Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիշատակատօնի ընթրիքը

Յիշատակատօնի ընթրիքը

Գլուխ 114

Յիշատակատօնի ընթրիքը

ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ոտքերը լուալէ ետք, Յիսուս Սաղմոս 41։9–էն կը մէջբերէ, ըսելով. «Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց»։ Ապա իր հոգիին մէջ խռովելով կ’ըսէ. «Ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։

Առաքեալները կը տրտմին ու իւրաքանչիւրը իր կարգին կ’ըսէ Յիսուսի. «Միթէ ե՞ս եմ»։ Նոյնիսկ Իսկարիովտացի Յուդան կը մասնակցի հարցումին։ Յովհաննէս, որ Յիսուսի կողքին ընկողմանած էր, անոր կուրծքին վրայ իյնալով կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։ Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։ Անկէ ետք Սատանան դարձեալ կը մտնէ Յուդայի ներսը, իր սրտին մէջ գտնուած դատարկութենէն օգտուելով, որ այժմ չար դարձած է։ Նոյն գիշերը աւելի ուշ, Յիսուս պատշաճօրէն Յուդան կը կոչէ «կորստեան որդի»։

Այժմ Յիսուս կ’ըսէ Յուդայի. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ Միւս առաքեալներէն ոչ մէկը կը հասկնայ Յիսուսին ըսածը։ Քանի որ գանձանակը Յուդայի քովն էր, ոմանք կը խորհին թէ Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է», եւ կամ՝ որպէսզի երթայ ու աղքատներուն բան մը տայ։

Յուդան դուրս ելլելէ ետք, Յիսուս բոլորովին նոր տօն մը, կամ յիշատակութիւն մը կը ներկայացնէ իր հաւատարիմ առաքեալներուն։ Ան հացը կ’առնէ, շնորհակալութեան աղօթք մը կ’ընէ, կը կտրէ զայն եւ անոնց կու տայ ըսելով. «Առէ՛ք, կերէ՛ք»։ Ան կը բացատրէ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։

Իւրաքանչիւրը հացէն ուտելէ ետք, Յիսուս գաւաթ մը գինի կ’առնէ, որ ակներեւաբար Պասեքի արարողութեան մէջ գործածուած չորրորդ գաւաթն է։ Ան դարձեալ շնորհակալութեան աղօթք մը կ’ընէ անոր վրայ եւ կը խնդրէ որ անկէ խմեն բոլորն ալ, ըսելով. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։

Ուստի, իրականութեան մէջ, ասիկա Յիսուսի մահուան յիշատակատօնն է։ Ամէն տարի Նիսան 14–ին պէտք է կրկնուի անիկա զինք յիշելու համար, ինչպէս կ’ըսէ Յիսուս։ Անիկա տօնակատարներուն միտքը պիտի բերէ, ինչ որ Յիսուս եւ իր երկնաւոր Հայրը ըրած են, մարդկութիւնը մահուան դատապարտութենէն ազատելու համար։ Քրիստոսի հետեւորդները եղող Հրեաներուն համար, այս տօնը Պասեքի տօնակատարութեան տեղը պիտի առնէր։

Նոր ուխտը, որ ի զօրու եղած է Յիսուսի թափուած արիւնով, կը փոխարինէ Օրէնքի հին ուխտը։ Յիսուս Քրիստոս երկու կողմերու միջեւ միջնորդութիւն կ’ընէ. մէկ կողմէն Եհովա Աստուած, իսկ միւս կողմէն՝ 144,000 հոգիէն-ծնած Քրիստոնեաները։ Մեղքերու թողութիւն շնորհելու կողքին, ուխտը կը թոյլատրէ որ թագաւոր-քահանաներու երկնային ազգ մը մէջտեղ գայ։ Մատթէոս 26։21-29. Մարկոս 14։18-25. Ղուկաս 22։19-23. Յովհաննու 13։18-30. 17։12. Ա. Կորնթացիս 5։7

Յիսուս ի՞նչ մարգարէութիւն կը մէջբերէ ընկերակիցի մը մասին, եւ զայն ի՞նչպէս կը կիրարկէ։

Առաքեալները ինչո՞ւ խորապէս կը տրտմին, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կը հարցնէ։

Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ Յուդային որ ընէ, սակայն միւս առաքեալները ի՞նչպէս կը բացատրեն այս հրահանգը։

Յուդան մեկնելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ տօնակատարութիւն կը ներկայացնէ, եւ անիկա ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։

Նոր ուխտին կողմերը որո՞նք են, եւ ուխտը ի՞նչ կ’իրագործէ։