«Ճշմարիտ երկնաւոր հացը»
Գլուխ 54
«Ճշմարիտ երկնաւոր հացը»
ՆԱԽՈՐԴ օրը իրապէս դէպքերով լեցուն օր մըն էր։ Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց, յետոյ զինք թագաւոր ընել ուզող բազմութեան ձեռքէն փախաւ։ Այդ գիշեր, ան Գալիլիոյ փոթորկալից ծովուն վրայէն քալեց, Պետրոսը ընկղմելէն ազատեց՝ երբ ան ալեկոծ ջուրերուն վրայէն կը քալէր՝ նաեւ, իր աշակերտները նաւաբեկութենէ ազատելու համար, ալիքները հանդարտեցուց։
Այժմ, Գալիլիոյ Ծովուն հիւսիս–արեւելեան կողմը Յիսուսի կողմէ հրաշքով կերակրուած բազմութիւնը զինք կը գտնէ Կափառնայումի մօտ ու կը հարցնէ. «Ե՞րբ եկար դուն հոս»։ Զանոնք յանդիմանելով, Յիսուս կ’ըսէ՝ թէ ուրիշ ձրի կերակուր մը ունենալու համար զինք կը փնտռեն։ Զանոնք կը յորդորէ որ աշխատին ո՛չ թէ կորստական կերակուրի համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի համար կը մնայ։ Ուստի բազմութիւնը կը հարցնէ. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք»։
Յիսուս մեծագոյն արժէք ներկայացնող գործ մը կը յիշէ, ըսելով. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։
Սակայն, մարդիկը Յիսուսի չեն հաւատար, հակառակ իր կատարած բոլոր հրաշքներուն։ Իրապէս անհաւատալի է որ այդ բոլոր սքանչելի բաները ընելէ ետք, անոնք կը հարցնեն. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք. ի՞նչ կը գործես։ Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’»։
Նշանի համար անոնց պահանջին առ ի պատասխան, Յիսուս կը պարզէ այս հրաշալի հայթայթումներուն Աղբիւրը, ըսելով. «Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը։ Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։
«Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր», կ’ըսեն անոնք։
Յիսուս կ’ըսէ. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։ Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան»։
Ասոր վրայ, Հրեաները կը սկսին տրտնջալ Յիսուսի դէմ, քանի որ ան ըսաւ. «Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը»։ Անոնք Յիսուսը կը նկատեն լոկ մարդկային ծնողքի մը որդին եւ Նազարէթի ժողովուրդին նման կ’առարկեն, ըսելով. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։
«Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’»։
Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Ես եմ կենաց հացը։ Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։ Այո, Յիսուսի՝ Աստուծոյ կողմէ ղրկուածին՝ հաւատալով, մարդիկ կրնան յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ո՛չ մանանան, ոչ ալ ուրիշ որեւէ հաց, կրնայ ասիկա տալ անոնց։
Երկնաւոր հացին մասին խօսակցութիւնը երեւութապէս սկսուեցաւ Կափառնայումի մօտ, բազմութիւնը Յիսուսը գտնելէն քիչ ետք։ Սակայն, անիկա կը շարունակուի եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ Յիսուս Կափառնայումի ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։ Յովհաննու 6։25-51, 59. Սաղմոս 78։24. Եսայեայ 54։13. Մատթէոս 13։55-57
▪ Երկնաւոր հացին նկատմամբ Յիսուսի խօսակցութեան ի՞նչ դէպքեր կանխեցին։
▪ Յիսուսի տակաւին նոր կատարած հրաշքներուն ի տես, ինչո՞ւ նշան մը պահանջելը շատ անտեղի է։
▪ Հրեաները ինչո՞ւ կը տրտնջան երբ Յիսուս կ’ըսէ թէ ինքն է երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։
▪ Երկինքէն եկած հացին մասին խօսակցութիւնը ո՞ւր սկսաւ։