Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հպարտը եւ հեզը

Հպարտը եւ հեզը

Գլուխ 39

Հպարտը եւ հեզը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մկրտիչի առաքինութիւնները յիշելէ ետք, Յիսուս իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ իր շուրջ գտնուող հպարտ, յեղյեղուկ մարդոց վրայ։ «Այս ազգը», կ’ըսէ ան, «կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’»։

Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Ան կը բացատրէ. «Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’»։

Անկարելի է մարդիկը գոհացնել։ Անոնք բան մը չեն հաւնիր։ Յովհաննէս որպէս ուխտաւոր մը, ինքնազրկումի դաժան կեանք մը ապրեցաւ, ըստ հրեշտակին յայտարարութեան, թէ՝ «գինի եւ օղի պիտի չխմէ»։ Սակայն ըսին որ դեւ կայ անոր մէջ։ Միւս կողմէն, Յիսուս միւս մարդոց նման կ’ապրի, ոչ մէկ ինքնազրկում ընելով, եւ զինք կը դատապարտեն որպէս ծայրայեղ։

Ի՜նչ դժուար է մարդիկը հաճեցնել։ Անոնք կարգ մը խաղընկերներու կը նմանին, որոնք կը մերժեն պարել, երբ ուրիշ երախաներ սրինգ կը նուագեն, կամ կը մերժեն սգալ, երբ ուրիշներ կ’ողբան։ Այսուհանդերձ, Յիսուս կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն [«գործերէն», ՆԱ]»։ Այո, ապացոյցը՝ գործերը՝ յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Յովհաննէսի եւ Յիսուսի դէմ եղած ամբաստանութիւնները սուտ են։

Ապա Յիսուս կը շարունակէ այպանել Քորազին, Բեթսայիդա եւ Կափառնայում քաղաքները, ուր կատարած էր իր զօրաւոր հրաշքներէն շատերը։ Եթէ զանոնք կատարած ըլլար Փիւնիկէ, Տիւրոս եւ Սիդոն քաղաքներուն մէջ, կ’ըսէ Յիսուս, այդ քաղաքները քուրձով եւ մոխիրով զղջացած պիտի ըլլային։ Կափառնայումը դատապարտելով, որ երեւութապէս իր ծառայութեան կեդրոնը եղած էր, Յիսուս կը յայտարարէ. «Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։

Ապա Յիսուս հանրապէս կը փառաբանէ իր երկնաւոր Հայրը։ Ան կը մղուի ասիկա ընել, քանի որ Աստուած թանկագին հոգեւոր ճշմարտութիւնները կը պահէ իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ այս հոյակապ բաները կը յայտնէ հեզերուն՝ այդպէս կոչուած տղոց։

Ի վերջոյ, Յիսուս կու տայ գթաշարժ հրաւէրը, ըսելով. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։

Յիսուս ի՞նչպէս այս հանգստութիւնը կու տայ։ Գերեվարող աւանդութիւններէն ազատութիւն հայթայթելով, որոնցմով կրօնական առաջնորդները բեռնաւորած են մարդիկը. ի ներառեալ, զոր օրինակ, Շաբաթը պահելու շատ խիստ օրէնքը։ Ան քաղաքական հեղինակութիւններու իշխանութեան ճնշիչ բեռին տակ գտնուող եւ իրենց մեղքերուն պատճառաւ խղճահարութենէ տառապողներուն ալ ցոյց կու տայ հանգստանալու կերպը։ Ան այսպիսի տառապեալներուն կը յայտնէ թէ իրենց մեղքերը ի՛նչպէս կարելի է ներուիլ եւ թէ ի՛նչպէս կրնան Աստուծոյ հետ թանկագին յարաբերութիւն մը վայելել։

Յիսուսի մատուցած քաղցր լուծը Աստուծոյ կատարած մեր ամբողջական նուիրումն է. մեր կարեկից եւ ողորմած երկնային Հօրը ծառայելու կարելիութիւնը։ Իսկ բոլոր իրեն եկողներուն Յիսուսի մատուցած թեթեւ բեռը՝ կեանքի համար Աստուծոյ պահանջներուն հնազանդիլն է, որոնք Սուրբ Գրքին մէջ արձանագրուած իր պատուիրաններն են։ Իսկ անոնց հնազանդիլը բնաւ ծանր չէ։ Մատթէոս 11։16-30. Ղուկաս 1։15. 7։31-35. Ա. Յովհաննու 5։3

Յիսուսի սերունդին պատկանող հպարտ եւ յեղյեղուկ մարդիկը ի՞նչպէս տղոց կը նմանին։

Յիսուս ինչո՞ւ իր երկնաւոր Հայրը փառաբանելու կը մղուի։

Ի՞նչ կերպով մարդիկ բեռնաւորուած են, եւ Յիսուս հանգստանալու ի՞նչ կերպ կը մատուցանէ։