Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կորսուածը փնտռել

Կորսուածը փնտռել

Գլուխ 85

Կորսուածը փնտռել

ՅԻՍՈՒՍ անձկագին կը փնտռէ եւ կը գտնէ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն խոնարհութեամբ Աստուծոյ ծառայել։ Ուստի ան Թագաւորութեան մասին կը խօսի բոլորին՝ նոյնիսկ տխրահռչակ մեղաւորներու։ Այժմ այսպիսի անհատներ կը մօտենան որ իրմէ լսեն։

Այս իրողութիւնը նշմարելով, Փարիսեցիներն ու դպիրները կը քննադատեն Յիսուսը, քանի որ իրենց աչքին անարժէք եղող մարդոց հետ կ’ընկերակցի։ Անոնք կը սկսին տրտնջալ, ըսելով. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ»։ Իրե՛նց մակարդակէն որքա՜ն վար։ Փարիսեցիներն ու դպիրները հասարակ ժողովուրդին հետ կը վարուին՝ որպէս թէ անոնք ոտքի կեղտ ըլլան։ Իրականութեան մէջ, անոնք Եբրայերէն ամ հա·արեց «գետնի մարդիկ» արտայայտութիւնը կը գործածեն, անոնց հանդէպ իրենց արհամարհանքը ցոյց տալու համար։

Միւս կողմէ, Յիսուս իւրաքանչիւր անհատի հետ յարգանքով, ազնուութեամբ եւ կարեկցութեամբ կը վարուի։ Որպէս արդիւնք, այս խոնարհ անհատներէն շատեր, մէջը ըլլալով հանրածանօթ յանցագործներ, անձկութեամբ կը փափաքին իրեն ունկնդրել։ Սակայն, իրենց կողմէ անարժէք նկատուած անհատներուն վրայ Յիսուսի թափած ջանքերուն համար, Փարիսեցիներուն քննադատական կեցուածքին մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

Յիսուս իրենց առարկութեան կը պատասխանէ, առակ մը գործածելով։ Ան Փարիսեցիներուն տեսակէտէն մեկնելով կը խօսի, որպէս թէ իրենք արդար՝ եւ Աստուծոյ փարախին մէջ ապահով են, մինչդեռ անարգ ամհա·արեց–ները մոլորած եւ կորսուած վիճակ մը ունին։ Մտիկ ըրէք, մինչ ան կը հարցնէ.

«Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’»։

Ապա Յիսուս իր առակին կիրարկումը ընելով, կը բացատրէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։

Փարիսեցիները իրենք զիրենք արդար կը սեպեն, ուստի՝ զղջումի կարիքը չեն զգար։ Երբ անոնցմէ ոմանք քանի մը տարի առաջ Յիսուսը քննադատած էին մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ ուտելուն համար, ան ըսած էր. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները»։ Ինքնարդար Փարիսեցիները, որոնք զղջալու պէտքը չեն զգար, ուրախութիւն չեն պատճառեր երկնքի մէջ։ Սակայն զղջացող մեղաւորները իրապէս այդ ուրախութիւնը կը պատճառեն։

Կորսուած մեղաւորներուն վերահաստատումին տուած մեծ ուրախութիւնը կրկնակիօրէն շեշտելու համար, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ, ըսելով. «Ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’»։

Ապա Յիսուս նմանօրինակ կիրարկում մը կու տայ, ըսելով. «Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։

Կորսուած մեղաւորներուն վերահաստատման նկատմամբ Աստուծոյ հրեշտակներուն սիրազեղ վերաբերմունքը որքա՜ն ուշագրաւ է։ Ասիկա մասնաւորաբար յատկանշական է, քանի որ երբեմնի անարգուած ամ հա·արեց–ները վերջ ի վերջոյ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ անդամներ ըլլալու կ’արժանանան։ Որպէս արդիւնք, անոնք երկնքի մէջ, հրեշտակներէն բարձր դիրքի կը հասնին։ Սակայն փոխանակ նախանձ կամ արհամարհանք զգալու, հրեշտակները խոնարհաբար կը գնահատեն որ այս մեղաւոր մարդիկը կեանքի մէջ այնպիսի վիճակներ դիմագրաւած եւ զանոնք յաղթահարած են, որ զիրենք որակելի պիտի դարձնեն ծառայելու որպէս կարեկից եւ ողորմած երկնային թագաւորներ ու քահանաներ։ Ղուկաս 15։1-10. Մատթէոս 9։13. Ա. Կորնթացիս 6։2, 3. Յայտնութիւն 20։6

Յիսուս ինչո՞ւ հանրածանօթ մեղաւորներու հետ կ’ընկերակցի, եւ Փարիսեցիներու ո՞ր քննադատութեան կ’արժանանայ։

Փարիսեցիները ի՞նչպէս կը նկատեն հասարակ ժողովուրդը։

Յիսուս ի՞նչ առակներ կը գործածէ, եւ անոնցմէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Հրեշտակներուն ուրախութիւնը ինչո՞ւ ուշագրաւ է։