Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճամբան պատրաստողին ծնունդը

Ճամբան պատրաստողին ծնունդը

Գլուխ 3

Ճամբան պատրաստողին ծնունդը

ԵՂԻՍԱԲԷԹ գրեթէ պատրաստ է ծննդաբերութեան։ Երեք ամիսէ ի վեր Մարիամ իր քովն է։ Սակայն այժմ ժամանակն է որ Մարիամ հրաժեշտ տայ եւ երկար ճամբորդութիւն մը կատարելով իր տունը՝ Նազարէթ՝ վերադառնայ։ Մօտաւորապէս վեց ամիսէն, ի՛նք ալ զաւակ մը պիտի ունենայ։

Մարիամի մեկնելէն քիչ ետք, Եղիսաբէթ ծնունդ կու տայ։ Ի՜նչ կ’ուրախանան, երբ ծննդաբերութիւնը յաջող կ’անցնի եւ Եղիսաբէթ ու մանուկը ողջ եւ առողջ են։ Երբ Եղիսաբէթ մանուկը իր դրացիներուն ցոյց կու տայ, բոլորն ալ կ’ուրախանան իրեն հետ։

Ըստ Աստուծոյ Օրէնքին, Իսրայէլի մէջ արու զաւակ մը իր ծնունդէն ութ օր ետք պէտք է թլփատուի։ Այս առիթով, բարեկամներ եւ ազգականներ այցելութեան կու գան։ Անոնք կը թելադրեն մանուկը իր հօրը անունով՝ Զաքարիա կոչել։ Սակայն Եղիսաբէթ ձայնը բարձրացնելով կ’ըսէ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։ Կը յիշէ՞ք. Գաբրիէլ ըսած էր որ այս անունով կոչէին մանուկը։

Իրենց բարեկամները կ’առարկեն, ըսելով. «Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի»։ Ապա ձեռքի նշաններով կը հարցնեն թէ հայրը ի՛նչպէս կ’ուզէ կոչել մանուկը։ Զաքարիա տախտակ մը կ’ուզէ եւ ի զարմանք բոլորին, կը գրէ. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։

Իսկոյն, Զաքարիայի լեզուն հրաշքով կը բացուի։ Վստահաբար կը յիշէք թէ ան իր խօսելու կարողութիւնը կորսնցուց, քանի որ չհաւատաց հրեշտակին, երբ ան ծանուցանեց որ Եղիսաբէթ զաւակ մը պիտի ունենար։ Արդ, երբ Զաքարիա կը խօսի, անոնց բոլորտիքը բնակող մարդիկը կը զարմանան եւ կ’ըսեն. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

Այժմ Զաքարիա սուրբ հոգիով կը լեցուի եւ ցնծագին կ’ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։ Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն»։ Այս «փրկութեան եղջիւր»ը, անշուշտ, Տէր Յիսուսն է, որ տակաւին ծնած չէ։ Զաքարիա կ’ըսէ որ անոր միջոցաւ, Աստուած պիտի շնորհէ մեզի որ «թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ»։

Ապա Զաքարիա իր որդւոյն՝ Յովհաննէսի, մասին մարգարէանալով կ’ըսէ. «Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու, անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը, մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝ խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։

Մինչ այդ, Մարիամ որ բացայայտօրէն տակաւին ամուսնացած չէ, Նազարէթ իր տունը կը հասնի։ Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ ամէն մարդ անդրադառնայ որ ան յղի է։ Ղուկաս 1։56-80. Ղեւտացւոց 12։2, 3

Յովհաննէս ո՞րքան մեծ է Յիսուսէն։

Երբ Յովհաննէս ութ օրուան է, ի՞նչ բաներ տեղի կ’ունենան։

Աստուած իր ուշադրութիւնը ի՞նչպէս իր ժողովուրդին կը դարձնէ։

Ըստ նախագուշակութեան, Յովհաննէս ի՞նչ գործ պիտի ընէ։