Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւն

Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւն

Գլուխ 50

Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւն

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ կատարելու կերպերուն մասին իր առաքեալներուն հրահանգներ տալէ ետք, Յիսուս զանոնք կը զգուշացնէ հակառակորդներու դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. . . . մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք»։

Հակառակ իր հետեւորդներուն դիմագրաւելիք բուռն հալածանքին, Յիսուս իրենց վստահութիւն ներշնչելով կը խոստանայ. «Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի»։

Յիսուս կը շարունակէ. «Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք»։ Ան կ’աւելցնէ. «Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։

Քարոզչութիւնը առաջնակարգ կարեւորութիւնը ունի։ Ուստի այս գործը անարգել շարունակելու կարող ըլլալու համար, Յիսուս կը շեշտէ շրջահայեաց ըլլալու կարիքը։ «Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ», կ’ըսէ ան։

Ճիշդ է որ Յիսուս իր 12 առաքեալներուն տուաւ այս հրահանգը, ազդարարութիւնը եւ քաջալերութիւնը, բայց անոնք վաւերական են նաեւ անոնց՝ որոնք իր մահէն ու յարութենէն ետք, քարոզելու աշխարհածաւալ գործունէութեան պիտի մասնակցէին։ Ասիկա ցոյց կը տրուի Յիսուսի խօսքէն, երբ ըսաւ որ իր աշակերտները «ամենուն ատելի» պիտի ըլլային, ոչ միայն Իսրայելացիներուն՝ որոնց քարոզելու համար ղրկուած էին առաքեալները։ Ասկէ զատ, առաքեալները բացայայտօրէն կուսակալներու եւ թագաւորներու առջեւ չտարուեցան իրենց քարոզչութեան այդ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին, զոր Յիսուս կազմակերպեց։ Նաեւ, այդ ատեն հաւատացեալները մահուան չմատնուեցան իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ։

Ուստի, երբ կ’ըսէ որ իր աշակերտները իրենց քարոզելու ամբողջ շրջանը պիտի չամբողջացնէին «մինչեւ Որդին մարդոյ գայ», Յիսուս մարգարէաբար ըսել կ’ուզէր, թէ իր աշակերտները Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութիւնը քարոզելու համար երկրի համայն բնակուած շրջանը ամբողջացնելէ առաջ, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Թագաւորը, որպէս Եհովայի դահիճը, պիտի գար՝ Արմագեդոնին։

Քարոզչութեան մասին իր հրահանգները շարունակելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն»։ Ուստի, Յիսուսի հետեւորդները հալածանք եւ գէշ վերաբերմունք պէտք է ակնկալեն, ինչպէս ինք՝ քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզեն։ Սակայն ան կը յորդորէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել»։

Այս առնչութեամբ Յիսուս օրինակ պիտի հանդիսանար։ Ան խիզախօրէն պիտի դիմագրաւէր մահը, Ամենահզօրին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հաւատարմութեան մէջ որեւէ զիջում չընելով։ Այո, Եհովա՛ն է որ կրնայ անհատի մը «հոգին» (որպէս ապրող անձ մը, ապագայ կեանքի ակնկալութիւնը) կորսնցնել, եւ կամ անհատ մը յարուցանել, անոր յաւիտենական կեանք տալու համար։ Ի՜նչ սիրալիր, կարեկից երկնաւոր Հայր մըն է Եհովան։

Ապա Յիսուս իր աշակերտները կը քաջալերէ օրինակ մը տալով, որ կը շեշտէ Եհովայի սիրալիր հոգածութիւնը անոնց հանդէպ։ «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», ՆԱ]», կը հարցնէ ան։ «Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։

Թագաւորութեան պատգամը, զոր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յանձնարարէ որ քարոզեն, ընտանիքները պիտի բաժնէ, քանի որ ընտանիքի կարգ մը անդամներ պիտի ընդունին զայն, մինչ ուրիշներ՝ պիտի մերժեն։ «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր», կը բացատրէ ան։ Հետեւաբար, քաջութիւն կը պահանջէ որ ընտանիքի անդամ մը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունի։ «Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ», կ’ըսէ ան։

Յիսուս իր տուած հրահանգները կ’եզրափակէ, բացատրելով թէ իր աշակերտները ընդունողները՝ զինք ընդունած կ’ըլլան։ «Ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։ Մատթէոս 10։16-42

Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւններ կու տայ իր աշակերտներուն։

Յիսուս ի՞նչ քաջալերութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ անոնց։

Յիսուսի հրահանգները ինչո՞ւ արդի Քրիստոնեաներուն ալ կը կիրարկուին։

Յիսուսի աշակերտ մը ի՞նչ իմաստով իր վարդապետէն աւելի չէ։