Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի երկրորդ հրաշքը կանայի մէջ

Յիսուսի երկրորդ հրաշքը կանայի մէջ

Գլուխ 20

Յիսուսի երկրորդ հրաշքը կանայի մէջ

ՀՐԷԱՍՏԱՆԻ մէջ քարոզչութեան ընդարձակ գործունէութենէ մը ետք, երբ Յիսուս իր բնակավայրը կը վերադառնայ, նպատակը հանգստանալ չէ։ Այլ, ան աւելի մեծ ծառայութեան մը կը ձեռնարկէ Գալիլիոյ մէջ, ուր ինք մեծցած էր։ Բայց իր աշակերտները փոխանակ իր հետ մնալու, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն ու իրենց նախքին զբաղումներուն։

Յիսուս ի՞նչ պատգամ կը սկսի քարոզել։ Հետեւեալը. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։ Իսկ Գալիլիացիները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։ Անոնք կ’ընդունին Յիսուսը եւ բոլորը կը պատուեն զինք։ Սակայն այս ընդառաջումը միմիայն իր պատգամին համար չէ, այլ՝ անոնցմէ շատեր ամիսներ առաջ, Պասեքի համար Երուսաղէմ էին եւ անոր կատարած հրաշալի արարքները տեսան։

Ակներեւաբար, Յիսուս Գալիլիոյ շրջանին մէջ իր մեծ ծառայութիւնը կը սկսի Կանայէն։ Կը յիշէք թերեւս որ նախապէս Հրէաստանէ վերադարձին, հոն էր որ ան հարսանեկան խնճոյքի մը առիթով, ջուրը գինիի վերածեց։ Իսկ այս անգամ, Հերովդէս Անթիպաս Թագաւորին պաշտօնեաներէն մէկուն զաւակը շատ հիւանդ է։ Լսելով որ Յիսուս Հրէաստանէն Կանա եկած է, այս պաշտօնեան ճամբայ կ’իյնայ իր տունէն՝ Կափառնայումէն, մինչեւ Կանա, զինք գտնելու համար։ Վշտահար՝ ան կը պաղատի, ըսելով. ‘Հաճի՜ս շուտով եկուր, զաւակս մեռնելէ առաջ’։

Յիսուս կը պատասխանէ. ‘Տուն վերադարձիր։ Տղադ բուժուած է’։ Հերովդէսի պաշտօնեան կը հաւատայ եւ կը ձեռնարկէ իր երկար ճամբորդութեան։ Ճամբան զինք կը դիմաւորեն իր ծառաները, որոնք արտորնօք կու գային ըսելու թէ տղան առողջացած է։ ‘Ե՞րբ սկսաւ աւելի լաւ ըլլալ’, կը հարցնէ ան։

‘Երէկ ժամը կ.ե. 1։00–ին’, կը պատասխանեն անոնք։

Պաշտօնեան կը յիշէ թէ ճիշդ ա՛յդ ժամուն է որ Յիսուս ըսաւ. ‘Տղադ բուժուած է’։ Անկէ ետք, այս մարդը եւ իր ամբողջ ընտանիքը Քրիստոսի աշակերտները կ’ըլլան։

Այս կերպով Կանա Յիսուսի հաճութեան կ’արժանանայ, ուր Հրէաստանէն իր վերադարձը յատկանշելով, ան երկու հրաշք կը գործէ։ Անշուշտ, մինչ այդ, Յիսուսի գործած միակ հրաշքները ասոնք չեն. բայց անոնք մասնաւորաբար յատկանշական են, քանի որ իր Գալիլիա վերադարձը կը նշեն։

Այժմ, Յիսուս կ’ուղղուի դէպի Նազարէթ՝ իր բնակավայրը։ Հոն ի՞նչ կը սպասէ իրեն։ Յովհաննու 4։43-54. Մարկոս 1։14, 15. Ղուկաս 4։14, 15

Երբ Յիսուս Գալիլիա կը վերադառնայ, աշակերտները ի՞նչ կ’ընեն եւ ժողովուրդը ի՞նչպէս կ’ընդունի զինք։

Յիսուս ի՞նչ հրաշք կը գործէ, եւ խնդրոյ առարկայ անհատները ի՞նչպէս կ’ազդուին անկէ։

Այս կերպով Կանան ի՞նչպէս Յիսուսի հաճութեան կ’արժանանայ։