Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի փորձութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք

Յիսուսի փորձութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք

Գլուխ 13

Յիսուսի փորձութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք

ԻՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵՆԷՆ անմիջապէս ետք, Յիսուս Աստուծոյ հոգիէն մղուած Հրէաստանի անապատը կ’առաջնորդուի։ Ան մտածելիք շատ բաներ ունի, քանի որ իր մկրտութեան ատեն «երկինքը բացուեցաւ», որպէսզի կարենար երկնային բաները հասկնալ։ Արդարեւ, շա՜տ բաներու մասին պէտք է խոկայ։

Յիսուս 40 ցերեկ ու 40 գիշեր անապատին մէջ կ’անցընէ առանց որեւէ բան ուտելու։ Ապա, երբ անօթութիւն կը զգայ, Բանսարկուն կը մօտենայ զինք փորձելու համար, ըսելով. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ Սակայն, Յիսուս գիտէ թէ սխալ պիտի ըլլար իր հրաշք ընելու զօրութիւնը գործածել իր անձնական փափաքները գոհացնելու համար։ Հետեւաբար, կը մերժէ փորձուիլ։

Բայց Սատանան չի յուսահատիր։ Ուրիշ մերձեցում մը կը փորձէ։ Ան հրաւէր կը կարդայ Յիսուսի որ ինքզինք տաճարի բարձր պատէն վար նետէ, որպէսզի Աստուծոյ հրեշտակները իրեն օգնութեան հասնին։ Սակայն Յիսուս չի փորձուիր այսպիսի հանդիսավայել արարք մը ընել։ Աստուածաշունչէն մէջբերելով, ան ցոյց կու տայ թէ սխալ է Աստուած փորձել այս կերպով։

Երրորդ փորձութեամբ, Բանսարկուն հրաշքով մը Յիսուսի ցոյց կու տայ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ կ’ըսէ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն [«երկրպագութեան արարք մը», ՆԱ] ընես»։ Դարձեալ Յիսուս սխալը ընելու փորձութեան դէմ կը դնէ, նախընտրելով հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ։

Յիսուսի այս փորձութիւններէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Անոնք ցոյց կու տան, զոր օրինակ, թէ Բանսարկուն պարզապէս չարութեան յատկութիւն մը չէ, ինչպէս ոմանք կը դաւանին, այլ՝ իրական եւ անտեսանելի անձնաւորութիւն մըն է։ Յիսուսի փորձութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ թէ աշխարհի բոլոր կառավարութիւնները Սատանայի սեփականութիւնն են։ Ապա թէ ոչ ի՞նչպէս Բանսարկուն զանոնք Յիսուսի պիտի մատուցանէր։

Մտածեցէք ասոր մասին. Բանսարկուն ըսաւ որ Յիսուսը պիտի վարձատրէր միայն պաշտամունքի մէկ արարքի փոխարէն, նոյնիսկ իրեն տալով աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները։ Բանսարկուն կրնայ նոյնանման կերպով մեզ ալ փորձել, թերեւս մեր դիմաց դնելով աշխարհային հարստութիւն, զօրութիւն կամ դիրք ձեռք ձգելու փորձիչ պատեհութիւններ։ Սակայն որքա՜ն իմաստուն եղած կ’ըլլանք, եթէ մենք ալ Յիսուսի նման շարունակենք Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ որեւէ փորձութեան դիմաց։ Մատթէոս 3։16. 4։1-11. Մարկոս 1։12, 13. Ղուկաս 4։1-13

Յիսուս հաւանաբար ի՞նչ բաներու մասին կը խոկայ անապատին մէջ գտնուած 40 օրերու ընթացքին։

Բանսարկուն ի՞նչպէս կը ջանայ փորձել Յիսուսը։

Յիսուսի փորձութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։