Մարթային խրատ՝ եւ աղօթքի մասին հրահանգ
Գլուխ 74
Մարթային խրատ՝ եւ աղօթքի մասին հրահանգ
ՀՐԷԱՍՏԱՆԻ մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Բեթանիա գիւղը կը մտնէ։ Հոս է որ կը բնակին Մարթա, Մարիամ եւ իրենց եղբայրը՝ Ղազարոս։ Թերեւս Յիսուս նախապէս ծանօթացած էր անոնց իր ծառայութեան ընթացքին, եւ արդէն իսկ անոնց հետ մտերիմ բարեկամութիւն հաստատած է։ Ամենայնդէպս, Յիսուս Մարթային տունը կ’երթայ եւ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ։
Մարթա կը փափաքի լաւագոյն կերպով հիւրասիրել Յիսուսը։ Արդարեւ, մե՜ծ պատիւ մըն է խոստացեալ Մեսիային այցելութիւնը մէկու մը տան մէջ։ Ուստի, Մարթա կը սկսի փառաւոր ճաշ մը պատրաստել եւ ուրիշ բազմաթիւ մանրամասնութիւններու ուշադրութիւն ընծայել, որպէսզի Յիսուսի կեցութիւնը աւելի հաճելի եւ հանգստաւէտ ըլլայ։
Իսկ միւս կողմէ, Մարթայի քոյրը՝ Մարիամ, Յիսուսի ոտքերուն քով կը նստի եւ անոր մտիկ կ’ընէ։ Պահ մը ետք, Մարթա կը մօտենայ ու կ’ըսէ Յիսուսի. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ, ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։
Բայց Յիսուս կը մերժէ Մարիամի բան մը ըսել։ Ընդհակառակը, ան Մարթային խրատ կու տայ որ նիւթական բաներով չափազանց չմտահոգուի։ Յիսուս ազնուութեամբ կը յանդիմանէ զանիկա, ըսելով. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է»։ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ անհրաժեշտ չէ ճաշի մը համար շատ ժամանակ տրամադրել, բազմատեսակ ուտելիքներ պատրաստելով։ Միայն քանի մը, կամ նոյնիսկ մէկ տեսակ ուտելիք բաւարար է։
Մարթայի միտումը լաւ է. ան կ’ուզէ հիւրասէր հիւրընկալ մը ըլլալ։ Այսուհանդերձ՝ նիւթական հայթայթումներով չափազանց մտահոգուելով, Աստուծոյ Որդիէն անձնական ուսուցում ստանալու պատեհութիւնը կը կորսնցնէ։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։
Հետագային, ուրիշ առիթով մը, աշակերտ մը Յիսուսէն կը խնդրէ. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։ Հաւանաբար այս աշակերտը ներկայ չէր մէկուկէս տարի առաջ, երբ Յիսուս իր Լերան Քարոզին մէջ տիպար աղօթքը տուաւ։ Ուստի Յիսուս կը կրկնէ աղօթքի մասին իր հրահանգները եւ օրինակ մըն ալ կը գործածէ, աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը շեշտելու համար։
Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’»։
Այս բաղդատութեամբ, Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Եհովա Աստուած, այս պատմութեան բարեկամին նման, թախանձանքին չ’ընդառաջեր։ Ո՛չ. այլ օրինակ մը կու տայ որ եթէ չկամեցող բարեկամ մը յարատեւ խնդրանքներու կ’ընդառաջէ, որքա՜ն աւելի մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը պիտի ընդառաջէ մեր խնդրանքներուն։ Ուստի Յիսուս կը շարունակէ. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’»։
Ապա Յիսուս անկատար, մեղաւոր մարդկային հայրերուն ակնարկելով, կ’ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ Արդարեւ, աղօթքի մէջ յարատեւելու համար, Յիսուս ի՜նչ մղիչ քաջալերութիւն մը կու տայ։ Ղուկաս 10։38–11։13
▪ Մարթա ինչո՞ւ չափազանց պատրաստութիւն կը տեսնէ Յիսուսի համար։
▪ Մարիամ ի՞նչ կ’ընէ, եւ ինչո՞ւ Յիսուս զինք կը գովէ, փոխանակ Մարթան գովելու։
▪ Ի՞նչ բան կը մղէ Յիսուսը որ աղօթքի մասին իր հրահանգները կրկնէ։
▪ Յիսուս ի՞նչպէս աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը կը լուսաբանէ։