Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելեալ ուսուցում եօթներորդ օրը

Յաւելեալ ուսուցում եօթներորդ օրը

Գլուխ 68

Յաւելեալ ուսուցում եօթներորդ օրը

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ Տօնի վերջին եւ եօթներորդ օրը տակաւին կը շարունակուի։ Յիսուս կը սորվեցնէ տաճարին «գանձատուն» կոչուած մասին մէջ։ Ասիկա հաւանաբար Կիներու Գաւիթը կոչուած բաժնին մէջ է, ուր տուփեր կան, որոնց մէջ ժողովուրդը իրենց նուիրատուութիւնները կը ձգեն։

Տօնի ամբողջ տեւողութեան, ամէն գիշեր, տաճարի այս մասին մէջ մասնաւոր լուսաւորութեան ցուցադրութիւն մը տեղի կ’ունենայ։ Չորս հսկայ աշտանակներ կը դրուին հոն, իւրաքանչիւրը իւղ պարունակող չորս մեծ տաշտերով։ Այս 16 տաշտերէն վառող իւղի լոյսը բաւարար զօրաւոր է ամբողջ շրջակայքը մինչեւ հեռաւոր տեղեր գիշեր ատեն լուսաւորելու։ Այժմ ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ, կրնայ իր ունկնդիրներուն յիշեցնել այս տեսարանը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։

Փարիսեցիները կ’առարկեն. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։

Յիսուս պատասխանելով կ’ըսէ. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։

«Ո՞ւր է քու Հայրդ», կ’ուզեն գիտնալ Փարիսեցիները։

«Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Եթէ զիս ճանչնայիք իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։ Թէեւ Փարիսեցիները տակաւին կ’ուզեն ձերբակալել Յիսուսը, բայց ո՛չ մէկը կը համարձակի իրեն դպչիլ։

«Ես կ’երթամ», Յիսուս դարձեալ կ’ըսէ։ «Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։

Ասոր վրայ Հրեաները կը սկսին հարց տալ. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։

Յիսուս կը բացատրէ. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։

Անշուշտ, Յիսուս իր նախամարդկային գոյութեան եւ խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը ըլլալուն կ’ակնարկէ։ Այսուհանդերձ, անոնք կը հարցնեն՝ անկասկած անարգական ձեւով. «Դուն ո՞վ ես»։

Իրենց մերժումին դիմաց, Յիսուս կը պատասխանէ. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի»։ Բայց ան կը շարունակէ ըսել. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։ Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ։ Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։

Երբ Յիսուս այս բաները կ’ըսէ, շատեր կը հաւատան իրեն։ Ասոր վրայ ան կ’ըսէ անոնց. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։

«Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’», կ’ըսեն իր հակառակորդները։

Թէեւ Հրեաները յաճախ օտար իշխանութեան ներքեւ գտնուած են, բայց ոեւէ հարստահարիչ բնաւ չեն ընդունիր որպէս տէր։ Անոնք կը մերժեն ծառաներ կոչուիլ։ Բայց Յիսուս կը շեշտէ թէ անոնք արդարեւ ծառաներ են։ Ի՞նչ կերպով։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’»։

Չընդունելով մեղքի ծառաներ ըլլալ, Հրեաները իրենք զիրենք վտանգաւոր վիճակի մը մէջ կը դնեն։ Յիսուս կը բացատրէ. «Ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ»։ Քանի որ ծառան ժառանգութեան իրաւունք չունի, կրնայ որեւէ ատեն գործէ արձակուելու վտանգին մէջ գտնուիլ։ Միայն տան մէջ ծնած կամ որդեգրուած որդին «յաւիտեան» կը մնայ, այսինքն այնքան ատեն՝ որ կ’ապրի։

Յիսուս կը շարունակէ ըսելով. «Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք»։ Հետեւաբար, մարդիկը ազատագրող ճշմարտութիւնը՝ Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի, մասին ճշմարտութիւնն է։ Միայն իր կատարեալ մարդկային կեանքի զոհագործութեամբ է որ ոեւէ մէկը կրնայ մահաբեր մեղքէն ազատիլ։ Յովհաննու 8։12-36

Եօթներորդ օրը Յիսուս ո՞ւր կը սորվեցնէ։ Հոն գիշերը ի՞նչ կը պատահի, եւ ասիկա ի՞նչ յարակցութիւն ունի Յիսուսի ուսուցումին հետ։

Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ իր ծագումին մասին, եւ ասիկա ի՞նչ կը յայտնէ իր գոյութեան մասին։

Հրեաները ի՞նչ կերպով ծառաներ են, բայց ո՞ր ճշմարտութիւնը զիրենք պիտի ազատագրէ։