Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հայրութեան հարցը

Հայրութեան հարցը

Գլուխ 69

Հայրութեան հարցը

ՏՕՆԱԿԱՆ օրերուն, Յիսուսի խօսակցութիւնը Հրեայ առաջնորդներուն հետ աւելի կը սաստկանայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ Աբրահամի սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։

Թէեւ իրենց հօրը ինքնութիւնը չի յայտներ, բայց Յիսուս յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ իրենց հայրը իր Հօրմէն տարբեր է։ Չհասկնալով Յիսուսի միտքը, Հրեայ առաջնորդները կը պատասխանեն. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Անոնք կը խորհին որ Աստուծոյ բարեկամը եղող Աբրահամի հաւատքը ունին։

Սակայն Յիսուս իր պատասխանով կը ցնցէ զիրենք, ըսելով. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք»։ Արդարեւ, իրական որդի մը իր հայրը կ’ընդօրինակէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ»։ Ուստի Յիսուս դարձեալ կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։

Տակաւին անոնք չեն հասկնար թէ Յիսուս ի՛նչ բանի կ’ակնարկէ։ Անոնք կը պնդեն թէ իրենք Աբրահամի օրինաւոր որդիներն են, ըսելով. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած»։ Հետեւաբար, Աբրահամի նման ճշմարիտ երկրպագուներ ըլլալ դաւանելով, անոնք կը պնդեն. «Մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։

Բայց արդեօք Աստուա՞ծ է անոնց Հայրը։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքնիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։ Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար»։

Յիսուս այս կրօնական առաջնորդներուն կը փորձէր ցոյց տալ զինք մերժելուն հետեւանքները։ Արդ, ան շեշտակիօրէն կ’ըսէ անոնց. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Բանսարկուն ի՞նչպիսի հայր մըն է։ Յիսուս անոր ինքնութիւնը կը յայտնէ որպէս մարդասպան, նաեւ կ’ըսէ. «Անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։ Ուստի, Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։

Յիսուսի մեղադրանքէն բարկացած, Հրեաները կը պատասխանեն. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ «Սամարացի» արտայայտութիւնը անարգանքի եւ նախատինքի համար գործածուած է, քանի որ Հրեաները կ’ատէին Սամարացիները։

Սամարացի ըլլալու մասին եղած անարգանքը անտեսելով, Յիսուս կը պատասխանէ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք»։ Շարունակելով, Յիսուս ապշեցուցիչ խոստում մը կու տայ. «Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ»։ Անշուշտ, Յիսուս ըսել չ’ուզեր թէ բոլոր իր հետեւորդները բառացիօրէն բնաւ մահ պիտի չտեսնեն, այլ՝ թէ անոնք բնաւ յաւիտենական բնաջնջում, կամ «երկրորդ մահ» պիտի չտեսնեն, որմէ յարութիւն չկայ։

Սակայն, Հրեաները Յիսուսի խօսքերը բառացիօրէն կ’առնեն։ Ուստի, կ’ըսեն. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ՝ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։

Այս ընդհանուր խօսակցութեան ընթացքին, Յիսուս բացայայտօրէն իր Մեսիա ըլլալուն կը մատնանշէ։ Բայց իր ինքնութեան մասին փոխանակ ուղղակիօրէն պատասխանելու անոնց հարցումներուն, ան կ’ըսէ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է, բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ»։

Շարունակելով, Յիսուս դարձեալ հաւատարիմ Աբրահամի ակնարկութիւն կ’ընէ, ըսելով. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ Այո, հաւատքի աչքերով Աբրահամ առաջ նայեցաւ ու տեսաւ խոստացեալ Մեսիային գալը։ Հրեաները թերահաւատութեամբ կ’ըսեն. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։

«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես», կը պատասխանէ Յիսուս։ Անշուշտ, ան իր նախամարդկային գոյութեան մասին կը խօսի, երկնքի մէջ որպէս հզօր հոգեղէն անհատ մը։

Աբրահամէն առաջ ըլլալու մասին Յիսուսի խօսքերէն զայրացած, Հրեաները քարեր կը վերցնեն որպէսզի անոր վրայ նետեն։ Բայց ան կը պահուըտի եւ անվնաս՝ տաճարէն դուրս կ’ելլէ։ Յովհաննու 8։37-59. Յայտնութիւն 3։14. 21։8

Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ինք եւ իր թշնամիները տարբեր հայրեր ունին։

Ի՞նչ իմաստով Հրեաները Յիսուսը Սամարացի կը կոչեն։

Ի՞նչ իմաստով Յիսուս կ’ըսէ թէ իր հետեւորդները բնաւ մահ պիտի չտեսնեն։