Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մատթէոսի հրաւէր կը տրուի

Մատթէոսի հրաւէր կը տրուի

Գլուխ 27

Մատթէոսի հրաւէր կը տրուի

ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾԸ բժշկելէն ետք, Յիսուս Կափառնայումը ձգելով կ’ուղղուի դէպի Գալիլիոյ Ծովը։ Դարձեալ շատ բազմութիւն կը հետեւի անոր եւ ան կը սկսի սորվեցնել անոնց։ Մինչ կը քալէ, ան կը տեսնէ Մատթէոսը՝ որ նաեւ Ղեւի կը կոչուի՝ որ մաքսատան մէջ նստած է։ Յիսուս զայն հրաւիրելով կ’ըսէ. «Ետեւէս եկուր»։

Հաւանաբար, Մատթէոս արդէն ծանօթ է Յիսուսի ուսուցումներուն՝ ինչպէս էին Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ երբ Յիսուսի կողմէ կը կանչուի։ Ճիշդ անոնց նման Մատթէոս ալ անմիջապէս կ’ընդառաջէ հրաւէրին։ Ան կ’ելլէ ու մաքսահաւաքի պատասխանատուութիւնները ետին ձգելով, Յիսուսի կը հետեւի։

Հետագային, թերեւս այս հրաւէրին ընդառաջած ըլլալուն առիթով, Մատթէոս ճաշկերոյթ մը կու տայ իր տան մէջ։ Յիսուսէն եւ իր աշակերտներէն զատ, Մատթէոսի նախկին պաշտօնակիցներն ալ հրաւիրուած են։ Այս մարդիկը ընդհանրապէս անարգուած են իրենց ընկեր Հրեաներէն, քանի որ անոնք մաքս կը հաւաքեն հռովմէական ատելի իշխանութիւններուն համար։ Մանաւանդ որ անոնք անպարկեշտ կերպով սովորական մաքսէն աւելի դրամ կը գանձեն ժողովուրդէն։

Յիսուսը այսպիսի մարդոց հետ տեսնելով, Փարիսեցիները կը հարցնեն անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ Լսելով հարցումը, Յիսուս կը պատասխանէ Փարիսեցիներուն. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։

Ակներեւաբար, Մատթէոս այս մաքսահաւաքները իր տունը հրաւիրած է որպէսզի Յիսուսի մտիկ ընեն եւ հոգեւորապէս բժշկուին։ Ուստի Յիսուս կ’ընկերակցի անոնց հետ, որպէսզի անոնք հոգեւոր լաւ յարաբերութիւն մը մշակեն Աստուծոյ հետ։ Յիսուս այսպիսիները չ’անարգեր, ինչպէս ինքնարդար Փարիսեցիները կ’ընեն, այլ, անոնց կարեկցելով, հոգեւոր բժիշկի մը նման կը վարուի անոնց հետ։

Ուստի, մեղաւորներուն հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած ողորմութիւնը անոնց մեղքերը չքմեղացնելու համար չէ, այլ, ֆիզիքապէս հիւանդի մը հանդէպ ցուցաբերուած նոյն գորովալից զգացումները կ’արտայայտէ։ Յիշեցէք, օրինակի համար, երբ ան գորովալից կերպով մօտեցաւ բորոտին եւ ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛»։ Թող որ մե՛նք ալ ողորմութիւն ցուցաբերենք, կարիք ունեցող մարդոց օգնելով, մասնաւորաբար՝ հոգեւոր գետնի վրայ։ Մատթէոս 8։3. 9։9-13. Մարկոս 2։13-17. Ղուկաս 5։27-32

Մատթէոս ո՞ւր կը գտնուի երբ Յիսուս կը տեսնէ զինք։

Մատթէոսի պաշտօնը ի՞նչ է, եւ այսպիսի մարդիկ ինչո՞ւ անարգուած են ուրիշ Հրեաներու կողմէ։

Յիսուսի դէմ ի՞նչ գանգատ կ’ըլլայ եւ ան ի՞նչ կը պատասխանէ։

Յիսուս ինչո՞ւ կ’ընկերակցի մեղաւորներու հետ։