Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի առաջին աշակերտները

Յիսուսի առաջին աշակերտները

Գլուխ 14

Յիսուսի առաջին աշակերտները

ԱՆԱՊԱՏԻՆ մէջ 40 օր մնալէ ետք, Յիսուս կը վերադառնայ Յովհաննէսի, որ զինք մկրտած էր։ Յովհաննէս անոր մօտենալը տեսնելով կը բացագանչէ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’»։ Թէեւ Յովհաննէս իր զարմիկէն՝ Յիսուսէ մեծ է, սակայն ան գիտէ թէ Յիսուս իրմէ առաջ գոյութիւն ունէր երկնքի մէջ, որպէս հոգեղէն անհատ մը։

Սակայն, տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Յիսուս մկրտուելու եկաւ, բացայայտօրէն Յովհաննէս վստահ չէր որ Յիսուս Մեսիան պիտի ըլլար։ «Ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի», կ’ընդունի Յովհաննէս։

Յովհաննէս կը շարունակէ բացատրել իր ունկնդիրներուն թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Յիսուսը մկրտեց. «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։

Հետեւեալ օրը Յովհաննէս իր երկու աշակերտներուն հետ է։ Դարձեալ տեսնելով Յիսուսի մօտենալը, ան կ’ըսէ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Ասոր վրայ, Յովհաննէս Մկրտիչի երկու աշակերտները Յիսուսի կը հետեւին։ Անոնցմէ մէկը Անդրէասն է, իսկ երկրորդը՝ շատ հաւանաբար այս պատմութիւնը արձանագրող Յովհաննէսը, ըստ կարգ մը մատնանշումներու, Մարիամի քրոջը՝ Սողովմէի որդին ըլլալով, Յիսուսի զարմիկը ըլլալու է։

Դառնալով եւ տեսնելով որ Անդրէաս եւ Յովհաննէս իր ետեւէն կու գան, Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։

«Ռա՛բբի, ո՞ւր է քու օթեւանդ», կը հարցնեն անոնք։

«Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք», կը պատասխանէ Յիսուս։

Կէսօրէ ետք ժամը չորսն է, եւ ամբողջ օրը Անդրէաս եւ Յովհաննէս Յիսուսի հետ կը մնան։ Անկէ ետք, Անդրէաս այնքան խանդավառուած է որ արտորնօք կ’երթայ եւ կը գտնէ իր եղբայրը, որու անունն է Պետրոս։ «Գտանք Մեսիան», կ’ըսէ անոր եւ Պետրոսը առնելով Յիսուսի կը բերէ։ Թերեւս Յովհաննէս նոյն միջոցին կը գտնէ իր եղբայրը՝ Յակոբոսը, եւ զայն Յիսուսի քով կը բերէ։ Սակայն, յատկանշականօրէն, Յովհաննէս այս տեղեկութիւնը չէ արձանագրած իր Աւետարանին մէջ։

Յաջորդ օր, Յիսուս կը գտնէ Փիլիպպոսը, որ Բեթսայիդայէն՝ Անդրէասի ու Պետրոսի քաղաքէն է, եւ զինք կը հրաւիրէ, ըսելով. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։

Ապա Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը, որ Բարթողիմէոս ալ կը կոչուի, եւ կ’ըսէ. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ Նաթանայէլ կը կասկածի ու կ’ըսէ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։

«Եկուր ու տես», կը քաջալերէ Փիլիպպոս։ Երբ անոնք Յիսուսի կը մօտենան, Յիսուս անոր համար կ’ըսէ. «Ահա իրաւցընէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։

«Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս», կը հարցնէ Նաթանայէլ։

«Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ», կը պատասխանէ Յիսուս։

Նաթանայէլ կ’ապշի։ «Ռա՛բբի, [որ կը նշանակէ Վարդապետ] դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը», կը պատասխանէ ան։

«Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս», կը հարցնէ Յիսուս. «Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։ Ապա կը խոստանայ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։

Ասկէ անմիջապէս ետք, Յիսուս իր նոր աշակերտներուն հետ կը ձգէ Յորդանանու Հովիտը եւ կը մեկնի Գալիլիա։ Յովհաննու 1։29-51

Յիսուսի առաջին աշակերտները որո՞նք են։

Պետրոս եւ թերեւս Յակոբոս ի՞նչպէս կը ներկայացուին Յիսուսի։

Ի՞նչ բան կը համոզէ Նաթանայէլը թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։