Հարիւրապետի մը մեծ հաւատքը
Գլուխ 36
Հարիւրապետի մը մեծ հաւատքը
ՅԻՍՈՒՍ իր Լերան Քարոզը տուած ժամանակ, ան իր հանրային ծառայութեան գրեթէ կիսուն հասած է։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ան միայն տարի մը եւ շուրջ ինը ամիս ունի իր երկրային գործը ամբողջացնելու համար։
Այժմ, Յիսուս կը մտնէ Կափառնայում քաղաքը, որ ձեւով մը իր գործունէութիւններուն կեդրոնը դարձուցած է։ Հոն Հրեայ երէցներ կը մօտենան իրեն եւ խնդրանք մը կը ներկայացնեն։ Անոնք հռովմէական բանակի պաշտօնեայի մը կողմէ ղրկուած են, որ հեթանոս՝ Հրեաներէն տարբեր ցեղի պատկանող՝ մարդ մըն է։
Այս հարիւրապետին սիրելի ծառան մահամերձ է, լուրջ հիւանդութեան մը պատճառաւ, եւ կ’ուզէ որ Յիսուս բուժէ զայն։ Հրեաները պաշտօնեային համար կը թախանձեն եւ կ’ըսեն. «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես, վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։
Առանց վարանելու, Յիսուս այդ մարդոց հետ կ’երթայ։ Սակայն, երբ կը մօտենան, հարիւրապետը իր բարեկամները կը ղրկէ ըսելու համար. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։ Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու»։
Ի՜նչ հեզ արտայայտութիւն մը պաշտօնեայի մը կողմէ, որ ուրիշներուն հրամայելու սովորութիւնը ունի։ Բայց հաւանաբար ան նաեւ կը մտածէ Յիսուսի մասին, գիտնալով որ սովորութիւնը կ’արգիլէ որ Հրեայ մը ընկերային կապեր ունենայ ոչ–Հրեայի մը հետ։ Նոյնիսկ Պետրոս ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը»։
Հաւանաբար չուզելով որ Յիսուս այս սովորութիւնը բռնաբարելու հետեւանքէն տառապի, հարիւրապետը իր բարեկամներուն միջոցաւ կը խնդրէ իրմէ. «Հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։
Արդ, երբ Յիսուս կը լսէ ասիկա, կը սքանչանայ։ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի», կ’ըսէ ան, «թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։ Հարիւրապետին ծառան բուժելէ ետք, Յիսուս առիթը կ’օգտագործէ բացատրելու թէ ի՛նչպէս հաւատք ունեցող ոչ–Հրեաներ, այնպիսի օրհնութիւններ պիտի վայելեն, զորս մերժեցին անհաւատ Հրեաները։
Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ. իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
‘Դուրսի խաւարը ձգուող թագաւորութեան որդիները’ բնական Հրեաներն են, որոնք չընդունեցին Քրիստոսի հետ իշխանակիցներ ըլլալու պատեհութիւնը, որ նա՛խ իրենց հրամցուած էր։ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ կը ներկայացնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը։ Այս կերպով, Յիսուս կը պատմէ թէ հեթանոսները ինչպէս պիտի հրաւիրուին երկնային սեղանին շուրջ բազմելու, որպէս թէ «երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ Ղուկաս 7։1-10. Մատթէոս 8։5-13. Գործք 10։28
▪ Հրեաները ինչո՞ւ կը թախանձեն հեթանոս հարիւրապետի մը ի նպաստ։
▪ Հաւանաբար ի՞նչ պատճառով պաշտօնեան չի հրաւիրեր Յիսուսը որ իր տունը մտնէ։
▪ Յիսուս իր եզրափակիչ խօսքերով ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։