Հոգեվարք՝ ցիցին վրայ
Գլուխ 125
Հոգեվարք՝ ցիցին վրայ
ՅԻՍՈՒՍԻ հետ երկու աւազակներ կ’առաջնորդուին մահապատիժի գործադրութեան համար։ Քաղաքէն ոչ շատ հեռու, թափօրը կանգ կ’առնէ Գողգոթա կոչուած վայրը, որ կը կոչուի նաեւ՝ Գանկի Տեղ։
Բանտարկեալներուն հանդերձները կը հանեն։ Ապա զմուռսով խառնուած գինի կը բերուի իրենց։ Ակներեւաբար անիկա պատրաստուած է Երուսաղէմի կիներուն կողմէ, եւ Հռովմէացիները արգելք չեն հանդիսանար ցցահարուող անհատներուն ցաւերը մեղմացնող այս դեղաջուրին։ Սակայն, Յիսուս երբ կը համտեսէ զայն, կը մերժէ խմել անկէ։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Քանի որ կ’ուզէ իր լման զգաստութիւնը պահել հաւատքի այս գերագոյն փորձի ընթացքին։
Յիսուսը այժմ ցիցին վրայ տարածած են, ձեռքերը գլխուն վերեւ դրուած։ Զինուորները մեծ գամեր կը խրեն իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ։ Ան ցաւագին կը գալարի մինչ գամերը անոր միսը եւ յօդակապերը կը ծակծկեն։ Երբ ցիցը կը բարձրացնեն, ցաւը անտանելի կը դառնայ, քանի որ մարմնին ծանրութեան ներքեւ, գամերուն պատճառած վէրքերը աւելի կը պատռտին։ Սակայն, փոխանակ Հռովմայեցի զինուորներուն սպառնալու, Յիսուս անոնց համար կ’աղօթէ, ըսելով. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։
Պիղատոս տախտակ մը դրած է ցիցին վրայ որ կ’ըսէ. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ Ակներեւաբար, ան այսպէս կը գրէ ոչ թէ քանի որ կը յարգէ Յիսուսը, այլ՝ քանի որ կ’ատէ Հրեայ քահանաները, որոնք Յիսուսի մահապատիժի դատավճիռը իրմէ բռնի խլած էին։ Որպէսզի բոլորն ալ կարող ըլլան գրութիւնը կարդալ, Պիղատոս երեք լեզուներով՝ Եբրայերէնով, պաշտօնական Լատիներէնով եւ հասարակ Յունարէնով՝ գրել կու տայ։
Կայիափա, Աննա եւ այլ քահանայապետները ճարահատ են։ Այս դրական յայտարարութիւնը կ’աւրէ իրենց յաղթանակի ժամը։ Հետեւաբար՝ անոնք կը բողոքեն. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ Քահանաներուն ձեռքին մէջ խամաճիկ ըլլալէն զայրացած՝ Պիղատոս վճռակամ արհամարհանքով կը պատասխանէ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի»։
Քահանաները, մեծ բազմութեան հետ մէկտեղ, այժմ մահապատիժի վայրը կը հաւաքուին եւ քահանաները կը հերքեն տախտակին տուած վկայութիւնը։ Անոնք կը կրկնեն այն սուտ վկայութիւնը, որ նախապէս Սենետրիոնի դատավարութեանց ընթացքին տրուած էր։ Ուստի զարմանալի չէ որ անցորդները կը սկսին նախատանքով խօսիլ, եւ իրենց գլուխները հեգնականօրէն շարժելով ըսել. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։
«Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել», կը յանկերգեն քահանաներն ու իրենց կրօնական բարեկամները։ «Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։ Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’»։
Հռովմայեցի զինուորներն ալ նոյն հոգիէն վարակուած՝ կը ծաղրեն Յիսուսը։ Անոնք հեգնանքով քացախ կը հրամցնեն, ակներեւաբար զայն երկարելով իր չորցած շրթունքներուն հասողութենէն անդին։ «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ», կ’ըսեն ծաղրանքով։ Նոյնիսկ չարագործները՝ որոնցմէ մէկը Յիսուսի աջ կողմը եւ միւսը ձախ կողմը ցցահարուած են, կը ծաղրեն զայն։ Մտածեցէ՜ք պահ մը։ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը, այո, ան՝ որ Եհովայի հետ բոլոր բաները ստեղծելու մէջ բաժին ունեցած է, ուղղակիօրէն այս ամբողջ արհամարհանքին կ’ենթարկուի։
Զինուորները Յիսուսի հանդերձները կ’առնեն եւ չորս մասի կը բաժնեն։ Անոնք վիճակ կը ձգեն տեսնելու համար թէ անոնք որո՞նց պիտի իյնան։ Պատմուճանը, սակայն, առանց կարի է, լաւագոյն որակէն ըլլալով։ Ուստի զինուորները կ’ըսեն իրարու. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ»։ Այսպէս, առանց գիտնալու, անոնք կը կատարեն այն մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։
Ժամանակի ընթացքին, չարագործներէն մէկը կը սկսի գնահատել թէ Յիսուս ճշմարտապէս թագաւոր մը պէտք է ըլլայ։ Ուստի, իր ընկերակիցը յանդիմանելով կ’ըսէ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ Ապա Յիսուսին դառնալով, աղաչանքով կ’ըսէ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։
‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր’, կը պատասխանէ Յիսուս, «ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Այս խոստումը պիտի կատարուի, երբ Յիսուս որպէս Թագաւոր իշխէ երկնքէն եւ յարուցանէ այս զղջացող չարագործը երկրային կեանքի, այն Դրախտին մէջ, զոր Արմագեդոնէն վերապրողները եւ իրենց ընկերակիցները մշակելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։ Մատթէոս 27։33-44. Մարկոս 15։22-32. Ղուկաս 23։27, 32-43. Յովհաննու 19։17-24
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կը մերժէ զմուռսով խառնուած գինին խմել։
▪ Ինչո՞ւ, ակներեւաբար, Յիսուսի ցիցին վրայ տախտակ մը դրուած է, եւ ի՞նչ խօսակցութիւն կը սկսի Պիղատոսի եւ քահանայապետներուն միջեւ։
▪ Յիսուս յաւելեալ ի՞նչ նախատինք կը ստանայ ցիցին վրայ, եւ ակներեւաբար ի՞նչ բանէ մղուած։
▪ Յիսուսի հանդերձներուն նկատմամբ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կը կատարուի։
▪ Չարագործներէն մին ի՞նչ փոփոխութիւն կ’ունենայ, եւ Յիսուս ի՞նչպէս պիտի կատարէ իր խնդրանքը։