Կին մը իր հանդերձին կը դպչի
Գլուխ 46
Կին մը իր հանդերձին կը դպչի
ԴԵԿԱՊՈԼԻՍԷՆ Յիսուսի վերադարձին լուրը կը հասնի Կափառնայում եւ մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի ծովուն եզերքը իրեն բարի գալուստ մաղթելու։ Անկասկած անոնք լսած են թէ Յիսուս փոթորիկը դադրեցուց եւ դիւահարներ բուժեց։ Արդ, երբ ան ծովափ կը հասնի, անոր շուրջ կը հաւաքուին, հետաքրքրութեամբ եւ ակնկալութեամբ լեցուն։
Յիսուսը տեսնելու անձկութիւնը ունեցողներէն մէկն է Յայրոս՝ ժողովրդապետներէն մէկը։ Ան Յիսուսի ոտքերուն կ’իյնայ եւ կրկին կ’աղաչէ, ըսելով. «Իմ աղջիկս մեռնելու մօտ է, եկո՛ւր, անոր վրայ ձեռք դիր, որպէս զի ազատի ու պիտի ապրի»։ Քանի որ ան Յայրոսի միակ զաւակն է, ու միայն 12 տարեկան է, հօրը աչքին լոյսն է։
Յիսուս կը համաձայնի եւ ամբոխին հետ կ’ուղղուի Յայրոսի տունը։ Կրնանք երեւակայել ժողովուրդին ջղագրգռութիւնը, որ կը սպասէ ուրիշ հրաշք մը տեսնել։ Սակայն, ամբոխին մէջ կին մը իր անձնական լուրջ խնդրով մտազբաղ է։
Տասներկու երկար տարիներէ ի վեր, այս կինը արեան տեռատեսութենէ կը տառապի։ Ան մէկ բժիշկէն միւսին գացած եւ իր բոլոր դրամը վատնած է բժշկուելու համար, բայց օգուտ մը չէ քաղած. ընդհակառակը՝ պարագան վատթարացած է։
Հաւանաբար կրնաք հասկնալ թէ իր հիւանդութիւնը զինք մեծապէս տկարացնելէ զատ, նեղացուցիչ եւ նուաստացուցիչ ալ է։ Ընդհանրապէս, անհատ մը հանրապէս չի խօսիր այսպիսի հիւանդութեան մը մասին։ Ասկէ զատ, Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, արեան ծորումը կին մը անմաքուր կը դարձնէր եւ անոր եւ կամ անոր արիւնաբիծ հանդերձներուն դպչողէն կը պահանջուէր լուացուիլ եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլալ։
Այս կինը լսած է Յիսուսի հրաշքներուն մասին եւ հիմա զինք գտած է։ Իր անմաքրութեան ի տես, ան գաղտագողի կը մտնէ ամբոխին մէջ, ինքնիրեն ըսելով. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Երբ ան կը դպչի Յիսուսի հանդերձին, անմիջապէս կը զգայ որ իր արեան ծորումը ցամքած է։
«Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Հաւանաբար կինը որքա՜ն ցնցուեցաւ Յիսուսի այս խօսքերէն։ Ի՞նչպէս գիտցաւ արդեօք։ «Վարդապետ», կը բողոքէ Պետրոս, «բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։
Կինը փնտռելով, Յիսուս կը բացատրէ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինծմէ զօրութիւն մը ելաւ»։ Արդարեւ, անիկա սովորական դպչիլ մը չէ, քանի որ հրաշքը կատարուելու համար Յիսուսէ կենսուժ մը կ’ելլէ։
Տեսնելով որ իր արարքը աննկատ չմնաց, կինը սարսափած ու դողալով կու գայ եւ Յիսուսի առջեւ կ’իյնայ։ Բոլորին առջեւ, ան կը պատմէ ամբողջ ճշմարտութիւնը իր հիւանդութեան եւ իսկոյն բժշկուելուն մասին։
Անոր լման խոստովանութենէն ազդուած, Յիսուս կարեկցաբար կը մխիթարէ զինք. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ Որքա՜ն հաճելի է գիտնալ թէ այն Անհատը զոր Աստուած ընտրած է երկրի վրայ տիրելու, այսպիսի ջերմ, կարեկից անձ մըն է, որ թէ՛ հոգ կը տանի մարդոց եւ թէ զօրութիւն ունի անոնց օգնելու։ Մատթէոս 9։18-22. Մարկոս 5։21-34. Ղուկաս 8։40-48. Ղեւտացւոց 15։25-27
▪ Ո՞վ է Յայրոս, եւ ան ինչո՞ւ Յիսուսի կու գայ։
▪ Կին մը ի՞նչ խնդիր ունի, եւ օգնութեան համար անոր Յիսուսի մօտենալը ինչո՞ւ շատ դժուար է։
▪ Կինը ի՞նչպէս կը բժշկուի, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը մխիթարէ զինք։