Յիսուս Երիքովի մէջ կը սորվեցնէ
Գլուխ 99
Յիսուս Երիքովի մէջ կը սորվեցնէ
ՅԻՍՈՒՍ եւ իր հետ եղող ամբոխը շուտով Երիքով կը հասնին, որ Երուսաղէմէն մէկ օրուան ճամբայ է։ Ակներեւաբար Երիքով երկեակ քաղաք մըն է. հին հրէական քաղաքը գրեթէ մէկուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի աւելի նոր՝ հռովմէական քաղաքէն։ Մինչ բազմութիւնը հին քաղաքէն անցնելով՝ նոր քաղաքին կը մօտենայ, երկու կոյր մուրացկաններ կը լսեն իրարանցումը։ Անոնցմէ մէկուն անունը Բարտիմէոս է։
Երբ կը լսեն թէ Յիսուս է անցնողը, Բարտիմէոս եւ իր ընկերակիցը կը սկսին աղաղակել, ըսելով. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ Երբ բազմութիւնը կը յանդիմանէ զանոնք որ լռեն, անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակեն ըսելով. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։
Աղմուկը լսելով, Յիսուս կանգ կ’առնէ։ Իր հետ եղող մարդոցմէ կը խնդրէ որ զանոնք իր քով կանչեն։ Ասոնք կոյր մուրացկաններուն կ’երթան ու անոնցմէ մէկուն կ’ըսեն. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ»։ Անսահման ուրախութեամբ, կոյրը իր հանդերձը մէկդի նետելով ոտքի կը ցատկէ եւ Յիսուսին կ’երթայ։
«Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ», կը հարցնէ Յիսուս։
«Տէ՛ր, աչքերնիս բաց», կ’աղաչեն երկու կոյր մարդիկը։
Խղճալով, Յիսուս կը դպչի անոնց աչքերուն։ Ըստ Մարկոսի տեղեկութեան, Յիսուս կ’ըսէ անոնցմէ մէկուն. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Անմիջապէս կոյր մուրացկաններուն աչքերը կը բացուին, եւ անկասկած երկուքն ալ կը սկսին Աստուած փառաբանել։ Ամբողջ ժողովուրդը երբ կը տեսնէ պատահածը, իրենք ալ Աստուծոյ փառք կու տան։ Անմիջապէս Բարտիմէոս եւ իր ընկերակիցը կը սկսին Յիսուսի հետեւիլ։
Մինչ Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնի, աւելի մեծ բազմութիւն մը կը հետեւի իրեն։ Ամէն մարդ կ’ուզէ տեսնել այն մարդը որ կոյր մարդոց աչքերը բացաւ։ Ժողովուրդը ամէն ուղղութեամբ կը խուժէ Յիսուսի վրայ, այնպէս որ շատեր չեն կրնար նոյնիսկ զայն նշմարել։ Անոնցմէ մէկն է Զաքէոս՝ Երիքովի եւ անոր շրջակայքի մաքսապետը։ Հասակով կարճ ըլլալուն պատճառաւ, չի կրնար տեսնել եղելութիւնը։
Զաքէոս վազելով Յիսուսի անցնելիք փողոցին մէջ ժանտաթզենիի մը վրայ կ’ելլէ։ Այս յարմար դիրքէն անիկա ամէն բան կրնայ լաւ կերպով տեսնել։ Երբ բազմութիւնը կը մօտենայ, Յիսուս վեր նայելով կը կանչէ. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։ Զաքէոս ուրախութեամբ վար կ’իջնէ, եւ արտորալով տուն կ’երթայ իր համբաւաւոր այցելուին համար պատրաստութիւններ տեսնելու։
Սակայն, երբ մարդիկ կը տեսնեն եղածը, կը սկսին տրտնջալ։ Անոնք յարմար չեն տեսներ որ Յիսուս այսպիսի մարդու մը հիւրը ըլլայ։ Զարմանալի չէ, քանի որ Զաքէոս մաքսահաւաք ըլլալով անպարկեշտօրէն մարդիկը հարստահարած էր։
Շատ մարդիկ անոր ետեւէն կ’երթան եւ երբ Յիսուս Զաքէոսի տունը կը մտնէ, կը սկսին գանգատիլ, ըսելով. «Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու»։ Սակայն Յիսուս Զաքէոսի մէջ զղջալու հնարաւորութիւնը կը տեսնէ։ Յիսուս յուսախաբ չ’ըլլար, քանի որ Զաքէոս ոտքի կանգնելով կը յայտարարէ. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։
Զաքէոս կը փաստէ թէ իր զղջումը ճշմարիտ է, իր ունեցածին կէսը աղքատներուն տալով եւ մնացած կէսը զրպարտեալներուն վճարելով։ Ակներեւաբար անիկա կրնայ իր հաշիւներէն գիտնալ թէ որքան պարտական է այս մարդոց։ Ուստի կը խոստանայ չորեքպատիկ հատուցանել, Աստուծոյ օրէնքը պահելով որ կ’ըսէ. ‘Եթէ մէկը ոչխար մը գողնայ, մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ’։
Իր ունեցածը բաշխելու կերպին մասին Զաքէոսի խոստումը հաճոյք կը պատճառէ Յիսուսի, քանի որ կ’ըսէ. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։
Յիսուս վերջերս «կորսուած»ին վիճակը լուսաբանած էր, անառակ որդիին պատմութեամբ։ Ահաւասիկ իրական օրինակ մը, որ կորսուած էր ու գտնուեցաւ։ Թէպէտեւ կրօնական առաջնորդները եւ անոնց հետեւորդները կը գանգատին եւ կը տրտնջան որ Յիսուս Զաքէոսի նման մարդոց ուշադրութիւն կ’ընծայէ, սակայն ան կը շարունակէ փնտռել եւ փրկել Աբրահամի կորսուած որդիները։ Մատթէոս 20։29-34. Մարկոս 10։46-52. Ղուկաս 18։35–19։10. Ելից 22։1
▪ Հաւանաբար, Յիսուս կոյր մուրացկաններուն ո՞ւր կը հանդիպի եւ ի՛նչ կ’ընէ անոնց։
▪ Ո՞վ է Զաքէոս եւ ինչո՛ւ ծառին վրայ կը բարձրանայ։
▪ Զաքէոս իր զղջումը ի՞նչպէս կը փաստէ։
▪ Ի՞նչ դաս կը սորվինք Զաքէոսին հետ Յիսուսի վարուելու կերպէն։