Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հակաճառութեան նիւթ մը

Հակաճառութեան նիւթ մը

Գլուխ 41

Հակաճառութեան նիւթ մը

ՍԻՄՈՆԻ տունը հիւրասիրուելէ քիչ ետք, Յիսուս քարոզչական երկրորդ շրջապտոյտի մը կը ձեռնարկէ Գալիլիոյ մէջ։ Այս թաղամասին մէջ իր կատարած նախկին շրջապտոյտին, իրեն կ’ընկերակցէին իր առաջին աշակերտները՝ Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս։ Բայց հիմա 12 առաքեալները իր հետ են, ինչպէս նաեւ կարգ մը կիներ։ Անոնց մէջ են՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Շուշանը եւ Յովհաննան, որու ամուսինը Հերովդէս Թագաւորին մէկ պաշտօնեան է։

Մինչ Յիսուսի ծառայութիւնը հետզհետէ կ’ընդլայնի, իր գործունէութեան մասին հակաճառութիւնն ալ կ’աւելնայ։ Դիւահար մարդ մը կը բերեն Յիսուսի, որ միեւնոյն ատեն կոյր եւ համր է։ Երբ Յիսուս կը բժշկէ զայն, դիւային ազդեցութենէն ձերբազատուելով, ան կրնայ խօսիլ եւ տեսնել։ Ժողովուրդը մեծապէս կը տպաւորուի։ Անոնք կը սկսին ըսել. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։

Այնքան մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի այն տան շուրջ, ուր Յիսուս կը մնայ, որ ինք եւ իր աշակերտները չեն կրնար նոյնիսկ ճաշել։ Զինք խոստացեալ «Դաւիթի որդին» նկատողներու կողքին, կան նաեւ դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որոնք մինչեւ Երուսաղէմէն եկած են զինք վարկաբեկելու համար։ Երբ Յիսուսի ազգականները կը լսեն իր շուրջ եղած խլրտումին մասին, կու գան որ զինք բռնեն։ Ի՞նչ պատճառով։

Այո, նոյնիսկ Յիսուսի եղբայրները, մինչեւ այդ ժամանակ տակաւին չեն հաւատար որ ինք Աստուծոյ Որդին է։ Նաեւ, իր ստեղծած խլրտումն ու խռովութիւնը ամբողջովին հակառակ են Նազարէթի մէջ մեծցած եւ իրենց ճանչցած Յիսուսի յատկանիշներուն։ Հետեւաբար, անոնք կը կարծեն թէ Յիսուս մտային լուրջ խանգարում մը ունի։ «Խելռած է», կ’եզրակացնեն անոնք եւ կ’ուզեն զինք բռնել եւ տանիլ։

Սակայն ապացոյցը յստակ է թէ Յիսուս բուժած էր դիւահար մարդը։ Դպիրները եւ Փարիսեցիները գիտեն թէ չեն կրնար ասոր իրական ըլլալը ժխտել։ Հետեւաբար Յիսուսը վարկաբեկելու համար, անոնք կ’ըսեն ժողովուրդին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։

Գիտնալով իրենց խորհուրդը, Յիսուս դպիրները եւ Փարիսեցիները իր քով կը կանչէ եւ կ’ըսէ. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։ Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը»։

Ի՜նչ ուժեղ պատճառաբանութիւն մը։ Քանի որ Փարիսեցիները կը դաւանին որ իրենց դասին պատկանող անհատներ ալ դեւեր հանած են, Յիսուս նաեւ կը հարցնէ. «Եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն»։ Ուրիշ խօսքով, Յիսուսի դէմ իրենց կատարած ամբաստանութիւնները նոյն չափով կը կիրարկուին նաեւ իրենց։ Ապա Յիսուս կ’ազդարարէ, ըսելով. «Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է»։

Բացատրելու համար թէ ինք դեւեր հանելով կ’ապացուցանէ Սատանայի վրայ իր ունեցած զօրութիւնը, Յիսուս կ’ըսէ. «Ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ»։ Բացայայտօրէն Փարիսեցիները Յիսուսի դէմ են, ապացուցանելով որ իրենք Սատանայի գործակալներն են, քանի որ Իսրայելացիները ցիրուցան ընելով, Իրմէ կը հեռացնեն։

Հետեւաբար, Յիսուս կը զգուշացնէ այս սատանայական հակառակորդները թէ «Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց»։ Ան կը բացատրէ, ըսելով. «Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհին մէջ»։ Այդ դպիրները եւ Փարիսեցիները այդ աններելի մեղքը գործած են, չարամտութեամբ Սատանային վերագրելով ինչ որ բացայայտօրէն Աստուծոյ սուրբ հոգիին հրաշալի գործողութիւնն է։ Մատթէոս 12։22-32. Մարկոս 3։19-30. Ղուկաս 8։1-3. Յովհաննու 7։5

Յիսուսի դէպի Գալիլիա կատարած երկրորդ շրջապտոյտը ի՞նչպէս կը տարբերի առաջինէն։

Ինչո՞ւ Յիսուսի ազգականները կը փորձեն զինք բռնել։

Փարիսեցիները ի՞նչպէս կը ջանան վարկաբեկել Յիսուսի հրաշքները, եւ Յիսուս ի՞նչպէս կը հերքէ անոնց ըսածը։

Այդ Փարիսեցիները ի՞նչով յանցաւոր են եւ ինչո՛ւ։