Ղազարոսի յարութիւնը
Գլուխ 91
Ղազարոսի յարութիւնը
ԱՅԺՄ, Յիսուս իրեն ընկերակցողներուն հետ Ղազարոսի գերեզմանը կը հասնի։ Իրականութեան մէջ, անիկա քարայր մըն է, որու մուտքին քար մը դրուած է։ «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը», կ’ըսէ Յիսուս։
Մարթա կ’առարկէ, չհասկնալով Յիսուսի մտադրութիւնը. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է», կ’ըսէ ան։
Սակայն Յիսուս կը հարցնէ. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։
Ուստի, քարը մէկդի կը վերցուի։ Ապա Յիսուս իր աչքերը բարձրացնելով կ’աղօթէ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ Յիսուս հանրապէս կ’աղօթէ, որպէսզի ժողովուրդը գիտնայ թէ ինչ որ ընելու վրայ է՝ Աստուծմէ ստացած զօրութեան միջոցաւ պիտի իրագործուի։ Ասիկա ըսելէն ետք, մեծ ձայնով կը կանչէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։
Ասոր վրայ, Ղազարոս դուրս կու գայ։ Ձեռքերն ու ոտքերը պատանքով կապուած եւ երեսը՝ վարշամակով ծածկուած։ «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ», կ’ըսէ Յիսուս։
Այս հրաշքը տեսնելով, Հրեաներէն շատեր որոնք Մարիամն ու Մարթան մխիթարելու եկած էին, Յիսուսի կը հաւատան։ Սակայն, ուրիշներ՝ Փարիսեցիներուն կ’երթան որ պատահածը պատմեն։ Անմիջապէս քահանայապետներուն հետ անոնք կը կարգադրեն որ հրէական բարձրագոյն ատեանը՝ Սենետրիոնը՝ հաւաքուի։
Սենետրիոնը կը բաղկանայ այն տարուան քահանայապետ՝ Կայիափայէն, ինչպէս նաեւ Փարիսեցիներէ ու Սադուկեցիներէ, քահանայապետներէ եւ նախկին բարձր քահանաներէ։ Ասոնք կ’ողբան ըսելով. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։
Թէեւ կրօնական առաջնորդները կ’ընդունին որ Յիսուս «շատ հրաշքներ» կը գործէ, սակայն իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնն է։ Մասնաւորաբար Ղազարոսի յարուցուիլը ուժգին հարուած մըն է Սադուկեցիներուն, քանի որ անոնք յարութեան չեն հաւատար։
Կայիափա, որ հաւանաբար Սադուկեցի մըն է, ձայնը բարձրացնելով կ’ըսէ. «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։
Աստուած թոյլատրեց որ Կայիափան այդպէս ըսէ, քանի որ հետագային Յովհաննէս առաքեալ այս ուղղութեամբ գրեց, ըսելով. «Բայց [Կայիափա] այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ»։ Ինչ որ Կայիափա իրապէս ըսել ուզեց այն էր, թէ Յիսուս պէտք էր մեռնէր, որպէսզի ա՛լ չկարենար իրենց դիրքը, հեղինակութիւնը եւ ազդեցութիւնը աւելի եւս նսեմացնել։ Սակայն, ըստ Յովհաննէսի, Կայիափա «մարգարէացաւ թէ Յիսուս ազգին համար պիտի մեռնէր. եւ ո՛չ միայն ազգին համար, հապա որպէս զի Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներն ալ մէկտեղ ժողվէ»։ Արդարեւ, Աստուծոյ նպատակն էր որ իր Որդին մեռնէր որպէս փրկանք՝ բոլորին համար։
Այժմ Կայիափա կը յաջողի Սենետրիոնին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել որպէսզի Յիսուսի սպանութիւնը ծրագրեն։ Սակայն, Յիսուս իմանալով այս ծրագրին մասին հաւանաբար Նիկոդէմոսէն, որ Սենետրիոնի անդամ է եւ Յիսուսի հետ բարեկամութիւն ունի, անկէ կը մեկնի։ Յովհաննու 11։38-54
▪ Յիսուս ինչո՞ւ հանրապէս կ’աղօթէ Ղազարոսը յարուցանելէ առաջ։
▪ Այս յարութիւնը տեսնողներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ կ’ըլլայ։
▪ Ի՞նչ բան կը յայտնէ Սենետրիոնի անդամներուն չարակամութիւնը։
▪ Կայիափայի միտումը ի՞նչ էր, սակայն Աստուած զինք գործածեց որ ի՞նչ մարգարէանայ։