Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարսանեկան կոչունքի առակը

Հարսանեկան կոչունքի առակը

Գլուխ 107

Հարսանեկան կոչունքի առակը

ԵՐԿՈՒ առակներով, Յիսուս դպիրներն ու քահանայապետները քօղազերծեց, եւ անոնք կ’ուզեն սպաննել զայն։ Սակայն Յիսուս տակաւին գործ ունի անոնց հետ։ Շարունակելով, ուրիշ առակ մըն ալ կու տայ անոնց, ըսելով.

«Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ»։

Եհովա Աստուած է Թագաւորը որ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հարսանեկան կոչունք մը կը պատրաստէ։ Ժամանակի ընթացքին, 144,000 օծեալ հետեւորդներու հարս դասակարգը Յիսուսի պիտի միանայ երկնքի մէջ։ Թագաւորին հպատակները Իսրայէլի ժողովուրդն է, որ Օրէնքի ուխտին տակ բերուած ըլլալով Հ.Դ.Ա. 1513–ին, առիթը ունեցաւ «քահանայական թագաւորութիւն մը» ըլլալու։ Ուստի, այդ առիթով, առաջ իրենք հրաւիրուեցան հարսանեկան կոչունքին։

Սակայն, առաջին հրաւէրը անոնց տրուեցաւ Հ.Դ. 29–ին, երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները (թագաւորին ծառաները) Թագաւորութեան քարոզչութեան գործը սկսան։ Բայց մարմնաւոր Իսրայելացիները որ այս հրաւէրը ստացան ծառաներուն միջոցաւ Հ.Դ. 29–էն մինչեւ Հ.Դ. 33, չուզեցին գալ։ Ուստի, Աստուած հրաւիրեալ ազգին առիթ մը եւս տուաւ, ինչպէս Յիսուս կը պատմէ ըսելով.

«Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. ‘Ըսէք հրաւիրուածներուն. «Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք»’»։ Հրաւիրեալներուն այս երկրորդ ու վերջին հրաւէրը տրուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ Յիսուսի հետեւորդներուն վրայ։ Այս հրաւէրը շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ. 36 թուականը։

Իսրայելացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս հրաւէրն ալ մերժեց։ «Անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան», կ’ըսէ Յիսուս։ «Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին»։ Յիսուս կը շարունակէ. «Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց»։ Ասիկա պատահեցաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ Երուսաղէմ հիմնայատակ կործանեցաւ Հռովմայեցիներուն կողմէ, եւ այդ ոճրագործները սպաննուեցան։

Ապա Յիսուս կը բացատրէ թէ այդ միջոցին ի՛նչ պատահեցաւ. «Այն ատեն [թագաւորը] իր ծառաներուն ըսաւ. ‘Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք’»։ Ծառաները այդպէս ըրին ու «հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ»։

Ճամբաներուն գլուխներէն հիւրեր հրաւիրելու գործը սկսաւ Հ.Դ. 36–ին։ Հռովմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոս եւ իր ընտանիքը հաւաքուող առաջին անթլփատ ոչ–Հրեաներն էին։ Նախապէս հրաւէրը մերժողներուն տեղը առնող այս ոչ–Հրեաներուն հաւաքումը շարունակուեցաւ մինչեւ Ի. դար։

Քսաներորդ դարուն է որ հարսնետունը հրաւիրուածներով կը լեցուի։ Յիսուս կը պատմէ ինչ որ անկէ ետք կը պատահի, ըսելով. «Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, ըսաւ անոր. ‘Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի’։ Անիկա պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’»։

Հարսանեկան հանդերձ չունեցող մարդը կը պատկերացնէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կեղծ Քրիստոնեաները։ Աստուած երբեք չէ ընդունած զանոնք որպէս հոգեւոր Իսրայելացիներ։ Աստուած երբեք սուրբ հոգիով չէ օծած զանոնք, որպէս Թագաւորութեան ժառանգորդներ։ Ուստի անոնք կը նետուին դուրսի խաւարը, ուր պիտի կործանին։

Յիսուս իր առակը կ’եզրափակէ, ըսելով. «Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։ Այո, Իսրայէլի ժողովուրդէն շատե՜ր հրաւիրուած էին Քրիստոսի հարս դասակարգէն ըլլալու համար, սակայն միայն քիչ թիւով մարմնաւոր Իսրայելացիներ ընտրուեցան։ Երկնային վարձատրութիւնը ստացող 144,000 հրաւիրեալներուն մեծամասնութիւնը փաստօրէն ոչ–Իսրայելացիներ են։ Մատթէոս 22։1-14. Ելից 19։1-6. Յայտնութիւն 14։1-3

Սկիզբը որո՞նք հրաւիրուած էին հարսանեկան կոչունքին, եւ հրաւէրը ե՞րբ տրուեցաւ իրենց։

Հրաւէրը ե՞րբ առաջին անգամ տրուեցաւ հրաւիրեալներուն, եւ որո՞նք են այն ծառաները որոնք գործածուեցան հրաւէրը տալու։

Երկրորդ հրաւէրը ե՞րբ տրուեցաւ, եւ անկէ ետք որո՞նք հրաւիրուեցան։

Հարսանեկան հանդերձ չունեցող մարդը զո՞վ կը պատկերացնէ։

Շատ կանչուածները եւ քիչ ընտրուածները որո՞նք են։