Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յայրոսի տունը ձգելով դարձեալ Նազարէթ կ’այցելէ

Յայրոսի տունը ձգելով դարձեալ Նազարէթ կ’այցելէ

Գլուխ 48

Յայրոսի տունը ձգելով դարձեալ Նազարէթ կ’այցելէ

ՅԻՍՈՒՍ բազմազբաղ օր մը ունեցած է. Դեկապոլիսէն ծովային ճամբորդութիւն մը, արիւնի տեռատեսութիւն ունեցող կնոջ մը բժշկութիւնը եւ Յայրոսին աղջկան յարութիւնը։ Սակայն տակաւին օրը չէ վերջացած։ Բացայայտօրէն, երբ Յիսուս Յայրոսի տունէն կը մեկնի, երկու կոյրեր իրեն կը հետեւին աղաղակելով. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի»։

Յիսուսը «Դաւիթի Որդի» կոչելով, այս մարդիկը հաւատք կ’արտայայտեն թէ Յիսուս Դաւիթի գահին ժառանգորդն է, հետեւաբար, թէ ան խոստացեալ Մեսիան է։ Սակայն, Յիսուս երեւութապէս կ’անտեսէ անոնց օգնութեան աղաղակը, թերեւս անոնց յարատեւութիւնը փորձելու համար։ Սակայն այս մարդիկը տեղի չեն տար։ Անոնք կը հետեւին Յիսուսի մինչեւ իր մնացած տեղը ու երբ տուն կը մտնէ, անոնք ալ իրեն հետ ներս կը մտնեն։

Հոն Յիսուս կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել»։

«Այո՛, Տէր», կը պատասխանեն անոնք վստահութեամբ։

Ուստի, անոնց աչքերուն դպչելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։ Յանկարծ, անոնք կը տեսնե՜ն։ Ապա Յիսուս խստօրէն կը պատուիրէ անոնց. «Զգոյշ կեցէք, մէ՛կը չիմանայ»։ Բայց ուրախութեամբ լեցուած ըլլալով, անոնք կ’անտեսեն Յիսուսի պատուէրը եւ այս մասին ամբողջ երկրին մէջ կը խօսին։

Այս մարդիկը հազիւ դուրս կ’ելլեն, ուրիշներ դիւահար մարդ մը ներս կը բերեն, որ դիւային ազդեցութեամբ համր եղած է։ Յիսուս դեւը դուրս կը հանէ եւ մարդը իսկոյն կը սկսի խօսիլ։ Ամբոխը կը սքանչանայ այս հրաշքներուն վրայ, ըսելով. «Իսրայէլի մէջ բնաւ այսպիսի բան տեսնուած չէր»։

Փարիսեցիներ ալ ներկայ են։ Անոնք չեն կրնար ուրանալ հրաշքները, սակայն իրենց ամբարիշտ անհաւատութեամբ, կը կրկնեն իրենց ամբաստանութիւնը Յիսուսի հզօր գործերուն աղբիւրին նկատմամբ, ըսելով. «Ատիկա դեւերուն իշխանութիւնովը դեւեր կը հանէ»։

Այդ դէպքերէն քիչ ետք, Յիսուս իր մեծցած քաղաքը՝ Նազարէթ՝ կը վերադառնայ, այս անգամ իր աշակերտներուն ընկերակցութեամբ։ Շուրջ տարի մը առաջ, ան ժողովարանը այցելած եւ հոն սորվեցուցած էր։ Թէեւ ժողովուրդը սկիզբը սքանչացած էր իր հաճելի խօսքերուն վրայ, սակայն իր ուսուցումէն գայթակղելով, փորձած էր զինք սպաննել։ Արդ, Յիսուս իր նախկին դրացիներուն օգնելու համար, ողորմածօրէն ուրիշ փորձ մը կը կատարէ։

Մինչ ուրիշ վայրերու մէջ մարդիկ Յիսուսի շուրջ կը խռնուին, երեւութապէս հոս այնպէս չեն ըներ։ Ուստի, Շաբաթ օրը, ան ժողովարան կ’երթայ որպէսզի սորվեցնէ։ Հոն զինք մտիկ ընողներէն շատեր կ’ապշին։ «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները», կը հարցնեն անոնք։ «Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա. ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն։ Ալ ինք ուրկէ՞ ունի այս ամէն բաները»։

‘Յիսուսը պարզապէս մեր գաւառացին է’, կը տրամաբանեն անոնք։ ‘Իր մեծնալը տեսանք եւ իր ընտանիքն ալ կը ճանչնանք։ Ան ի՞նչպէս կրնայ Մեսիան ըլլալ’։ Ուստի, հակառակ բոլոր ապացոյցներուն՝ իր մեծ իմաստութեան եւ հրաշքներուն՝ անոնք կը մերժեն զինք։ Քանի որ մօտէն կը ճանչնան զինք, նոյնիսկ իր մօտիկ ազգականները իր վրայով կը գայթակղին, պատճառ ըլլալով որ Յիսուս եզրակացնէ. «Մարգարէ մը անպատիւ չէ, բայց միայն իր գաւառին ու իր տանը մէջ»։

Արդարեւ, Յիսուս կը զարմանայ անոնց անհաւատութեանը վրայ։ Ուստի ան ո՛չ մէկ հրաշք կը գործէ հոն, միայն կարգ մը հիւանդներու վրայ ձեռք դնելով, զանոնք կը բուժէ։ Մատթէոս 9։27-34. 13։54-58. Մարկոս 6։1-6. Եսայեայ 9։7

Յիսուսը «Դաւիթի Որդի» կոչելով, կոյրերը ի՞նչ բանի վրայ հաւատք կ’արտայայտեն։

Փարիսեցիները Յիսուսի կատարած հրաշքները ի՞նչպէս կը բացատրեն։

Նազարէթի բնակիչներուն օգնելու համար հոն վերադառնալը ինչո՞ւ Յիսուսի կողմէ ողորմած արարք մըն է։

Յիսուս ի՞նչ ընդունելութիւն կը գտնէ Նազարէթի մէջ եւ ինչո՛ւ։