Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութեան յոյսը

Յարութեան յոյսը

Գլուխ 90

Յարութեան յոյսը

ՅԻՍՈՒՍ վերջապէս Բեթանիայի մօտակայքը կը հասնի, որ Երուսաղէմէն շուրջ քմ. հեռուն կը գտնուի։ Ղազարոսի մահուան ու թաղման քանի մը օր եղած է։ Անոր քոյրերը՝ Մարիամն ու Մարթան տակաւին կը սգան, եւ շատեր եկած են որ զանոնք մխիթարեն։

Մինչ կը սգան, Մարթայի կ’իմացնեն որ Յիսուս կու գայ։ Մարթա արտորնօք դուրս կ’ելլէ զանիկա դիմաւորելու, ակներեւաբար իր քրոջ առանց բան մը ըսելու։ Յիսուսի հասնելով, Մարթան կը կրկնէ ինչ որ շատ անգամ քրոջը հետ ըսած են անցեալ չորս օրերու ընթացքին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։

Սակայն, Մարթա յոյս կ’արտայայտէ անուղղակիօրէն հասկցնելով որ Յիսուս տակաւին բան մը կրնայ ընել իր եղբօր։ «Գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի», կ’ըսէ ան։

«Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ», կը խոստանայ Յիսուս։

Մարթա այնպէս կը հասկնայ թէ Յիսուս ապագայ երկրային յարութեան մասին կը խօսի, որու Աբրահամ եւ Աստուծոյ այլ ծառաներ ակնկալութեամբ սպասեցին։ Ուստի կ’ըսէ ան. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։

Սակայն Յիսուս անմիջական հանգստութեան յոյս մը ներշնչելով, կ’ըսէ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը»։ Ան Մարթային կը յիշեցնէ թէ Աստուած իրեն զօրութիւն տուած է մահուան վրայ, ըսելով. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի»։

Յիսուս Մարթային ըսել չ’ուզեր որ այն ատեն ողջ եղող հաւատարիմները բնաւ պիտի չմեռնին։ Ո՛չ, սակայն իր շեշտած կէտը այն է թէ իր վրայ հաւատք ի գործ դնելը յաւիտենական կեանքի կրնայ առաջնորդել։ Շատեր այսպիսի կեանք մը պիտի վայելեն վերջին օրը յարուցուելով։ Սակայն ուրիշներ, որոնք հաւատարիմ են, իրերու այս դրութեան վախճանէն պիտի վերապրին երկրի վրայ, եւ այսպիսիներուն համար Յիսուսի խօսքերը բառացիօրէն պիտի իրագործուին. անոնք բնաւ պիտի չմեռնին։ Այս յատկանշական խօսքէն ետք, Յիսուս Մարթային կը հարցնէ. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։

Մարթա կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։

Մարթա շտապ իր քոյրը կը կանչէ ու անոր առանձին կ’ըսէ. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ»։ Մարիամ իսկոյն տունէն դուրս կ’ելլէ։ Ուրիշներ զինք տեսնելով կը հետեւին իրեն, խորհելով թէ գերեզման կ’երթայ։

Յիսուսի գալով, Մարիամ լալով անոր ոտքերուն կ’իյնայ։ «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ», կ’ըսէ ան։ Յիսուս խորապէս կը յուզուի, երբ կը տեսնէ որ Մարիամ եւ անոր հետեւող ամբոխը կու լան։ «Ո՞ւր դրած էք զանիկա», կը հարցնէ ան։

«Տէ՛ր, եկուր ու տես», կը պատասխանեն անոնք։

Յիսուս ինքն ալ կու լայ, որու ի տես Հրեաները կ’ըսեն. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա»։

Ոմանք կը յիշեն որ Յիսուս քանի մը ամիս առաջ, Տաղաւարահարաց Տօնին, կոյր ծնած երիտասարդ մը բուժած էր, եւ հարց կու տան ըսելով. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր»։ Յովհաննու 5։21. 6։40. 9։1-7. 11։17-37

Յիսուս վերջապէս ե՞րբ Բեթանիա կը հասնի, եւ հոն ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ։

Մարթա յարութեան հաւատալու ի՞նչ հիմ ունի։

Յիսուս ի՞նչպէս կ’ազդուի Ղազարոսի մահով։