Հարուստ մարդը եւ Ղազարոս
Գլուխ 88
Հարուստ մարդը եւ Ղազարոս
ՅԻՍՈՒՍ իր աշակերտներուն կը խօսէր նիւթական հարստութեան պատշաճ գործածութեան մասին, բացատրելով որ չենք կրնար ծառայել թէ՛ նիւթական հարստութեան եւ թէ՝ Աստուծոյ։ Փարիսեցիներն ալ մտիկ կ’ընեն եւ քանի որ դրամասէր են, կը սկսին քամահրել Յիսուսը։ Ուստի Յիսուս կ’ըսէ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է»։
Աշխարհային հարստութիւն, քաղաքական հեղինակութիւն եւ կրօնական հակակշիռ ունեցողներուն համար, ժամանակը եկած է՝ որ վիճակի փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ։ Անոնք պէտք է ցածնան, մինչդեռ իրենց հոգեւոր կարիքը զգացողները, պէտք է բարձրանան։ Յիսուս այսպիսի փոփոխութեան մը կ’ակնարկէ, երբ կը շարունակէ ըսել Փարիսեցիներուն.
«Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս [Մկրտիչ] էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ»։
Դպիրներն ու Փարիսեցիները հպարտութեամբ կը դաւանին որ Մովսէսի Օրէնքին կառչած են։ Յիշեցէք որ երբ Յիսուս հրաշքով կոյր մարդու մը աչքերը բացաւ Երուսաղէմի մէջ, անոնք պարծենկոտ կերպով ըսին. «Մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ»։ Սակայն այժմ, Մովսէսի Օրէնքը իր նպատակին հասած էր, խոնարհ անհատները Աստուծոյ նշանակած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ առաջնորդելով։ Ուստի Յովհաննէսի ծառայութեամբ, ամէն տեսակ մարդիկ՝ մասնաւորաբար խոնարհներն ու աղքատները, կը ջանան Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ։
Քանի որ Մովսիսական Օրէնքը այժմ իր կատարումին կը հասնէր, այլեւս զայն պահելու պարտադրութիւնը պիտի վերցուէր։ Օրէնքը ամուսնալուծումը կ’արտօնէր զանազան պատճառներով, սակայն Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ Այսպիսի յայտարարութիւններ որքա՜ն զայրացուցած ըլլալու էին Փարիսեցիները, մանաւանդ որ անոնք որեւէ պատճառով ամուսնալուծումը կ’արտօնէին։
Փարիսեցիներուն ըրած իր նկատողութիւնները շարունակելով, Յիսուս առակ մը կը պատմէ, ուր կը ներկայացնէ երկու մարդ, որոնց վիճակը կամ կացութիւնը խիստ մեծ փոփոխութեան կ’ենթարկուի։ Կրնա՞ք ըսել թէ այս երկու մարդիկը որոնք կը ներկայացնեն, եւ իրենց վիճակի փոփոխութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
Յիսուս կը բացատրէ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին»։
Յիսուս հոս հարուստ մարդը կը գործածէ Հրեայ կրօնական առաջնորդները պատկերացնելու համար, որոնք կը պարփակեն ո՛չ թէ միայն Փարիսեցիներն ու դպիրները, այլ նաեւ՝ Սադուկեցիներն ու քահանայապետները։ Անոնք հարուստ են հոգեւոր առանձնաշնորհումներով ու պատեհութիւններով, եւ ճիշդ հարուստ մարդուն նման կը վարուին։ Ծիրանի զգեստները կը ներկայացնեն իրենց առանձնաշնորհեալ դիրքը, իսկ բեհեզը՝ իրենց ինքնարդարութիւնը կը պատկերացնէ։
