Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մատնութիւն եւ ձերբակալութիւն

Մատնութիւն եւ ձերբակալութիւն

Գլուխ 118

Մատնութիւն եւ ձերբակալութիւն

ԿԷՍ գիշերը բաւական անց է, երբ Յուդա զինուորներէ, քահանայապետներէ, Փարիսեցիներէ եւ ուրիշներէ բաղկացած մեծ բազմութեան մը գլուխը անցած՝ Գեթսեմանի պարտէզը կը մտնէ։ Քահանաները համաձայնած են Յուդայի 30 կտոր արծաթ տալ Յիսուսը մատնելու համար։

Նախապէս, երբ Յուդա Պասեքի ընթրիքի ընթացքին մեկնած էր, ակներեւաբար ան ուղղակի քահանայապետներուն գացած էր։ Ասոնք անմիջապէս հաւաքած էին իրենց սպասաւորները, ինչպէս նաեւ՝ զինուորներու գունդ մը։ Յուդան թերեւս զիրենք նախ առաջնորդած էր ուր որ Յիսուս եւ իր առաքեալները Պասեքը տօնեցին։ Տեսնելով որ արդէն մեկնած են, մեծ բազմութիւնը ջահերով ու բիրերով Յուդայի հետեւած է, Երուսաղէմէն դուրս, Կեդրոն Հեղեղատին անդիի կողմը։

Մինչ Յուդա թափօրը Ձիթենեաց Լեռնէն վեր կ’առաջնորդէ, վստահ է թէ ուր կրնայ գտնել Յիսուսը։ Անցեալ շաբթուան ընթացքին, երբ Յիսուս եւ առաքեալները Բեթանիայի եւ Երուսաղէմի միջեւ կը ճամբորդէին, յաճախ Գեթսեմանի պարտէզը կանգ կ’առնէին հանգստանալու եւ խօսակցելու համար։ Սակայն այժմ, հաւանաբար Յիսուս ձիթենիի ծառերուն տակ մթութեան մէջ ծածկուած ըլլալով, զինուորները ի՞նչպէս պիտի կարենային զայն ճանչնալ։ Թերեւս երբեք չէին տեսած զինք։ Ուստի, Յուդա նշան մը կու տայ իրենց, ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։

Յուդան մեծ բազմութիւնը կ’առաջնորդէ պարտէզին մէջ, կը տեսնէ Յիսուսը իր առաքեալներուն հետ եւ ուղղակի անոր մօտենալով՝ «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», կ’ըսէ եւ քնքշօրէն կը համբուրէ զինք։

«Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն», կ’ըսէ Յիսուս հապճեպով։ Ապա իր անձնական հարցումին պատասխանելով, կ’ըսէ. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ»։ Սակայն իր մատնիչին համար ասիկա բաւարար է։ Յիսուս դէպի առաջ կու գայ վառող ջահերու եւ լապտերներու լոյսին տակ եւ հարց կու տայ, ըսելով. «Ո՞վ կը փնտռէք»։

«Նազովրեցի Յիսուսը», կ’ըլլայ պատասխանը։

«Ե՜ս եմ», կը պատասխանէ Յիսուս, ու բոլորին առջեւ խիզախօրէն կը կայնի։ Իր յանդգնութեան վրայ զարմացած՝ եւ չգիտնալով ի՛նչ ընել, մարդիկը ետ ետ երթալով, գետին կ’իյնան։

«Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան», կը շարունակէ Յիսուս հանդարտօրէն։ Պահ մը առաջ, վերնատան մէջ, Յիսուս իր Հօր աղօթելով ըսած էր որ իր հաւատարիմ առաքեալներէն մէ՛կն ալ չէր կորսնցուցած բացի այն «կորստեան որդի»էն։ Ուստի, որպէսզի իր խօսքը կատարուի, ան կը խնդրէ որ իր հետեւորդները արձակուին։

Երբ զինուորները իրենց հանդարտութիւնը կը վերագտնեն ու ոտքի ելլելով կը սկսին կապել Յիսուսը, առաքեալները կը հասկնան եղելութիւնը։ «Տէր, թուրով զարնե՞նք», կը հարցնեն անոնք։ Յիսուս պատասխան տալէն առաջ, Պետրոս, առաքեալներուն բերած թուրերէն մէկը քաշելով, կը յարձակի քահանայապետին ծառաներէն մէկուն՝ Մաղքոսի վրայ։ Պետրոսի հարուածը ծառային գլուխին չի դպչիր, սակայն կը կտրէ անոր աջ ականջը։

«Կը բաւէ», կ’ըսէ Յիսուս միջամտելով։ Մաղքոսի ականջին դպչելով, կը բժշկէ վէրքը։ Ապա ան շատ կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ, հրամայելով Պետրոսի. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։ Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ»։

Յիսուս կ’ուզէ ձերբակալուիլ, քանի որ կը բացատրէ. «Ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները»։ Ապա կ’աւելցնէ ըսելով. «Այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։ Ան կատարելապէս համաձայն է իր Հօրը կամքին հետ։

Ապա Յիսուս իր խօսքը բազմութեան ուղղելով կը հարցնէ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։

Այդ ժամանակ զինուորներու գունդը, գնդապետը եւ Հրեայ սպասաւորները կը բռնեն Յիսուսը ու կը կապեն զանիկա։ Զայս տեսնելով, առաքեալները կը թողուն զանիկա ու կը փախչին։ Սակայն, երիտասարդ մը, որ թերեւս Մարկոս աշակերտն է, կը մնայ բազմութեան հետ։ Կրնայ ըլլալ որ ան այն տան մէջ էր, ուր Յիսուս Պասեքը տօնեց, ապա հոնկէ բազմութեան հետեւեցաւ։ Այժմ սակայն, կը ճանչնան զինք, եւ կը փորձեն բռնել, սակայն իր վրայ առած կտաւը ետին ձգելով կը փախչի։ Մատթէոս 26։47-56. Մարկոս 14։43-52. Ղուկաս 22։47-53. Յովհաննու 17։12. 18։3-12

Յուդա ինչո՞ւ վստահ է որ Յիսուսը Գեթսեմանի պարտէզին մէջ պիտի գտնէ։

Յիսուս իր առաքեալներուն հանդէպ ի՞նչպէս հոգածութիւն ցոյց կու տայ։

Պետրոս Յիսուսը պաշտպանելու համար ի՞նչ կ’ընէ, սակայն Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ այդ ուղղութեամբ։

Յիսուս ի՞նչպէս կը յայտնէ թէ իր Հօրը կամքին հետ կատարելապէս համաձայն է։

Երբ առաքեալները կը լքեն Յիսուսը, ո՞վ կը մնայ եւ ի՛նչ կը պատահի իրեն։