գործող ոճրագործները մահապատիժի ենթարկելու։) Ապա, նուազագոյնը հինգերորդ անգամ ըլլալով, Պիղատոս Յիսուսը անմեղ կը յայտարարէ, ըսելով. «Ես ատոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։
Հրեաները տեսնելով որ իրենց քաղաքական ամբաստանութիւնը ապարդիւն կ’ըլլայ, անգամ մը եւս կը դառնան իրենց կրօնական ամբաստանութեան, զոր Յիսուսի դատավարութեան ընթացքին գործածած էին քանի մը ժամ առաջ, Սենետրիոնին մէջ։ Անոնք կ’ըսեն. «Մենք օրէնք ունինք եւ մեր օրէնքին համեմատ պէտք է որ մեռնի, վասն զի ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ»։
Այս ամբաստանութիւնը նորութիւն մըն է Պիղատոսի, եւ անոր համար կը սկսի աւելի վախնալ։ Այժմ, կը գիտակցի որ Յիսուս սովորական մարդ մը չէ, ինչպէս իր կնոջ երազը եւ Յիսուսի անձնաւորութեան արտակարգ զօրութիւնը կ’ապացուցանեն։ Ի՞նչպէս կրնայ «Աստուծոյ Որդի» ըլլալ։ Պիղատոս գիտէ որ Յիսուս Գալիլիայէն է։ Սակայն, արդեօք կարելի՞ է որ նախապէս ապրած է։ Զինք դարձեալ պալատը բերելով, Պիղատոս կը հարցնէ. «Ուրկէ՞ ես դուն»։
Յիսուս պատասխան չի տար։ Նախապէս ըսած էր Պիղատոսի թէ ինք թագաւոր է եւ թէ իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ։ Ան յաւելեալ բացատրութեան կարիքը չի տեսներ։ Սակայն, Յիսուսի լռութիւնը Պիղատոսի արժանապատուութեան կը դպչի, ուստի Յիսուսի դէմ բարկութեամբ բորբոքելով կ’աղաղակէ. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու»։
«Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար», կը պատասխանէ Յիսուս յարգալից կերպով։ Ան կ’ակնարկէ այն հեղինակութեան, զոր Աստուած շնորհած է մարդկային իշխաններուն, որպէսզի երկրային գործերը վարեն։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է»։ Արդարեւ, Կայիափա քահանայապետն ու իր մեղսակիցները եւ Իսկարիովտացի Յուդա՝ բոլորն ալ աւելի ծանր պատասխանատուութիւն կը կրեն, Յիսուսի հետ իրենց ունեցած անարդար վերաբերմունքին համար։
Աւելի խորապէս տպաւորուած, եւ վախնալով որ գուցէ Յիսուս աստուածային ծագում մը ունի, Պիղատոս զինք արձակելու իր ջանքերը կը վերանորոգէ։ Հրեաները, սակայն, Պիղատոսի դէմ կ’ելլեն։ Իրենց քաղաքական ամբաստանութիւնը կը կրկնեն, խորամանկօրէն սպառնալով. «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի»։
Ի հեճուկս ահռելի բարդութիւններու, Պիղատոս Յիսուսը դարձեալ դուրս կը հանէ եւ անգամ մը եւս կոչ կ’ընէ, ըսելով. «Ահա ձեր թագաւորը»։
«Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խա՛չը հանէ ատիկա»։
«Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ», կը հարցնէ Պիղատոս ճարահատ։
Հրեաները Հռովմէացւոց լուծին տակ հիւծած են։ Արդարեւ, անոնք կ’ատեն Հռովմի տիրապետութիւնը. եւ սակայն, կեղծաւորաբար քահանայապետները կ’ըսեն. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։
Իր քաղաքական դիրքին եւ համբաւին վրայ վախնալով, Պիղատոս վերջապէս տեղի կու տայ Հրեաներու անողոք պահանջներուն։ Ան Յիսուսը անոնց կը յանձնէ։ Զինուորները ծիրանի հանդերձը վրայէն կը հանեն ու իր հանդերձները կը հագցնեն անոր։ Երբ զանիկա ցցահարելու կը տանին, իր տանջանքի ցիցը իրեն կրել կու տան։
Այժմ, Նիսան 14–ի Ուրբաթը կէսօրուան կը մօտենայ։ Յիսուս Հինգշաբթի առաւօտէն ի վեր արթուն է, եւ իրարու յաջորդող վշտագին տանջանքներու ենթակայ։ Հասկնալիօրէն, ուժասպառ՝ կը կքի ցիցին ծանրութեան ներքեւ։ Այդտեղէն անցնող Սիմոն անունով Կիւրենացի մարդու մը կը պարտադրեն որ Յիսուսի ցիցը կրէ։ Մինչ կը յառաջանան, մեծ բազմութիւն մը, մէջը ըլլալով կիներ, կ’ողբան ու կու լան Յիսուսի ետեւէն։
Կիներուն դառնալով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։ Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’ . . . վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։
Յիսուս կ’ակնարկէ Հրեայ ազգի ծառին, որ տակաւին իր մէջ քիչ մը կեանքի դալարութիւն ունի Յիսուսի ներկայութեան, եւ այդ ժողովուրդէն իրեն հաւատացող մնացորդի մը գոյութեան պատճառաւ։ Սակայն երբ ասոնք ազգէն անջատուին, միմիայն հոգեւորապէս մեռած ծառ մը՝ չորցած ազգային կազմակերպութիւն մը պիտի մնայ։ Ո՜հ, ի՜նչ լաց ու կոծ պիտի ըլլայ, երբ հռովմէական բանակները, որպէս Աստուծոյ դահիճները, կործանեն Հրեայ ազգը։ Յովհաննու 19։6-17. 18։31. Ղուկաս 23։24-31. Մատթէոս 27։31, 32. Մարկոս 15։20, 21
▪ Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ ամբաստանութիւն կ’ընեն Յիսուսի դէմ, երբ իրենց քաղաքական ամբաստանութիւնները ապարդիւն կը մնան։
▪ Պիղատոս ինչո՞ւ աւելի կը վախնայ։
▪ Յիսուսի պատահածով, որո՞նք աւելի մեղաւոր են։
▪ Վերջապէս, քահանաները ի՞նչպէս կը յաջողին որ Պիղատոս իրենց ձեռքը մատնէ Յիսուսը մահապատիժի գործադրութեան համար։
▪ Ի՞նչ կ’ըսէ Յիսուս իր վրայ լացող կիներուն, եւ ի՞նչ ըսել կ’ուզէ ակնարկելով ծառին որպէս «դալար», ապա՝ ‘չորցած’։