Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի վերջին Պասեքը կը մօտենայ

Յիսուսի վերջին Պասեքը կը մօտենայ

Գլուխ 112

Յիսուսի վերջին Պասեքը կը մօտենայ

ՄԻՆՉ Երեքշաբթի, Նիսան 11–ը իր վախճանին կ’արտորայ, Յիսուս Ձիթենեաց Լերան վրայ առաքեալներուն սորվեցնելը կը վերջացնէ։ Ի՜նչ բազմազբաղ եւ բազմաշխատ օր մը կ’ունենայ։ Այժմ, թերեւս մինչ Բեթանիա կը վերադառնան գիշերը հոն անցընելու, իր առաքեալներուն կ’ըսէ. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։

Հաւանաբար, Յիսուս յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի՝ Նիսան 12–ը, հանդարտօրէն իր առաքեալներուն հետ կ’անցընէ։ Նախորդ օրը, ան կրօնական առաջնորդները հանրապէս յանդիմանած էր եւ գիտէ թէ անոնք կը ծրագրեն զինք սպաննել։ Ուստի, Չորեքշաբթի ան զգոյշ կ’ըլլայ, քանի որ չ’ուզեր որ որեւէ բան արգելք հանդիսանայ իր առաքեալներուն հետ յաջորդ իրիկուան Պասեքի տօնակատարութեան։

Այս միջոցին, քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը մէկտեղ հաւաքուած են Կայիափա քահանայապետին սրահը։ Յիսուսի նախորդ օրուան յարձակումէն սաստիկ վիրաւորուած՝ անոնք կը խորհին նենգութեամբ զինք բռնել ու մեռցնել։ Բայց կ’ըսեն. «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։ Անոնք ժողովուրդէն կը վախնան, քանի որ Յիսուս անոնց հաճութիւնը կը վայելէ։

Մինչ կրօնական առաջնորդները չարամտօրէն կը դաւադրեն Յիսուսը սպաննել, ահաւասիկ անակնկալ այցելու մը կ’ունենան։ Ի զարմանք բոլորին, Յիսուսի առաքեալներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Յուդան է, որուն մէջ Սատանան իր Տէրը մատնելու անարգ գաղափարը տեղաւորած է։ Որքա՜ն կը հրճուին, երբ Յուդա կը հարցնէ անոնց. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք ուրախութեամբ կը համաձայնին 30 սիկղ արծաթ տալ, որ ըստ Մովսիսական Օրէնքի ուխտին, գերիի մը գինն էր։ Անկէ յետոյ Յուդա պատեհութիւն մը կը փնտռէ որպէսզի Յիսուսը մատնէ անոնց, ամբոխին աչքերէն հեռու։

Նիսան 13–ը կը սկսի Չորեքշաբթի արեւնամուտէն ետք։ Ուրբաթ օրը Յիսուս Երիքովէն եկած է, ուստի ասիկա վեցերորդ եւ վերջին գիշերն է որ ան Բեթանիա կ’անցընէ։ Յաջորդ օրը, Հինգշաբթի՝ վերջին պատրաստութիւնները պէտք է ըլլան Պասեքի համար, որ արեւնամուտէն ետք կը սկսի։ Այսինքն, Պասեքի գառնուկը պէտք է մորթուի, ապա ամբողջութեամբ խորովուի։ Ո՞ւր պիտի ընեն այս տօնակատարութիւնը եւ ո՞վ պիտի ընէ պատրաստութիւնները։

Յիսուս այս մանրամասնութիւնները տուած չէ, թերեւս որպէսզի Յուդան չկարենայ քահանայապետներուն տեղեկացնել ու գալով խանգարեն Յիսուսը Պասեքի տօնակատարութեան ընթացքին։ Սակայն այժմ, հաւանաբար Հինգշաբթի յետմիջօրէի սկիզբը, Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը կը ղրկէ Բեթանիայէն, ըսելով. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէս զի ուտենք»։

«Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի զատիկը ուտես», կը հարցնեն անոնք։

«Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ Այն տանտիրոջ ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ՝ «Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել»’։ Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք», կ’ըսէ Յիսուս։

Անկասկած տանտէրը Յիսուսի աշակերտ մըն է, որ հաւանաբար կը նախատեսէ որ Յիսուս իր տունը գործածէ այս մասնաւոր առիթով։ Ամենայնդէպս, երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս Երուսաղէմ կը հասնին, ամէն բան կը գտնեն ճիշդ Յիսուսի ըսածին պէս։ Ուստի, երկուքը հոգ կը տանին, որպէսզի գառնուկը պատրաստուի եւ մնացեալ կարգադրութիւնները ըլլան, 13 տօնակատարներուն՝ Յիսուսի եւ իր 12 առաքեալներուն՝ բոլոր պէտքերուն հոգ տանելու համար։ Մատթէոս 26։1-5, 14-19. Մարկոս 14։1, 2, 10-16. Ղուկաս 22։1-13. Ելից 21։32

Ակներեւաբար Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ Չորեքշաբթի օրը եւ ինչո՛ւ։

Քահանայապետին տունը ի՞նչ ժողով կը գումարուի, եւ Յուդա ի՞նչ նպատակաւ կ’այցելէ կրօնական առաջնորդներուն։

Յիսուս որո՞նք Երուսաղէմ կը ղրկէ Հինգշաբթի օրը, եւ ի՞նչ նպատակաւ։

Այս ղրկուած աշակերտները ի՞նչ կը գտնեն, որ դարձեալ Յիսուսի հրաշագործ զօրութիւնները կը յայտնաբերէ։