Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսը սպաննելու յաւելեալ փորձեր

Յիսուսը սպաննելու յաւելեալ փորձեր

Գլուխ 81

Յիսուսը սպաննելու յաւելեալ փորձեր

ՔԱՆԻ որ եղանակը ձմեռ է, Յիսուս տաճարին կողքը գտնուող Սողոմոնի Սրահ կոչուած, պատսպարուած վայրին մէջ կը շրջագայի։ Հոս Հրեաները կը շրջապատեն զինք ու կը սկսին ըսել. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։

«Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք», կը պատասխանէ Յիսուս։ Ան ուղղակիօրէն անոնց չէր ըսած որ ինք Քրիստոսն էր, ինչպէս որ ըսած էր Սամարացի կնոջ՝ ջրհորին քով։ Սակայն իր ինքնութիւնը անոնց յայտնած էր, երբ բացատրած էր որ ինք վերէն էր, եւ թէ՝ Աբրահամէն առաջ էր։

Բայց Յիսուս կ’ուզէ որ մարդիկ իրե՛նք հասնին այն եզրակացութեան, թէ ինք Քրիստոսն է, իր գործերը բաղդատելով այն գործերուն հետ որ Աստուածաշունչը գուշակած էր, զորս Քրիստոս պիտի ընէր։ Անոր համար նախապէս իր աշակերտներուն պատուիրած էր, որ իր Քրիստոս ըլլալը մէկու մը չըսեն։ Ճիշդ ասոր համար է որ ան կը շարունակէ ըսել իրեն հակառակող Հրեաներուն. «Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար»։

Անոնք ինչո՞ւ չեն հաւատար։ Արդեօք, քանի որ Յիսուսի՝ Քրիստոս ըլլալուն մասին բաւարար ապացոյց չկա՞ր։ Ո՛չ, քանի որ Յիսուս պատճառը կու տայ, երբ անոնց կ’ըսէ. «[Դուք] իմ ոչխարներէս չէք։ . . . Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։ Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել»։

Ապա, Յիսուս կը նկարագրէ Հօրը հետ ունեցած իր սերտ յարաբերութիւնը, բացատրելով. «Ես ու Հայրը մէկ ենք»։ Քանի որ Յիսուս երկրի վրայ է, իսկ իր Հայրը՝ երկինքը, բացայայտ է որ ան ըսել չ’ուզեր որ ինք ու իր Հայրը բառացիօրէն կամ ֆիզիքապէս մէկ են։ Այլ՝ թէ իրենք նպատակով մէկ են, կամ իրարու հետ միաբան են։

Յիսուսի խօսքերէն բարկացած, Հրեաները քարեր կը վերցնեն որ զինք սպաննեն, ինչպէս Տաղաւարահարաց Տօնին ըրած էին։ Իր մահը փնտռողները խիզախօրէն դիմագրաւելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։

Անոնք կ’ըսեն. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։ Յիսուս բնաւ չէր դաւանած որ ինք աստուած մըն էր. արդ Հրեաները ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսեն։

Ակներեւաբար անոնք այդպէս կ’ըսեն, քանի որ Յիսուս ինքզինքին կը վերագրէ այնպիսի զօրութիւններ, որոնք ըստ իրենց, միայն Աստուծոյ կը պատկանին։ Օրինակի համար, ան տակաւին նոր ըսած էր «ոչխարներ»ուն մասին, «Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ», բան մը՝ որ ոչ մէկ մարդկային արարած կրնայ ընել։ Սակայն, Հրեաները կ’անտեսեն այն իրողութիւնը թէ Յիսուս կ’ընդունի որ իր Հօրմէն ստացած էր այդ հեղինակութիւնը։

Աստուծմէ ստորադաս ըլլալը դաւանելով, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Չէ՞ որ ձեր Օրէնքին մէջ [Սաղմոս 82։6] գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։ Եթէ աստուածներ կ’անուանէ զանոնք, որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ, (ու կարելի չէ որ այն գրուածը աւրուի,) հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար»։

Այո, երբ Աստուածաշունչը մարդկային անիրաւ դատաւորներ «աստուածներ» կը կոչէ, այդ Հրեաները ի՞նչ յանցանք կը գտնէին Յիսուսի խօսքերուն մէջ, երբ կ’ըսէր՝ «Աստուծոյ Որդի եմ»։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։ Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ»։

Երբ Յիսուս այս խօսքերը կ’ըսէ, Հրեաները կը փորձեն բռնել զինք։ Բայց, ինչպէս նախապէս Տաղաւարահարաց Տօնին ըրած էր, ան խոյս կու տայ։ Երուսաղէմէն կը մեկնի եւ կ’երթայ Յորդանան Գետի անդիի կողմը, ուր չորս տարի առաջ Յովհաննէս սկսած էր մկրտել։ Այս վայրը երեւութապէս Գալիլիոյ Ծովուն հարաւային ափէն հեռու չէ, Երուսաղէմէն գրեթէ երկու օրուան ճամբայ մը ըլլալով։

Շատեր հոն Յիսուսի կու գան եւ կը սկսին ըսել. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ, բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։ Ուստի, շատեր հոս Յիսուսի կը հաւատան։ Յովհաննու 10։22-42. 4։26. 8։23, 58. Մատթէոս 16։20

Յիսուս ի՞նչ կերպով կ’ուզէ որ մարդիկ ճանչնան զինք որպէս Քրիստոս։

Յիսուս եւ իր Հայրը ի՞նչպէս մէկ են։

Ակներեւաբար, Հրեաները ինչո՞ւ կ’ըսեն որ Յիսուս ինքզինք աստուած մը կ’ընէ։

Սաղմոսներէն մէջբերելով, Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ինք չի դաւանիր Աստուծոյ հաւասար ըլլալ։