Կորսուած որդիի մը պատմութիւնը
Գլուխ 86
Կորսուած որդիի մը պատմութիւնը
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ոչխարի մը եւ կորսուած դրամի մը առակները տակաւին նոր պատմած ըլլալով Փարիսեցիներուն, այժմ Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը սկսի պատմել։ Այս առակը սիրալիր հօր մը վարուելակերպին մասին է, իր երկու զաւակներուն հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը լուրջ թերութիւններ ունի։
Նախ, կայ առակին գլխաւոր դերակատարը՝ կրտսեր որդին։ Անիկա իր ժառանգութիւնը կը հաւաքէ, զոր հայրը չի վարանիր իրեն տալու։ Ապա տունը ձգելով շատ անբարոյ կենցաղի մը մէջ կը մխրճուի։ Սակայն մտիկ ըրէք՝ մինչ Յիսուս պատմութիւնը կը պատմէ, եւ փորձեցէք գտնել թէ իւրաքանչիւր դերակատարը զո՞վ կը ներկայացնէ։
Յիսուս կը սկսի պատմել. «Մարդ մը երկու որդի ունէր. անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը»։ Այս պզտիկ որդին ի՞նչ կ’ընէ իր ստացուածքով։
Յիսուս կը բացատրէ. «Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց»։ Իրականութեան մէջ, անիկա բոզերու հետ ապրելով կը մսխէ իր դրամը։ Անկէ ետք, դժուար օրերը կը հասնին, ինչպէս Յիսուս կը շարունակէ պատմել.
«Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր»։
Որքա՜ն նուաստացուցիչ էր խոզարած ըլլալը, քանի որ ըստ Օրէնքին, խոզերը անմաքուր անասուններ էին։ Սակայն որդիին աւելի մեծ ցաւ պատճառողը, կրծող անօթութիւնն էր որ զինք մղեց նոյնիսկ խոզերուն կերած եղջիւրներուն ցանկալ։ Այս ահաւոր չարիքին հանդիպելով, ան ‘ինքզինքին եկաւ’, կ’ըսէ Յիսուս։
Յիսուս պատմութիւնը կը շարունակէ. «Ըսաւ [ինքնիրեն]. ‘Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ»’։ Ու ելաւ իր հօրը գնաց»։
Հոս նկատի առնուելիք հարց մը կայ. եթէ տունը ձգած ատեն հայրը իր դէմ ելած, կամ բարկութեամբ զինք յանդիմանած ըլլար, հաւանաբար որդին միայն այս լուծումին մասին պիտի չմտածէր։ Կրնայ ըլլալ որ ան որոշէր վերադառնալ իր երկիրը եւ ուրիշ տեղ գործ մը գտնել, իր հօրը երեսը չտեսնելու համար։ Սակայն այսպիսի գաղափար մը չունեցաւ։ Ան ուզեց տո՛ւն վերադառնալ։
Որոշ է որ Յիսուսի առակին մէջ, հայրը կը պատկերացնէ մեր սիրազեղ, գթառատ երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա Աստուած։ Թերեւս ըմբռնեցիք որ կորսուած, կամ անառակ որդին, կը պատկերացնէ հանրածանօթ մեղաւորները։ Փարիսեցիները, որոնց Յիսուս կը խօսի, նախապէս զինք քննադատած էին որ անոնց հետ կ’ուտէր։ Սակայն մեծ որդին զո՞վ կը պատկերացնէ։
Երբ Կորսուած Որդին կը Գտնուի
Երբ կորսուած, կամ անառակ որդին իր հօրը տունը կը վերադառնայ, ի՞նչպիսի ընդունելութիւն մը կը գտնէ։ Մտիկ ըրէք, մինչ Յիսուս կը նկարագրէ.
«Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ Ի՜նչ ողորմած, խանդակաթ հայր մը, որ շա՜տ լաւ կը ներկայացնէ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան։
Հաւանաբար հայրը իր որդւոյն անառակ կեանքին մասին լսած էր։ Սակայն եւ այնպէս, զայն տուն կ’ընդունի առանց մանրամասն բացատրութիւն սպասելու։ Յիսուս ալ այսպիսի ընդառաջող հոգի մը ունի, նախաքայլը առնելով մօտենալու մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն, որոնք առակին մէջ պատկերացուած են որպէս անառակ որդին։
Ճիշդ է որ Յիսուսի առակին ներատես հայրը, իր որդւոյն վերադարձը եւ անոր տխուր ու ընկճուած կերպարանքը տեսնելով, անոր զղջումին մասին գաղափար մը կազմած է։ Սակայն հօրը սիրալիր ընդառաջումը կը դիւրացնէ որ որդին իր մեղքերը խոստովանի, ինչպէս Յիսուս կը պատմէ. «Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ’»։
Որդին տակաւին խօսքը չվերջացուցած, հայրը գործի կ’անցնի իր ծառաներուն հրամայելով. «Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։ Ապա կը սկսին ‘ուրախութիւն ընել’։
Այս միջոցին, հօրը ‘մեծ որդին ագարակն էր’։ Պատմութեան մնացեալ մասը լսելով, կրնա՞ք անոր ինքնութիւնը ճշդել։ Յիսուս մեծ որդւոյն մասին կ’ըսէ. «Երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’»։
Որո՞նք, մեծ որդւոյն նման քննադատական կեցուածք ունեցան մեղաւորներուն տրուած ողորմած ուշադրութեան համար։ Արդեօք դպիրներն ու Փարիսեցիները չե՞ն։ Մեղաւորները ընդունելու շուրջ Յիսուսի դէմ իրենց ըրած քննադատութիւնը դուռ բացած էր այս առակին։ Ուստի, յստակօրէն այս մեծ որդիով պատկերացուածները իրե՛նք են։
Յիսուս իր պատմութիւնը կ’եզրափակէ իր անդրանիկ որդւոյն ուղղուած հօրը գթաշարժ խօսքերով. «Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։
Այսպէս, Յիսուս մեծ որդւոյն վարմունքը անլուծելի կը թողու։ Իրականութեան մէջ, հետագային, Յիսուսի մահուընէ ու յարութենէն ետք, «քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին», հաւանաբար նոյնիսկ «մեծ որդի» դասակարգէն ոմանք, որոնց Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ հոս։
Սակայն, արդի օրերուն այս երկու որդիները որո՞նք կը պատկերացնեն։ Անոնք պէտք է ըլլան այն անհատները, որոնք Եհովայի նպատակներուն մասին բաւարար գիտութիւն ստացած են, որպէսզի իրեն հետ յարաբերութեան մէջ մտնեն։ Մեծ որդին կը պատկերացնէ «պզտիկ հօտ»ի անդամներէն կամ «երկինքը գրուած անդրանիկներ»էն ոմանք։ Ասոնք մեծ որդիին վերաբերմունքին նման դիրք մը որդեգրեցին. երկրային դասակարգ մը՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ ողջունելու փափաքը չունէին, որ այժմ աւելի ուշադրութիւն կը ստանար։
Միւս կողմէ, անառակ որդին կը պատկերացնէ Աստուծոյ ժողովուրդէն անոնք, որոնք կը հեռանան, որպէսզի աշխարհի հրամցուցած հաճոյքները վայելեն։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, զղջալով կը վերադառնան եւ անգամ մը եւս Աստուծոյ գործունեայ ծառաները կ’ըլլան։ Իրապէս, որքա՜ն սիրալիր եւ գթառատ է Հայրը անոնց հանդէպ, որոնք ներում ստանալու կարիքը կը տեսնեն եւ իրե՛ն կը վերադառնան։ Ղուկաս 15։11-32. Ղեւտացւոց 11։7, 8. Գործք 6։7. Ղուկաս 12։32. Եբրայեցիս 12։23. Յովհաննու 10։16
▪ Յիսուս այս առակը կամ պատմութիւնը որո՞նց կը պատմէ, եւ ինչո՛ւ։
▪ Պատմութեան մէջի գլխաւոր դերակատարը ո՞վ է, եւ ի՞նչ կը պատահի իրեն։
▪ Յիսուսի օրերուն, հայրը եւ պզտիկ որդին որո՞նք կը ներկայացնեն։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս կ’ընդօրինակէ իր առակին մէջի կարեկից հօր օրինակը։
▪ Իր եղբօր տրուած ընդունելութեան մասին մեծ որդւոյն տեսակէտը ի՞նչ է, եւ Փարիսեցիները ի՞նչպէս մեծ որդւոյն պէս կը վարուին։
▪ Յիսուսի առակը ի՞նչ կատարում ունի մեր օրերուն։