Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մղձաւանջ՝ պարտէզին մէջ

Մղձաւանջ՝ պարտէզին մէջ

Գլուխ 117

Մղձաւանջ՝ պարտէզին մէջ

ԵՐԲ Յիսուս իր աղօթքը կը վերջացնէ, իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ Եհովայի փառաբանութեան երգեր կ’երգէ։ Ապա անոնք վերնատունէն կ’իջնեն, եւ զով գիշերուան մթութեան մէջ՝ ետ Կեդրոն Հեղեղատէն կ’անցնին եւ դէպի Բեթանիա կ’ուղղուին։ Սակայն, ճամբուն վրայ, անոնք իրենց նախասիրած մէկ վայրին՝ Գեթսեմանի պարտէզին մէջ կանգ կ’առնեն, որ կը գտնուի Ձիթենեաց Լերան վրայ կամ անոր մօտերը։ Յիսուս յաճախ իր առաքեալներուն հետ հոս հաւաքուած է՝ ձիթենիներուն մէջ։

Առաքեալներէն ութն թողնելով թերեւս պարտէզին մուտքին՝ կը պատուիրէ անոնց. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ Ապա իր հետ կ’առնէ միւս երեքը՝ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը եւ աւելի կը խորանայ պարտէզին մէջ։ Յիսուս կը սկսի տրտմիլ ու վշտանալ։ «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է», կ’ըսէ անոնց։ «Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։

Քիչ մը առջեւ երթալով, Յիսուս իր երեսին վրայ գետին կ’իյնայ եւ կը սկսի աղօթել. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Ինչո՞ւ «մեռնելու չափ տրտում է» ան։ Արդեօք իր մեռնելու եւ փրկանք մը հայթայթելու որոշումէն ե՞տ կը քաշուի։

Բնաւ երբեք։ Յիսուս մահուընէ խնայուիլ չի թախանձեր։ Զոհաբերական մահուընէ խուսափելու գաղափարն իսկ զզուելի է իրեն, որ անգամ մը ներկայացուած էր իրեն Պետրոսի կողմէ։ Այլ՝ ան վշտացած է, քանի որ կը վախնայ որ իր մահուան կերպը՝ որպէս ատելի ոճրագործ մը, իր Հօր անուան նախատինք պիտի բերէ։ Այժմ ան կը զգայ թէ քանի մը ժամէն ցիցը պիտի հանուի որպէս վատագոյն անհատ մը՝ Աստուծոյ դէմ հայհոյիչ մը։ Ա՛յս է որ մեծ ցաւ կը պատճառէ իրեն։

Երկա՜ր աղօթքէ մը ետք, Յիսուս կը վերադառնայ եւ երեք առաքեալները քնացած կը գտնէ։ Պետրոսի ուղղելով իր խօսքը՝ ան կ’ըսէ. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Սակայն, գիտակցելով թէ անոնք մեծ ճնշումի տակ էին, եւ թէ ժամը շա՜տ յառաջացած է, Յիսուս կ’ըսէ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։

Ապա Յիսուս երկրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ եւ կը խնդրէ, որ Աստուած «այս գաւաթը», որ Եհովային կողմէ իրեն վերապահուած բաժինը կամ կամքն է՝ հեռացնէ իրմէ։ Երբ կը վերադառնայ, դարձեալ զանոնք քնացած կը գտնէ, փոխանակ արթուն մնալով աղօթելու որ փորձութեան մէջ չմտնեն։ Երբ Յիսուս կը խօսի իրենց, անոնք չեն գիտեր ի՛նչ պատասխանեն։

Վերջապէս, երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուս կը զատուի անոնցմէ քարընկէցի մը չափ, ու ծունկի վրայ գալով՝ սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք կ’ընէ, ըսելով. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր»։ Յիսուս սաստիկ ցաւ կը զգայ, քանի որ իր մահը որպէս ոճրագործ մը, իր Հօր անուան նախատինք պիտի բերէ։ Այո, որպէս հայհոյիչ՝ Աստուծոյ անիծող մը՝ դատապարտուիլը, անտանելի՜ է իրեն համար։

Այսուհանդերձ՝ Յիսուս կը շարունակէ աղօթել, ըսելով. «Բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քու կամքդ թող ըլլայ»։ Յիսուս հնազանդօրէն ինքզինք կ’ենթարկէ Աստուծոյ կամքին։ Ճիշդ այդ պահուն, երկնքէն հրեշտակ մը կ’երեւնայ եւ կը սկսի զօրացնել զինք քաջալերական խօսքերով։ Հաւանաբար հրեշտակը կ’ըսէ Յիսուսի թէ իր Հօր հաճութիւնը կը վայելէ։

Սակայն եւ այնպէս, Յիսուսի ուսերուն վրայ որքա՜ն ծանր բեռ մը կայ։ Իր եւ ամբողջ մարդկային ընտանիքին կեանքը կշիռքի մէջ է։ Զգացական ճնշումը շատ մեծ է։ Ուստի Յիսուս կը շարունակէ աղօթել աւելի ջերմեռանդօրէն, եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս գետին կ’իյնայ։ Տը Ճըրնըլ աֆ տը Ամէրիքըն Մետիքըլ Էսօսիէյշըն պարբերաթերթը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Թէեւ ասիկա հազուագիւտ երեւոյթ մըն է, սակայն արիւն–քրտինք . . . կը պատահի զգացական սաստիկ ճնշումներու պարագային»։

Անկէ յետոյ, Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կու գայ առաքեալներուն քով ու անգամ մը եւս զանոնք տրտմութենէն յոգնած՝ քնացած կը գտնէ։ «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ», կը բացագանչէ ան։

Տակաւին խօսքը բերանն է, Իսկարիովտացի Յուդան կը մօտենայ, մեծ բազմութեան մը հետ՝ սուրերով ու բիրերով։ Մատթէոս 26։30, 36-47. 16։21-23. Մարկոս 14։26, 32-43. Ղուկաս 22։39-47. Յովհաննու 18։1-3. Եբրայեցիս 5։7

Վերնատունը ձգելէն ետք, Յիսուս առաքեալները ո՞ւր կ’առաջնորդէ, եւ ի՞նչ կ’ընէ հոն։

Մինչ Յիսուս կ’աղօթէ, առաքեալները ի՞նչ կ’ընեն։

Յիսուս ինչո՞ւ մեծ վիշտի մէջ է, եւ ի՞նչ կը խնդրէ Աստուծմէ։

Յիսուսի քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ըլլալը ի՞նչ կը մատնանշէ։