Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելեալ սրբագրիչ խրատներ

Յաւելեալ սրբագրիչ խրատներ

Գլուխ 63

Յաւելեալ սրբագրիչ խրատներ

ՄԻՆՉ Յիսուս եւ իր առաքեալները տակաւին Կափառնայումի տան մէջ են, իրենցմէ ո՛վ աւելի մեծ ըլլալու մասին առաքեալներու վիճաբանութենէն զատ, ուրիշ դէպքի մը մասին ալ կը խօսուի։ Հաւանաբար, այս դէպքն ալ Կափառնայում վերադարձի ճամբուն վրայ պատահած է, երբ Յիսուս անձամբ ներկայ չէր։ Յովհաննէս առաքեալ կը տեղեկագրէ. «Մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր, բայց մեր ետեւէն չի պտըտիր։ Զանիկա արգիլեցինք՝ մեր ետեւէն չպտըտելուն համար»։

Այնպէս կը թուի որ Յովհաննէս՝ առաքեալները կը նկատէ որպէս բացարձակ, տիտղոս ունեցող բուժիչներու խումբ մը։ Ուստի, կը խորհի որ այս մարդը անպատշաճօրէն հրաշքներ կը գործէր, քանի որ իրենց խումբին չէր պատկաներ։

Սակայն Յիսուս կը խրատէ, ըսելով. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է։ Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’»։

Անհրաժեշտ չէր որ այս մարդը ֆիզիքապէս Յիսուսի հետեւէր, իր կողմէն ըլլալը ցոյց տալու համար։ Տակաւին քրիստոնէական ժողովքը կազմուած չէր, ուստի իրենց խումբէն չըլլալը չէր նշանակեր որ ան տարբեր ժողովքի մը կը պատկանէր։ Այս մարդը իրապէս կը հաւատար Յիսուսի անուան եւ կը յաջողէր դեւեր հանել։ Ան բան մը կ’ընէր, որ ըստ Յիսուսի՝ վարձքի արժանի էր։ Յիսուս ցոյց կու տայ որ այսպէս ընելով, իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ։

Բա՜յց եթէ այս մարդը առաքեալներուն խօսքերէն եւ արարքներէն գայթակղէր. . .։ Ասիկա շատ լուրջ հարց մը պիտի ըլլար։ Յիսուս դիտել կու տայ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր»։

Յիսուս կ’ըսէ որ իր հետեւորդները իրենց կեանքէն պէտք է վերցնեն որեւէ բան որ զիրենք կը գայթակղեցնէ, նոյնիսկ երբ ան ձեռքի, ոտքի կամ աչքի չափ սիրելի է իրենց։ Աւելի լաւ է այս սիրելի բանէն զրկուիլ ու մտնել Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, քան թէ անոր կառչիլ ու ձգուիլ Գեհեանը (Երուսաղէմի մօտ այրող աղբանոց մը), որ կը խորհրդանշէ յաւիտենական կործանում։

Յիսուս նաեւ կ’ազդարարէ, ըսելով. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է»։ Ապա օրինակով մը ցոյց կու տայ այս ‘պզտիկներուն’ թանկարժէք ըլլալը, պատմելով մարդու մը մասին որ հարիւր ոչխար ունի, բայց մէկ ոչխարը կը կորսուի։ Մարդը 99 ոչխարը ձգելով այդ մէկ կորսուածը կը փնտռէ, իսկ երբ գտնէ՝ անոր վրայ աւելի կ’ուրախանայ, քան այն 99 հատին վրայ։ «Այսպէս ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի», կ’եզրակացնէ ան ։

Հաւանաբար առաքեալներուն իրարու հետ ունեցած վիճաբանութիւնը ի մտի ունենալով, Յիսուս կը յորդորէ. «Ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։ Անհամ ճաշերը աղով աւելի կը համովնան։ Այդպէս ալ այլաբանական աղը, անհատի մը խօսքերը աւելի դիւրութեամբ ընդունելի կը դարձնէ։ Այսպիսի աղ ունենալը, խաղաղութիւնը պահպանելու պիտի նպաստէ։

Սակայն մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, երբեմն լուրջ վիճաբանութիւններ պիտի ծագին։ Այս մասին ալ Յիսուս ուղեգծեր կու տայ, ըսելով. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի»։

Միայն որպէս վերջին քայլ, հարցը «եկեղեցիին», այսինքն ժողովքի պատասխանատու տեսուչներուն տարէք, կ’ըսէ Յիսուս, որոնք կրնան դատական որոշում մը առնել։ Եթէ մեղաւորը անոնց որոշումը չընդունի, այն ատեն «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի», կ’եզրափակէ Յիսուս։

Այսպիսի որոշում մը տալու համար, տեսուչները պէտք է սերտօրէն կառչին Եհովայի Խօսքին մէջ գտնուած հրահանգներուն։ Ուստի, երբ անհատ մը յանցաւոր եւ պատիժի արժանի նկատեն, դատաստանը ‘երկնքի մէջ արդէն կապուած պիտի ըլլայ’։ Իսկ ‘երկրի վրայ ինչ որ արձակեն’, այսինքն, երբ անհատը անմեղ գտնեն, անիկա ‘երկնքի մէջ արդէն արձակուած’ պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’ըսէ որ այսպիսի դատական որոշումներու համար, «ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ Մատթէոս 18։6-20. Մարկոս 9։37-50. Ղուկաս 9։49, 50

Յիսուսի օրերուն ինչո՞ւ իրեն ընկերակցիլը անհրաժեշտ չէր։

Պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնելը ո՞րքան լուրջ հարց մըն է, եւ Յիսուս այս պզտիկներուն կարեւոր ըլլալը ի՞նչպէս օրինակով մը ցոյց կու տայ։

Հաւանաբար ի՞նչ բանէ մղուած Յիսուս կը քաջալերէ իր առաքեալները որ իրենց անձին մէջ աղ ունենան։

Ի՞նչ է ‘կապելու’ եւ ‘արձակելու’ նշանակութիւնը։