Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի մանկութիւնը

Յիսուսի մանկութիւնը

Գլուխ 9

Յիսուսի մանկութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ՝ ուր Յիսուս կ’անցընէ իր մանկութիւնը, պզտիկ, աննշան քաղաք մըն է։ Անիկա կը գտնուի Յեզրայէլի գեղեցիկ ձորէն ոչ շատ հեռու, Գալիլիա կոչուած շրջանի բլրապատ գաւառի մը մէջ։

Երբ Յիսուս մօտաւորապէս երկու տարեկան կ’ըլլայ, իր ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ, զինք Եգիպտոսէն Նազարէթ կը բերեն։ Շատ հաւանաբար այն ատեն Յիսուս Մարիամի միակ զաւակն է։ Հետագային Յակոբոսը, Յովսէսը, Սիմոնը եւ Յուդան կը ծնին Յովսէփի եւ Մարիամի, ինչպէս նաեւ՝ աղջիկներ։ Վերջապէս Յիսուս առնուազն իրմէ պզտիկ վեց եղբայրներ եւ քոյրեր կ’ունենայ։

Յիսուս ուրիշ ազգականներ ալ ունի։ Արդէն կը ճանչնանք իր զարմիկը՝ Յովհաննէսը, որ իրմէ քիչ մը աւելի մեծ է, եւ որ Նազարէթէ քիլոմեթրներով հեռուն՝ Հրէաստանի մէջ կը բնակի։ Իսկ աւելի մօտիկը, Գալիլիոյ մէջ կայ Սողովմէն, որ շատ հաւանաբար Մարիամի քոյրն է։ Ան Զեբեդէոսի հետ ամուսնացած է, ուստի անոնց երկու տղաքը՝ Յովհաննէսն եւ Յակոբոսը, Յիսուսի զարմիկներն են։ Չենք գիտեր եթէ Յիսուս իր մանկութեան ատեն այս երկու տղոց հետ շատ ժամանակ կ’անցընէ թէ ոչ, սակայն գիտենք որ անոնք վերջը Յիսուսի մտերիմ բարեկամները կ’ըլլան։

Յովսէփ ծանր պէտք է աշխատի իր հետզհետէ մեծցող ընտանիքը կերակրելու համար։ Ան արհեստով հիւսն է։ Յիսուս կը մեծնայ որպէս Յովսէփի որդին, եւ այս պատճառաւ Յիսուս կը կոչուի «հիւսնին որդին»։ Յովսէփ իր արհեստը Յիսուսի կը սորվեցնէ, որ շատ լաւ աշկերտ մը կ’ըլլայ։ Անոր համար, հետագային, մարդիկ Յիսուսի կ’ակնարկեն որպէս՝ «հիւսնը»։

Յովսէփի ընտանեկան կեանքը Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքին շուրջ կերտուած է։ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, Յովսէփ եւ Մարիամ իրենց զաւակներուն հոգեւոր դաստիարակութիւն կու տան ‘թէ՛ տան մէջ նստած ատեն, թէ՛ ճամբայ քալած ատեն եւ թէ պառկելու ու ելլելու ատեն’։ Նազարէթի մէջ ժողովարան մը կայ, եւ անկասկած Յովսէփ իր ընտանիքը կանոնաւորաբար պաշտամունքի համար հոն կը տանի։ Սակայն, շատ հաւանաբար, անոնք իրենց մեծագոյն ուրախութիւնը կը գտնեն, երբ կանոնաւորաբար Երուսաղէմ՝ Եհովայի տաճարը կ’երթան։ Մատթէոս 13։55, 56. 27։56. Մարկոս 15։40. 6։3. Բ. Օրինաց 6։6-9

Յիսուս իրմէ պզտիկ առնուազն քանի՞ եղբայր եւ քոյր ունի, եւ անոնցմէ քանի մը հատին անունները ի՞նչ են։

Որո՞նք են Յիսուսի երեք հանրածանօթ զարմիկները։

Յիսուս ի՞նչ աշխարհային զբաղում ունէր, եւ ինչո՛ւ։

Յովսէփ իր ընտանիքին ի՞նչ կենսական ցուցմունքներ կը հայթայթէ։