Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մնասներուն առակը

Մնասներուն առակը

Գլուխ 100

Մնասներուն առակը

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ Յիսուս տակաւին Զաքէոսի տունն է, ուր կանգ առած էր դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ։ Իր աշակերտները կը խորհին թէ երբ Երուսաղէմ հասնին, ինքզինք պիտի յայտնէ որպէս Մեսիա եւ իր Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէ։ Այս գաղափարը սրբագրելու եւ ցոյց տալու համար թէ Թագաւորութիւնը տակաւին շատ հեռու է, Յիսուս առակ մը կու տայ։

«Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու եւ դառնալու», կը պատմէ ան։ «Ազնուական մարդ»ը Յիսուսն է եւ «հեռու երկիր»ը՝ երկինքը։ Երբ Յիսուս հոն հասնի, իր Հայրը իրեն թագաւորական զօրութիւն պիտի շնորհէ։

Սակայն, մեկնելէ առաջ, ազնուական մարդը իր տասը ծառաները կը կանչէ եւ իւրաքանչիւրին մնաս մը կու տայ, ըսելով. «Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ»։ Առաջին կատարման մէջ, տասը ծառաները կը պատկերացնեն Յիսուսի առաջին աշակերտները։ Իսկ աւելի մեծ կատարման մէջ, անոնք կը պատկերացնեն իրեն հետ երկնային Թագաւորութեան ժառանգորդներ ըլլալու հեռանկարը ունեցողները։

Արծաթէ մնասները բաւական մեծ դրամական արժէք ունին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երկրագործի մը երեք ամսուան աշխատավարձքին կը համապատասխանէ։ Սակայն մնասները ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Իսկ ծառաները ի՞նչպիսի գործ պէտք է դարձնեն անոնցմով։

Մնասները՝ ստացուածք մըն է զոր հոգիէն ծնած աշակերտները կրնային օգտագործել, երկնային Թագաւորութեան աւելի ժառանգորդներ բերելով, մինչեւ Յիսուս գար որպէս Թագաւոր, իր խոստացեալ Թագաւորութեամբ։ Իր յարութենէն եւ աշակերտներուն յայտնուելէն ետք, անոնց տուաւ այլաբանական մնասները, որպէսզի աւելի՛ աշակերտներ բերեն, եւ այսպէս՝ երկնքի Թագաւորութեան մէջ բաժին ունեցող դասակարգին թիւը աւելցնեն։

Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Անոր քաղաքացիները զանիկա [ազնուական մարդը] կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’»։ Քաղաքացիները Իսրայելացիներ կամ Հրեաներ են, ի բացառեալ իր աշակերտներէն։ Յիսուսի երկինք մեկնելէն ետք, այս Հրեաները իր աշակերտները հալածելով, գիտցուցին թէ անոնք չէին ուզեր որ ան իրենց Թագաւորը ըլլայ։ Այս կերպով, անոնք դեսպաններ ղրկող քաղաքացիներուն պէս կը վարուէին։

Այս տասը ծառաները ի՞նչպէս կը գործածեն իրենց մնասները։ Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ’։ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր’։ Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ’։ Եւ ըսաւ անոր. ‘Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր’»։

Տասը մնաս ունեցող ծառան՝ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն մինչեւ հիմա աշակերտներու դասակարգ մը՝ կամ խումբ մը, կը պատկերացնէ, որոնց մէջ նաեւ առաքեալները պարփակուած են։ Այն ծառան որ հինգ մնաս ստացաւ, ան ալ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ ապրող խումբ մը կը ներկայացնէ, որոնք իրենց պարագաներուն եւ կարողութիւններուն ներած չափով, թագաւորին ստացուածքը կը շատցնեն երկրի վրայ։ Երկու խումբերն ալ խանդավառութեամբ բարի լուրը կը քարոզեն եւ որպէս արդիւնք, շիտակ սրտի վիճակ ունեցող բազմաթիւ անհատներ Քրիստոնեաներ կ’ըլլան։ Ծառաներէն ինը հատը յաջող գործ կը դարձնեն եւ իրենց սեփական գումարը կ’աւելցնեն։

Յիսուս կը շարունակէ. «Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես’։ Անիկա ըսաւ անոր. ‘Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա’։ Հոն կայնողներուն ըսաւ. ‘Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի’»։

Չար ծառային համար, այլաբանական մնասին կորուստը՝ երկնային Թագաւորութեան մէջ իր տեղը կորսնցնել կը նշանակէ։ Արդարեւ, անիկա որպէս թէ տասը կամ հինգ քաղաքներու վրայ իշխելու առանձնաշնորհումը կը կորսնցնէ։ Նկատեցէք նաեւ, թէ ծառան չար կ’անուանուի ոչ թէ որովհետեւ չար է, այլ՝ քանի որ իր տիրոջ թագաւորութեան շահերը աւելցնելու համար չ’աշխատիր։

Երբ չար ծառային մնասը առաջին ծառային կը տրուի, ոմանք կ’առարկեն, ըսելով. «Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի»։ Սակայն, Յիսուս կը պատասխանէ. «Ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք»։ Ղուկաս 19։11-27. Մատթէոս 28։19, 20

Ի՞նչ բան կը մղէ որ Յիսուս մնասներու առակը տայ։

Ազնուական մարդը ո՞վ է, եւ իր գացած երկիրը ո՞ւր է։

Ծառաները որո՞նք են, եւ մնասները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

Քաղաքացիները որո՞նք են, եւ իրենց ատելութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցնեն։

Ինչո՞ւ ծառաներէն մէկը չար կը կոչուի, եւ իր մնասը կորսնցնելը ի՞նչ կը նշանակէ։