Այս հպարտ, հարուստ–մարդ դասակարգը, աղքատ հասարակ ժողովուրդը խիստ արհամարհանքով կը դիտէ՝ զանոնք կոչելով ամ հա·արեց, կամ գետնի մարդիկ։ Ուստի, աղքատ Ղազարոսը կը ներկայացնէ այս մարդիկը, որոնց կրօնական առաջնորդները կը զլանան հոգեւոր պատշաճ սնունդ եւ առանձնաշնորհումներ տալ։ Հետեւաբար, ճիշդ վէրքերով լեցուն Ղազարոսին պէս, հասարակ ժողովուրդը արհամարհուած է որպէս հոգեւորապէս հիւանդ եւ միայն շուներու ընկերակցութեան արժանի։ Սակայն, Ղազարոս դասակարգը անօթի ու ծարաւ է հոգեւոր սնունդի, անոր համար դրան առջեւ է, հարուստ մարդուն սեղանէն ինկած հոգեւոր գիտութեան փշրանքները ստանալու ակնկալութեամբ։
Այժմ Յիսուս կը շարունակէ հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին վիճակի փոփոխութեան մասին խօսիլ։ Ի՞նչ են այս փոփոխութիւնները եւ անոնք ի՞նչ կը ներկայացնեն։
Հարուստ Մարդը եւ Ղազարոսը Փոփոխութեան կ’Ենթարկուին
Հարուստ մարդը կը ներկայացնէ կրօնական առաջնորդները, որոնք հոգեւոր առանձնաշնորհումներ ու պատեհութիւններ կը վայելեն, իսկ Ղազարոս կը պատկերացնէ հասարակ ժողովուրդը, որ անօթի է հոգեւոր սնունդի։ Յիսուս իր պատմութիւնը կը շարունակէ, նկարագրելով հոգեյոյզ փոփոխութիւն մը այս երկու մարդոց պարագաներուն մէջ։
Յիսուս կ’ըսէ. «Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։ Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած»։
Քանի որ հարուստ մարդն ու Ղազարոսը բառացի անձեր չեն, այլ՝ մարդոց դասակարգեր կը պատկերացնեն, տրամաբանօրէն իրենց մահն ալ այլաբանական է։ Իրենց մահը ի՞նչ կը պատկերացնէ, կամ կը ներկայացնէ։
Յիսուս տակաւին նոր նշած էր որ պարագաներու փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար, ըսելով. «Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի»։ Ուստի, Յովհաննէսի եւ Յիսուս Քրիստոսի քարոզչութեամբ է որ հարուստ մարդը եւ Ղազարոսը կը մեռնին իրենց նախկին պարագաներուն, կամ վիճակին նկատմամբ։
Ղազարոս դասակարգի խոնարհ ու զղջացող անդամները կը մեռնին իրենց նախկին հոգեւորապէս զրկուած վիճակէն, եւ աստուածային հաճութեան դիրքի մէջ կու գան։ Մինչ նախապէս կրօնական առաջնորդներուն կը նայէին, հոգեւոր սեղանէն ինկած փշրանքներէն կերակրուելու համար, այժմ Յիսուսի կողմէ մատակարարուած հոգեւոր ճշմարտութիւնները իրենց կարիքները կը գոհացնեն։ Այս կերպով, անոնք Մեծագոյն Աբրահամի՝ Եհովա Աստուծոյ՝ գոգը, կամ հաճելի դիրքի մը մէջ կը բերուին։
Միւս կողմէ, հարուստ–մարդ դասակարգը կազմողները, աստուածային տհաճութեան կ’արժանանան, յամառօրէն մերժելով ընդունիլ Յիսուսի կողմէ տրուած Թագաւորութեան պատգամը։ Այդպէս ընելով, անոնք կը մեռնին իրենց նախկին երեւութապէս հաճութեան դիրքին նկատմամբ։ Իրականութեան մէջ, կ’ըսուի որ անոնք այլաբանական չարչարանքի մէջ են։ Հիմա լսեցէք թէ հարուստ մարդը ինչ կ’ըսէ.
«Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ»։ Յիսուսի աշակերտներուն կողմէ յայտարարուած Աստուծոյ կրակոտ դատաստանական պատգամներն են որ կը տանջեն հարուստ–մարդ դասակարգը։ Անոնք կ’ուզեն որ աշակերտները այս պատգամները յայտարարելէ ետ կենան, քիչ մը հանգստութիւն տալով իրենց։
«Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։ Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին’»։
Որքա՜ն արդար եւ պատշաճ է որ վիճակներու այսպիսի արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ Ղազարոս դասակարգին եւ հարուստ–մարդ դասակարգին միջեւ։ Վիճակներու փոփոխութիւնը տեղի կ’ունենայ քանի մը ամիս ետք, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Օրէնքի հին Ուխտը կը փոխարինուի նոր ուխտով։ Այն ատեն, բացայայտ կ’ըլլայ որ աշակերտնե՛րն են որ Աստուծոյ հաճութեան կ’արժանանան, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցիները եւ կրօնական ուրիշ առաջնորդներ։ Հետեւաբար, այլաբանական հարուստ մարդը, Յիսուսի աշակերտներէն բաժնող «մեծ անդունդ»ը կը ներկայացնէ Աստուծոյ անփոփոխելի, արդար դատաստանը։
Ապա, հարուստ մարդը կը խնդրէ «հայր Աբրահամ»էն. «Կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես, քանզի հինգ եղբայր ունիմ»։ Հարուստ մարդը այս կերպով կը խոստովանի որ սերտ յարաբերութիւն մը ունի ուրիշ հօր մը հետ, որ, իրականութեան մէջ, Բանսարկու Սատանան է։ Հարուստ մարդը կը խնդրէ որ Ղազարոս Աստուծոյ դատաստանական պատգամները մեղմացնէ, որպէսզի իր «հինգ եղբայր»ները՝ իր կրօնական դաշնակիցները, «այս չարչարանքին տեղը» չգան։
«Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’»։ Այո, եթէ «հինգ եղբայր»ները կը փափաքէին խուսափիլ տանջանքէն, ուշադրութիւն պէտք էր ընէին Մովսէսի եւ մարգարէներուն գրութեանց, որոնք Յիսուսի կը մատնանշէին որպէս Մեսիան, ապա՝ անոր աշակերտները պէտք էր ըլլային։ Սակայն հարուստ մարդը կ’առարկէ. «Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն»։
Սակայն, անոր կ’ըսուի. «Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին»։ Աստուած մասնայատուկ նշաններ կամ հրաշքներ պիտի չհայթայթէ մարդիկը համոզելու համար։ Անոնք պէտք է Սուրբ Գրութիւնները կարդան ու զանոնք կիրարկեն, որպէսզի իր հաճութեան արժանանան։ Ղուկաս 16։14-31. Յովհաննու 9։28, 29. Մատթէոս 19։3-9. Գաղատացիս 3։24. Կողոսացիս 2։14. Յովհաննու 8։44
▪ Ինչո՞ւ հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին մահը այլաբանական պէտք է ըլլայ, եւ անոնց մահուամբ ի՞նչ կը պատկերացուի։
▪ Յովհաննէսի ծառայութիւնը սկսելով, Յիսուս տեղի ունեցող ի՞նչ փոփոխութեան մը կը մատնանշէ։
▪ Յիսուսի մահուընէ ետք ի՞նչ բան պէտք է վերցուի, եւ ասիկա ի՞նչպէս պիտի ազդէ ամուսնալուծման հարցին։
▪ Յիսուսի առակին մէջ, որո՞նք կը ներկայացուին հարուստ մարդով եւ Ղազարոսով։
▪ Հարուստ մարդուն տանջանքը ի՞նչ կը պատկերացնէ, եւ ան ի՞նչ միջոց կը խնդրէ հանգստանալու համար։
▪ «Մեծ անդունդ»ը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
▪ Հարուստ մարդուն իսկական հայրը ո՞վ է, եւ իր հինգ եղբայրները որո՞նք են։