Յիսուս դարձեալ տաճարը կ’այցելէ
Գլուխ 103
Յիսուս դարձեալ տաճարը կ’այցելէ
ՅԻՍՈՒՍ եւ իր աշակերտները Երիքովէ վերադառնալէն ետք, երեք գիշեր է որ Բեթանիա կ’անցընեն։ Այժմ՝ Երկուշաբթի, Նիսան 10–ին, առաւօտուն կանուխ՝ Երուսաղէմ տանող ճամբան կը բռնեն։ Յիսուս կ’անօթենայ։ Տերեւներով լեցուն թզենի մը տեսնելով ճամբուն վրայ, ան ծառին կը մօտենայ տեսնելու համար թէ անոր վրայ թուզ կա՞յ։
Ծառը ժամանակէն առաջ տերեւներ արձակած է, քանի որ ընդհանրապէս թուզի եղանակը Յունիսէն առաջ չըլլար, եւ դեռ Մարտի վերջաւորութիւնն է։ Յիսուս ակներեւաբար կը խորհի, թէ քանի որ կանխահաս տերեւներ ունի, կանխահաս թուզ ալ պէտք է ունենայ։ Բայց յուսախաբ կ’ըլլայ։ Տերեւները ծառին խաբուսիկ երեւոյթ մը տուած են։ Այն ատեն Յիսուս կ’անիծէ ծառը, ըսելով. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Յիսուսի արարքին հետեւանքներն ու անոր նշանակութիւնը յաջորդ առաւօտ կը գիտցուին։
Շարունակելով իրենց ճամբան, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը հասնին։ Ան տաճար կ’երթայ, զոր նախորդ կէսօրէն ետք աչքէ անցուցած էր։ Սակայն այսօր, գործի կ’անցնի ճիշդ ինչպէս որ ըրած էր երեք տարի առաջ, երբ Հ.Դ. 30–ի Պասեքին եկած էր։ Յիսուս դուրս կը հանէ բոլոր անոնք որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղանները եւ աղաւնի ծախողներուն աթոռները կը շրջէ։ Նոյնիսկ չ’արտօներ, որ ոեւէ մէկը աման մը կրէ տաճարին մէջէն անցած ատեն։
Տաճարին մէջ ստակ փոխողները եւ անասուն ծախողները դատապարտելով, ան կ’ըսէ. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։ Անոնք աւազակներ են, քանի որ շատ բարձր գիներ կը պահանջեն անոնցմէ, որոնք ստիպուած են զոհի համար կենդանիներ գնելու։ Ուստի Յիսուս այս գործառնութիւնը շահագործութեան եւ աւազակութեան կերպ մը կը նկատէ։
Երբ քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին ծերերը կը լսեն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, դարձեալ զինք սպաննելու միջոց մը կը փնտռեն։ Այսպէս ընելով, անոնք կը փաստեն թէ անուղղելի են։ Սակայն չեն գիտեր թէ ի՛նչ կերպով կրնան Յիսուսը սպաննել, քանի որ ամբողջ ժողովուրդը իրեն կը յարէր զինք մտիկ ընելու համար։
Մարմնաւոր Հրեաներու կողքին, հեթանոսներ ալ եկած են Պասեքի։ Ասոնք նորադարձներ են, այսինքն՝ Հրեաներուն կրօնքը որդեգրած են։ Կարգ մը Յոյներ, ակներեւաբար նորադարձներ, այժմ կը մօտենան Փիլիպպոսի եւ անկէ կը խնդրեն Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպպոս Անդրէասի կ’երթայ թերեւս հարցնելու թէ այսպիսի հանդիպում մը պատշա՞ճ էր թէ ոչ։ Երեւութապէս Յիսուս տակաւին տաճարն է եւ Յոյները զինք կրնան տեսնել։
Յիսուս գիտէ թէ միայն քանի մը օր ունի ապրելու, ուստի գեղեցիկ կերպով կը պատկերացնէ կացութիւնը, ըսելով. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’»։
Ցորենի հատիկ մը շատ արժէք չունի։ Բայց ի՞նչ կը պատահի եթէ հողին մէջ դրուի եւ «մեռնի», որպէս հունտ։ Անիկա կը ծլի եւ հասկ տալով բազմաթիւ ցորենի հատիկներ կ’արտադրէ։ Նմանապէս, Յիսուս մէկ կատարեալ մարդ է։ Սակայն, եթէ Աստուծոյ հաւատարիմ մեռնի, իրեն նման անձնազոհութեան հոգին ցուցաբերող հաւատարիմ անհատներու յաւիտենական կեանք տալու միջոցը կը հանդիսանայ։ Ուստի Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա»։
Ակներեւաբար, Յիսուս միայն իր անձին մասին չի մտածեր, քանի որ կը շարունակէ ըսել. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։ Յիսուսի հետեւելուն ու իրեն ծառայելուն փոխարէն ի՜նչ սքանչելի վարձատրութիւն մը։ Հայրը պիտի պատուէ այսպիսի անհատ մը, անոր տալով Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ընկերակցելու պատիւը։
Իր վերահաս տառապանքին եւ տանջալի մահուան մասին մտածելով, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’»։ Եթէ միայն կարելի ըլլար անկէ խուսափիլ։ Սակայն այդ չէ պարագան, քանի որ կ’ըսէ. «Բայց ես եկայ այս ժամուան համար»։ Յիսուս Աստուծոյ ամբողջ կարգադրութեան հետ համաձայն է, մէջը ըլլալով իր զոհաբերական մահը։ Մատթէոս 21։12, 13, 18, 19. Մարկոս 11։12-18. Ղուկաս 19։45-48. Յովհաննու 12։20-27
▪ Ինչո՞ւ Յիսուս կ’ակնկալէ թուզ գտնել, երբ դեռ թուզի ժամանակը չէ։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ տաճարին մէջ ծախողները «աւազակներ» կը կոչէ։
▪ Ի՞նչ կերպով Յիսուս մեռնող ցորենի հատիկի մը կը նմանի։
▪ Ի՞նչ է Յիսուսի զգացումը իր վերահաս տառապանքին եւ մահուան շուրջ։